Միջազգային

Թուրքիա Սուրիոյ Դէմ Հարուածը Կը Նկատէ «Շատ Տեղին»

Թուրքիա Սուրիոյ Դէմ Հարուածը Կը Նկատէ «Շատ Տեղին»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնած է Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ կողմէ Սուրիոյ հրթիռային հարուածներ հասցնելու գործողութեան նկատմամբ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Սապահ» օրաթերթը: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Սուրիոյ դէմ հարուածը կոչած է «շատ տեղին» եւ նշած, որ Տումայի մէջ կատարուած քիմիական յարձակումէն ետք «այս զինուորական գործողութիւնը դարձած է ամբողջ մարդկութեան խղճի արտայայտութիւնը»: «Մենք մեր գոհունակութիւնը կը...

Ասատ Սուրիոյ Դէմ Յարձակումը Կը Նկատէ «Թշնամական Արարք»

Ասատ Սուրիոյ Դէմ Յարձակումը Կը Նկատէ «Թշնամական Արարք»

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Սուրիոյ դէմ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի հարուածները նկատեց «թշնամական արարք»: Այս մասին հաղորդեց Դամասկոս այցելող ռուսական խորհրդարանական պատուիրակութեան անդամներէն մէկը: Ասատ հարուածներէն ետք իր կատարած առաջին յայտարարութեան մէջ յայտնած է, որ անպատշաճ կը նկատէ մեկնաբանել Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան այն հաղորդագրութիւնը, թէ Սուրիոյ կոչ կ՛ուղղէ բացայայտելու իր քիմիական սպառազինութիւնը` ընդգծելով, որ Սուրիան Ռուսիոյ օժանդակութեամբ...

«Մենք Ո՛չ Միացեալ Նահանգներէն  Պիտի Հրաժարինք, Ո՛չ Ռուսիայէն Ու Իրանէն»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Մենք Ո՛չ Միացեալ Նահանգներէն Պիտի Հրաժարինք, Ո՛չ Ռուսիայէն Ու Իրանէն» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Թուրքիան չի պատրաստուիր հրաժարիլ Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցը ըլլալէն, սակայն, միեւնոյն ժամանակ պիտի չդադրեցնէ Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ համագործակցութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» կայքը: «Մենք դաշնակից երկիրներու զինուորներուն վրայ զէնք պիտի չբարձրացնենք... Ասատի վարչակարգը պաշտպանելը սխալ է, ահաբեկիչները պաշտպանելն ալ... Մենք ո՛չ Միացեալ Նահանգներէն պիտի հրաժարինք, ո՛չ ալ Ռուսիայէն...

«Օտար Ապահովական Մարմիններ Մեղսակից Են  Սուրիոյ Մէջ Քիմիական  Զէնքով Յարձակումի Թատրոնին»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Օտար Ապահովական Մարմիններ Մեղսակից Են Սուրիոյ Մէջ Քիմիական Զէնքով Յարձակումի Թատրոնին» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ յայտնեց. «Սուրիոյ առնչուող մթնոլորտը շատ մտահոգիչ է, եւ զգուշացումներն ու սպառնալիքները չեն նպաստեր երկխօսութեան»: «Օտար ապահովական մարմինները մեղսակից են Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի յարձակումի թատրոնին», ըսաւ Լաւրով` շեշտելով. «Մոսկուան հաստատ փաստեր ունի, որ Տումայի մէջ քիմիական զէնքով ենթադրեալ յարձակումը թատրոն էր»: «Քիմիական զէնքի տարածման կանխարգիլման խմբակը Տումայի մէջ քիմիական զէնքի յարձակումին վերաբերող ցուցանիշ...

Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Ռուսականը Փոխարինել  Իր Հակաօդային Համակարգերով

Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ Առաջարկած Է Ռուսականը Փոխարինել Իր Հակաօդային Համակարգերով

Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ առաջարկած է սպառազինութեան իր համակարգերը` իբրեւ ռուսական հակաօդային համալիրներու այլընտրանք: «Արմէնփրես»` վկայակոչելով «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն, կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիսը: Անոր խօսքով` ամերիկեան հրթիռային համակարգերու գնումը թրքական կողմին պիտի արտօնէ ստանալ ՕԹԱՆ-ի արժեչափերուն հետ համատեղելի համակարգեր: «Իսկ այժմ տեղի կ՛ունենայ այն, որ նոյն շրջան մուտք կը գործեն հակահրթիռային պաշտպանութեան անհամատեղելի...

