Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տենդագին Պատրաստութիւններ` Սուրիոյ Դէմ Արեւմտեան Զինուորական Հաւանական Գործողութիւններու

Ապրիլ 12, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ընկերային ցանցերուն վրայ յայտարարութիւն մը կատարելով զգուշացուց Ռուսիան` ըսելով. «Ռուսիան կը խոստանայ վնասազերծել այն հրթիռները, որոնք պիտի արձակուին Սուրիոյ ուղղութեամբ, իսկ ես կ՛ըսեմ, պատրաստուեցէ՛ք, որովհետեւ հրթիռները պիտի գան եւ պիտի ըլլան գեղեցիկ ու խելացի»:

«Ռուսիան պէտք չէ իր ժողովուրդը սպաննող եւ ատկէ հաճոյք առնող անասունի մը գործընկերը ըլլայ», աւելցուց Թրամփ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, հակադարձելով Թրամփի յայտարարութեան, յայտնեց. «Խելացի հրթիռները պէտք է ուղղուին ահաբեկիչներուն դէմ եւ ոչ թէ օրինական կառավարութեան, ինչպէս նաեւ պէտք չէ փորձեն Սուրիոյ մէջ քիմիական ենթադրեալ յարձակումի փաստերը քանդել»:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիս երէկ յայտարարեց, որ ամերիկեան բանակը պատրաստ է Սուրիան հարուածելու առնչութեամբ բոլոր ընտրանքներուն, եթէ անոնք յարմար ըլլան: Երէկ աւելի ուշ «Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Մաթիս այցելած է Սպիտակ տուն եւ նախագահ Տոնալտ Թրամփի հետ ունեցած է նախապէս չծրագրուած արտակարգ հանդիպում մը` Սուրիոյ հարցով:

Մինչ այդ, Ռուսիոյ պետական Տումայի պաշտպանութեան յանձնախումբի նախագահը յայտարարեց, որ Սուրիոյ իրավիճակին շուրջ Մոսկուա ուղղակի հաղորդակցութեան մէջ է ամերիկեան բանակին հետ: Այս միջոցին ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ յայտարարեցին, որ «սուրիական վարչակարգը իր հակաօդային ուժերը վերադասաւորումի կ՛ենթարկէ` նախապատրաստուելով զինուորական որեւէ հարուածի:

Այս միջոցին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ ունեցաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակը եւ Թայֆուր զինուորական օդակայանին դէմ իսրայէլեան օդուժին կատարած յարձակումը: Փութին զգուշացուց Նեթանիահուն Սուրիոյ կայունութիւնը աւելի եւս խախտող քայլերէն, որոնք կը սպառնան անոր ապահովութեան:

Միւս կողմէ, Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ յայտարարեց, թէ ինք պատրաստ է համաձայնելու, որ իր երկիրը մասնակցի զինուորական գործողութեան մը` ի հակադարձութիւն Սուրիոյ մէջ կատարուած ենթադրեալ քիմիական յարձակումին: Ան նշեց, որ պիտի չձգտի այս որոշումին համար խորհրդարանի համաձայնութիւնը ստանալու:

Քաղաքականօրէն լարուած այս մթնոլորտին մէջ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ գերմանական խորտընկէց մը միացած է Միջերկրական ծովուն արեւելքը ուղղուող ամերիկեան նաւատորմին:

Սուրիոյ նախագահի խորհրդական Պուսայնա Շաապան իր կարգին յայտարարեց, որ «Դամասկոսի Արեւելեան Ղութա արուարձանին ազատագրումը անկիւնադարձային կէտ էր Սուրիոյ դէմ շղթայազերծուած տիեզերական պատերազմի ընթացքին մէջ»: Ան նշեց, որ «ներկայիս ականատես կը դառնանք հոգեբանական պատերազմի մը, որուն ընդմէջէն Արեւմուտքը կը ցանկայ ուժ ցոյց տալ իր իրերայաջորդ ձախողութիւններէն ետք: «Արեւմուտքի այս խենթութիւնը յօգուտ ահաբեկիչներուն է», նշեց Շաապան` աւելցնելով, որ «Սուրիան պատերազմէն չի վախնար, եւ եթէ անիկա սկսի, մենք անոր պատրաստ պիտի ըլլանք»:

Սպիտակ տունը երէկ ուշ գիշերին յայտարարեց, որ Սուրիան ռմբակոծելու վերջնական որոշում չէ տրուած տակաւին` աւելցնելով, որ Թրամփի` ընկերային ցանցերուն մէջ կատարած յայտարարութիւնը Սուրիոյ հարցով ընտրանքներէն մէկն է միայն:

Սուրիոյ Երկինքը «Դատարկուած» Է

Սուրիոյ վերեւ բոլոր տեսակի թռիչքները փաստացիօրէն դատարկուած են: Այս մասին կը վկայէ «Ֆլայթռատար24» կայքի տուեալները:

