Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հակադարձելով Թրամփի. «Պարզապէս Տակաւին Բոլորը Չեն Հասած Իրաք Ներխուժման Համար Շնորհակալութիւն Յայտնելու Միացեալ Նահանգներուն» Ըսաւ Զախարովա

Ապրիլ 13, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա պատասխանած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Սուրիոյ վերաբերող նոր գրառումին:

«Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանը կը փոխանցէ, թէ Զախարովան յատկապէս անդրադարձած է Թրամփի գրառման այն հատուածին, թէ իր իշխանութեան օրօք մեծ աշխատանք կատարուած է տարածաշրջանը ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումէն մաքրելու համար, եւ ցարդ Միացեալ Նահանգներուն շնորհակալութիւն չեն յայտնած ատոր համար:

«Պարզապէս տակաւին բոլորը չեն հասած շնորհակալութիւն յայտնելու Ամերիկային` Իրաքի համար, ուր ներխուժման հետեւանքն ալ ՏԱՀԵՇ-ի ի յայտ գալն է», ըսած է Զախարովա:

Թրամփ երէկ բացատրած է մէկ օր առաջուան իր թուիթըրեան գրառումը, որուն մէջ յայտնած էր Սուրիոյ տարածքին հասցուելիք հրթիռային հարուածի մասին, ինչպէս նաեւ սպառնացած Ռուսիոյ` կոչ ուղղելով` պատրաստուելու ամերիկեան հզօր ու խելացի հրթիռներուն:

«Առհասարակ չեմ ըսած` Սուրիոյ դէմ յարձակումը ե՛րբ պիտի գործուի: Ատիկա կրնայ տեղի ունենալ շատ շուտով եւ կրնայ տեղի ունենալ ոչ այդքան շուտ: Ամէն պարագային Միացեալ Նահանգները իմ իշխանութեանս օրօք մեծ աշխատանք կատարած է տարածաշրջանը ՏԱՀԵՇ-էն ազատելու համար: Իսկ ո՞ւր է մեր «Շնորհակալ ենք, Ամերիկա՛»-ն», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է 71 տարեկան Թրամփ:

Ռուսիա նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն պահանջեց ժողով գումարել եւ քննարկել Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեամբ Սուրիոյ հասնելիք զինուորական հարուածին վտանգները: Ան աւելցուցած էր, որ այս փուլին առաջնահերթ պէտք է նկատուի առաջքը առնել այնպիսի հարուածներու, որոնք վտանգաւոր բախումի դուռ կը բանան Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի միջեւ:

 

Նախորդը

Մաքրոն. «Սուրիական Վարչակարգին Կողմէ Քիմիական Զէնքի Օգտագործման Փաստ Ունինք»

Յաջորդը

Թուրքիա Տակաւին Չէ Կողմնորոշուած` Սուրիոյ Դէմ Հնարաւոր Յարձակումին Պիտի Աջակցի՞, Թէ Ոչ

RelatedPosts

Շարհ. «Իսրայէլի Հետ Ուղղակի  Բանակցութիւններ Կը Վարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Շարհ. «Իսրայէլի Հետ Ուղղակի Բանակցութիւններ Կը Վարենք»

Նոյեմբեր 13, 2025
Վենեզուելայի Հետ Լարուածութեան Մագլցում.  Ամերիկեան Օդանաւակիր Մը Հասաւ  Լատին Ամերիկեան Ծովեզերքին Մօտ
Գլխաւոր լուրեր

Վենեզուելայի Հետ Լարուածութեան Մագլցում. Ամերիկեան Օդանաւակիր Մը Հասաւ Լատին Ամերիկեան Ծովեզերքին Մօտ

Նոյեմբեր 13, 2025
Վրաստան-Ազրպէյճան Սահմանին Մօտ  Ջախջախուած Թրքական Օդանաւին Մէջ  Գտնուող 20 Անձերը Մահացած Են
Միջազգային

Վրաստան-Ազրպէյճան Սահմանին Մօտ Ջախջախուած Թրքական Օդանաւին Մէջ Գտնուող 20 Անձերը Մահացած Են

Նոյեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?