Ազրպէյճանի Մէջ Ընտրական Խախտումներու Մասին  Արտայայտուած Դէտերը Կանչուած Են  Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն Եւ Ստացած Բողոք

Ազրպէյճանի Մէջ Ընտրական Խախտումներու Մասին Արտայայտուած Դէտերը Կանչուած Են Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն Եւ Ստացած Բողոք

Ազրպէյճանի մէջ 11 ապրիլին կայացած արտակարգ նախագահական ընտրութիւններուն տեղի ունեցած ընտրական խախտումներուն մասին արտայայտուած միջազգային դիտորդական առաքելութեան ներկայացուցիչները կանչուած են Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ ստացած բողոք: Այս մասին կը հաղորդէ ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը: «Մենք ապրիլ 11-ին կայացած նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքներուն վերաբերեալ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻ-ի, ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի եւ ԵԽԽՎ-ի դիտորդական առաքելութիւններու պատրաստած նախնական զեկուցումը արդար եւ առարկայական չենք համարեր», ըսած է...

Թուրքիա Տակաւին Չէ Կողմնորոշուած`  Սուրիոյ Դէմ Հնարաւոր Յարձակումին  Պիտի Աջակցի՞, Թէ Ոչ

Թուրքիա Տակաւին Չէ Կողմնորոշուած` Սուրիոյ Դէմ Հնարաւոր Յարձակումին Պիտի Աջակցի՞, Թէ Ոչ

Թուրքիան տակաւին չէ կողմնորոշուած, թէ արդեօք պիտի աջակցի՞ Միացեալ Նահանգներուն կողմէ Սուրիոյ դէմ հնարաւոր ռազմական գործողութեան, թէ ոչ: Թրքական «Տիքեն» կայքը կը հաղորդէ, որ երէկ այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ: Պատասխանելով լրագրողներէն մէկուն այն հարցումին, թէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Սուրիոյ դէմ հնարաւոր հրթիռային յարձակումին ժամանակ Թուրքիան պիտի աջակցի՞ այս գործողութեան, Աքսոյ ըսած է. «Տեսնենք,...

Հակադարձելով Թրամփի.  «Պարզապէս Տակաւին Բոլորը Չեն Հասած Իրաք  Ներխուժման Համար Շնորհակալութիւն  Յայտնելու Միացեալ Նահանգներուն»  Ըսաւ Զախարովա

Հակադարձելով Թրամփի. «Պարզապէս Տակաւին Բոլորը Չեն Հասած Իրաք Ներխուժման Համար Շնորհակալութիւն Յայտնելու Միացեալ Նահանգներուն» Ըսաւ Զախարովա

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա պատասխանած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Սուրիոյ վերաբերող նոր գրառումին: «Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանը կը փոխանցէ, թէ Զախարովան յատկապէս անդրադարձած է Թրամփի գրառման այն հատուածին, թէ իր իշխանութեան օրօք մեծ աշխատանք կատարուած է տարածաշրջանը ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումէն մաքրելու համար, եւ ցարդ Միացեալ Նահանգներուն շնորհակալութիւն չեն յայտնած ատոր համար: «Պարզապէս տակաւին բոլորը չեն...

Մաքրոն. «Սուրիական Վարչակարգին Կողմէ  Քիմիական Զէնքի Օգտագործման Փաստ Ունինք»

Մաքրոն. «Սուրիական Վարչակարգին Կողմէ Քիմիական Զէնքի Օգտագործման Փաստ Ունինք»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն «Թէ.Էֆ.1» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին խոստացաւ Սուրիան հարուածելու վերաբերեալ որոշում մը որդեգրել, «երբ ժամանակը գայ», ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ Փարիզ պիտի չարտօնէ, որ շրջանին մէջ «մագլցում» արձանագրուի: «Փաստ ունինք, որ անցեալ շաբաթ օգտագործուած են քիմիական զէնքեր, առնուազն քլոր, այդ ալ` Պաշշար Ասատի վարչակարգին կողմէ», ըսաւ Մաքրոն: Ֆրանսայի նախագահը յայտնեց, որ Սուրիան հարուածելու վերջնական որոշումը պիտի...