Ռուսական «Լենթա» կայքը կը հաղորդէ, որ Թռիչքներու անվտանգութեան եւրոպական գործակալութիւնը նախապէս բոլոր օդանաւային ընկերութիւններուն խորհուրդ տուած է ուժեղացնել Միջերկրական ծովու արեւելեան հատուածին մէջ թռիչքներու վերահսկողութիւնը յառաջիկայ 72 ժամուան ընթացքին` Սուրիոյ տարածքին թեւաւոր հրթիռներով հաւանական հարուածներու եւ ռատարի աշխատանքի հաւանական խափանումներու պատճառով:

Ռուսիոյ օդային փոխադրութեան դաշնակցային գործակալութիւնը նոյնպիսի խորհուրդ տուած է բոլոր ռուսական օդանաւային ընկերութիւններուն:

Փենթակոնի մէջ պաշտօնատար անձեր յայտնած էին, որ ամերիկեան զինեալ ուժերը պատրաստ են Սուրիոյ տարածքին հարուածներ հասցնելու: Կը նշուի, որ զինուորական պատրաստութեան բերուած են շրջանին մէջ գտնուող նաւերը, օդանաւերը եւ թեւաւոր հրթիռները:

Ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթը երէկ իր կարգին հաղորդեց, որ հիւսիսարեւելեան Ֆրանսայի «Սան Տեզիրէ» ռազմակայանին մէջ «Ռաֆալ» տիպի օդանաւեր պատրաստ վիճակի մէջ դրուած են եւ կը սպասեն Սուրիոյ մէջ թիրախներ հարուածելու քաղաքական որոշումին:

Օրաթերթը կը նշէ, որ ֆրանսական բանակի հրամանատարները Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին ներկայացուցած են զինուորական մանրամասն ծրագիրներ, որոնք կրնան որդեգրուիլ Սուրիան հարուածելու համար, եթէ այդ առնչութեամբ քաղաքական որոշումը տրուի:

«Լոս Անճելըս Թայմզ» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց, որ Փենթակոն Ռուսիան տեղեակ պիտի պահէ, թէ Սուրիոյ մէջ որ թիրախները պիտի հարուածէ»:

Միջերկրական Ծովուն Մէջ Ռուսական Ռմբաձիգները
Յարձակողական Կերպով Մօտեցած Են Ֆրանսական Ռազմանաւի Մը

Միջերկրական ծովուն մէջ ռուսական երկու զինուորական օդանաւեր յարձակողական կերպով մօտեցած են ֆրանսական ծովուժի «Աքիթեն» ռազմանաւին: Այս մասին կը յայտնէ «Լենթա» կայքը` յղում կատարելով ֆրանսական օդուժի աղբիւրին:

Ֆրանսացի զինուորականներուն տուեալներով` ռազմանաւին մօտեցած են «Սու-24» ռմբաձիգն ու «Սու-30» հալածիչը: Նաեւ կը նշուի, որ «Սու-24»-ը զինուած եղած է:

Ֆրանսական ուժերը ռուսական օդանաւերու թռիչքը նկատած են ոչ բարեկամական եւ վտանգաւոր: Ֆրանսական կողմը Ռուսիոյ կը յիշեցնէ թռիչքներու կանոններուն մասին` արկածներէ խուսափելու համար:

 

 

Նախորդը

Ընտրական Քրոնիկ. Ընդհանուր Վերնագիրը

Յաջորդը

Պասիլ. «Լիբանան Կը Մերժէ Սուրիոյ Դէմ Որեւէ Յարձակում, Ի՛նչ Որ Ալ Ըլլան Անոր Պատճառաբանութիւնները»

RelatedPosts

Հիւսիսային Իտալիոյ Մէջ 5,1 Աստիճան  Ուժգնութեամբ Երկրաշարժ
Միջազգային

Հիւսիսային Իտալիոյ Մէջ 5,1 Աստիճան Ուժգնութեամբ Երկրաշարժ

Սեպտեմբեր 19, 2023
Զօր. Միլի. «Քիեւի Դէպի Վերջնական  Յաղթանակ Ճամբան Տակաւին Շատ Երկար Է»
Միջազգային

Զօր. Միլի. «Քիեւի Դէպի Վերջնական Յաղթանակ Ճամբան Տակաւին Շատ Երկար Է»

Սեպտեմբեր 19, 2023
Էրտողան. «Որոշակի Խումբեր Կ՛ուզեն  Թունաւորել Թուրք-Ամերիկեան  Յարաբերութիւնները»
Միջազգային

Էրտողան. «Որոշակի Խումբեր Կ՛ուզեն Թունաւորել Թուրք-Ամերիկեան Յարաբերութիւնները»

Սեպտեմբեր 19, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In