Սուրիոյ Բանակը Իր Վերահսկողութեան  Տակ Առաւ Արեւելեան Ղութան

Սուրիոյ Բանակը Իր Վերահսկողութեան Տակ Առաւ Արեւելեան Ղութան

Ռուսական բանակը հաղորդեց, որ Սուրիոյ բանակը իր վերահսկողութեան տակ առած է Դամասկոսի արուարձաններէն Արեւելեան Ղութան, որ մինչ այդ կը գտնուէր Ժէյշ Իսլամ զինեալ խմբաւորման տիրապետութեան տակ: Հմէյմիմի մէջ Սուրիական հաշտութեան ռուսական կեդրոնի ղեկավար գնդապետ-զօրավար Եուրի Եւթուշենքօ լրագրողներու յայտնեց. «Այսօր Սուրիական արաբական հանրապետութեան պատմութեան մէջ նշանակալից դէպք մը պատահեցաւ: Տումա քաղաքին մէջ շէնքի մը վրայ (Սուրիոյ) պետական դրօշի ծածանումը ցուցանիշը դարձաւ...

«Թրքական Բանակը Պիտի Շարունակէ Աֆրինի Մէջ  Մնալ Մինչեւ Որ Թուրքիոյ Սահմաններուն  Ուղղուած Վտանգը Ի Սպառ Չքանայ»  Կ՛ըսէ Ճանիքլի

«Թրքական Բանակը Պիտի Շարունակէ Աֆրինի Մէջ Մնալ Մինչեւ Որ Թուրքիոյ Սահմաններուն Ուղղուած Վտանգը Ի Սպառ Չքանայ» Կ՛ըսէ Ճանիքլի

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Նուրեթթին Ճանիքլի, պատասխանելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովին, յայտարարած է, թէ թրքական զինեալ ուժերը պիտի շարունակեն մնալ Աֆրինի մէջ, մինչեւ որ Թուրքիոյ սահմաններուն ուղղուած վտանգը ի սպառ չքանայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք»: Յիշեցնենք, որ Լաւրով յայտարարած էր, որ Թուրքիան պէտք է սուրիական բանակին յանձնէ Աֆրինը: «Աֆրինի մէջ ահաբեկչական վտանգը տակաւին գոյ է, եւ մեր գործողութիւնները...

ԵԱՀԿ Կը Մատնանշէ «Լայնածաւալ Խախտումներ»-ը.  Ալիեւ Ազրպէյճանի Նախագահ` 4-րդ Անգամն Ըլլալով

ԵԱՀԿ Կը Մատնանշէ «Լայնածաւալ Խախտումներ»-ը. Ալիեւ Ազրպէյճանի Նախագահ` 4-րդ Անգամն Ըլլալով

Ազրպէյճանի արտակարգ նախագահական ընտրութեան ընթացքին նախատեսուածին համաձայն, ձայներու մեծամասնութեամբ յաղթանակ արձանագրած է գործող նախագահ, Ենի Ազերպայճան կուսակցութեան թեկնածու Իլհամ Ալիեւ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»` վկայակոչելով ազրպէյճանական պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը: Ալիեւ ապահոված է քուէներու 86 առ հարիւրը, երկրորդ դիրքը գրաւած է անկախ թեկնածու Զահիտ Օրուճ, որ հաւաքած է քուէներուն ընդամէնը 3,11 առ հարիւրը: Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի տուեալներուն համաձայն, ընտրութիւններուն...

Յոյն Զինուորները Կրակ Բացած Են  Յունական Կղզիին Վերեւ Թռիչք  Կատարող Ուղղաթիռին Վրայ

Յոյն Զինուորները Կրակ Բացած Են Յունական Կղզիին Վերեւ Թռիչք Կատարող Ուղղաթիռին Վրայ

Յոյն զինուորները օդ արձակած են նախազգուշական կրակոցներ,  երբ Յունաստանի Տոտեքանես արշիպեղագոսի Քասթելորիզօ կղզիի մօտ գտնուող Ռօ կղզեակի տարածքին նկատուած է թրքական օդուժին պատկանող ուղղաթիռ, որ ցած բարձրութեան վրայ թռիչք կատարած է յունական կղզիի վերեւ: Այս մասին կը հաղորդէ յունական «Քաթիմերինի» օրաթերթը: Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատած է, որ նկատուած ուղղաթիռը պատկանած է Թուրքիոյ բանակին: Ուղղաթիռի օդաչուները մարած են լուսարձակները, որուն իբրեւ...

Իրան. «Իսրայէլ Հաշիւ Պիտի Տայ Սուրիական  Ռազմակայանին Հասցուցած Հարուածին Համար»

Իրան. «Իսրայէլ Հաշիւ Պիտի Տայ Սուրիական Ռազմակայանին Հասցուցած Հարուածին Համար»

Իսրայէլ ստիպուած պիտի ըլլայ հաշիւ տալու սուրիական ռազմակայանին հասցուած օդային հարուածին համար: «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի փոխանցմամբ` այս մասին յայտարարած է Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի միջազգային հարցերու խորհրդական Ալի Աքպար Վելայաթին: Յիշեցնենք, որ երկուշաբթի գիշեր իսրայէլեան օդուժը հրթիռակոծած էր Հոմսի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Թայֆուր զինուորական օդակայանը: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած էր, թէ յարձակումը գործած են երկու «Էֆ-15»-ներ: Օդակայանին...

Տենդագին Պատրաստութիւններ`  Սուրիոյ Դէմ  Արեւմտեան Զինուորական  Հաւանական Գործողութիւններու

Տենդագին Պատրաստութիւններ` Սուրիոյ Դէմ Արեւմտեան Զինուորական Հաւանական Գործողութիւններու

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ընկերային ցանցերուն վրայ յայտարարութիւն մը կատարելով զգուշացուց Ռուսիան` ըսելով. «Ռուսիան կը խոստանայ վնասազերծել այն հրթիռները, որոնք պիտի արձակուին Սուրիոյ ուղղութեամբ, իսկ ես կ՛ըսեմ, պատրաստուեցէ՛ք, որովհետեւ հրթիռները պիտի գան եւ պիտի ըլլան գեղեցիկ ու խելացի»: «Ռուսիան պէտք չէ իր ժողովուրդը սպաննող եւ ատկէ հաճոյք առնող անասունի մը գործընկերը ըլլայ», աւելցուց Թրամփ: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, հակադարձելով...

«Թուրքիան Մտադիր Չէ Հրաժարիլ Ռուսիայէն  Զէնք Ձեռք Բերելու Գաղափարէն` Հակառակ  Միացեալ Նահանգներու  Հակառուսական Քաղաքականութեան»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Թուրքիան Մտադիր Չէ Հրաժարիլ Ռուսիայէն Զէնք Ձեռք Բերելու Գաղափարէն` Հակառակ Միացեալ Նահանգներու Հակառուսական Քաղաքականութեան» Կ՛ըսէ Էրտողան

  Թուրքիան մտադիր չէ հրաժարիլ Ռուսիայէն «Էս-400 Թրիամֆ» տեսակի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր ձեռք բերելու գաղափարէն: Այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան` Անգարայի մէջ տնտեսական համախմբումի ընթացքին խօսք արտասանելու ընթացքին: «Առ.Թի.» կայքը կը հաղորդէ, որ Էրտողան այդ յայտարարութիւնը կատարած է` Միացեալ Նահանգներու կողմէ Մոսկուայի դէմ հաստատուած նոր պատժամիջոցներու լոյսին տակ: Էրտողան նաեւ նշած է, որ անվտանգութեան հարցին մէջ...

Մոսկուա Կը Յուսայ, Որ Հարցերը Սուրիոյ Մէջ  Ուաշինկթընի Հետ Ուղղակի Բախումի Չեն Հասնիր

Մոսկուա Կը Յուսայ, Որ Հարցերը Սուրիոյ Մէջ Ուաշինկթընի Հետ Ուղղակի Բախումի Չեն Հասնիր

Սպիտակ տունը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երկուշաբթի գիշեր հանդիպում ունեցած է ամերիկեան բանակի բարձրաստիճան հրամանատարներուն հետ` քննարկելու համար «ամերիկեան շահերը պաշտպանելու քայլերը»: Ան վերահաստատած է Քոնկրեսի հետ պաշտպանութեան պիւտճէին շուրջ իր գոյացուցած համաձայնութեան ճամբով զինեալ ուժերը վերականգնելու իր խոստումը: Կը սպասուէր, որ հանդիպումի ընթացքին Սուրիոյ դէմ զինուորական գործողութեան մը որոշումը որդեգրուի, մանաւանդ որ Թրամփ խոստացած էր երկուշաբթի...

Էրտողան. «Մենք Կը Ճշդենք, Թէ Ե՛րբ  Եւ Որո՛ւ Պիտի Յանձնենք  Աֆրինը Եւ Ոչ Թէ Լաւրովը»

Էրտողան. «Մենք Կը Ճշդենք, Թէ Ե՛րբ Եւ Որո՛ւ Պիտի Յանձնենք Աֆրինը Եւ Ոչ Թէ Լաւրովը»

Թուրքիոյ փոխվարչապետ, կառավարութեան բանբեր Պեքիր Պոզտաղ յայտարարած է, թէ թրքական զինեալ ուժերը պիտի լքեն Աֆրինը, երբ Սուրիոյ տագնապը գտնէ իր քաղաքական լուծումը: Ըստ անոր, իրենք «Աֆրինը ազատագրած են ահաբեկիչներէն» եւ կը պատրաստուին անոր կառավարումը յանձնելու տեղւոյն բնակչութեան: Այս մասին կը գրէ թրքական «Սապահ» օրաթերթը: «Մենք Աֆրին չենք եկած իբրեւ բռնագրաւողներ, եւ չենք պատրաստուիր այդտեղ մնալու, որովհետեւ կը յարգենք Սուրիոյ տարածքային...

Ակնարկելով Ֆրանսայի Նախագահին`  «Ձեր Ճամբան Դժոխքն Է»  Կ՛ըսէ Էրտողան

Ակնարկելով Ֆրանսայի Նախագահին` «Ձեր Ճամբան Դժոխքն Է» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, թէ Սուրիոյ հիւսիսը գործող քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու զինեալներուն կողմէ ստորգետնեայ զինուորական գաղտնի փապուղիներու փորման աշխատանքներու ընթացքին օգտագործուած է ճարտարագիտութիւնը ֆրանսական «Լաֆարժ» ընկերութեան, որ գործարան ունի նաեւ քիւրտ զինեալներու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» կայքը: «Այս երկիրները այլեւս որեւէ իրաւունք չունին բողոքելու ահաբեկչութեան դէմ, որովհետեւ ահաբեկչութեան համաճարակը...

Կիւլենականներու Դէմ Գործողութիւնները  Թուրք-Քոսովեան  Լարուածութեան Պատճառ Դարձած Են

Կիւլենականներու Դէմ Գործողութիւնները Թուրք-Քոսովեան Լարուածութեան Պատճառ Դարձած Են

Քոսովոյի մէջ կիւլենականներու կրօնական համայնքի ներկայացուցիչներու դէմ ուղղուած ոստիկանական գործողութիւններն ու երկրի վարչապետին` ատոր ի պատասխան տուած կարծր արձագանգը լարուածութիւն յառաջացուցած են Թուրքիոյ եւ Քոսովոյի յարաբերութիւններուն մէջ: Թրքական «Ենի Աքըթ» օրաթերթը կը գրէ, թէ Թուրքիոյ մէջ 15 յուլիս 2016-ին տեղի ունեցած յեղաշրջման փորձի կազմակերպման համար մեղադրուող թուրք կրօնական քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի «Հիզմեթ» խմբաւորման քանի մը քոսովաբնակ անդամներու դէմ վերջերս յատուկ...

Page 621 of 883 1 … 620 621 622 … 883

Արխիւներ