Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ասատ Սուրիոյ Դէմ Յարձակումը Կը Նկատէ «Թշնամական Արարք»

Ապրիլ 16, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Սուրիոյ դէմ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի հարուածները նկատեց «թշնամական արարք»: Այս մասին հաղորդեց Դամասկոս այցելող ռուսական խորհրդարանական պատուիրակութեան անդամներէն մէկը:

Ասատ հարուածներէն ետք իր կատարած առաջին յայտարարութեան մէջ յայտնած է, որ անպատշաճ կը նկատէ մեկնաբանել Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան այն հաղորդագրութիւնը, թէ Սուրիոյ կոչ կ՛ուղղէ բացայայտելու իր քիմիական սպառազինութիւնը` ընդգծելով, որ Սուրիան Ռուսիոյ օժանդակութեամբ ամբողջութեամբ ձերբազատած է այդ սպառազինութենէն:

Ասատ հանդիպում ունեցաւ նաեւ Ռուսիոյ իշխող Միացեալ Ռուսիա կուսակցութեան պատուիրակութեան հետ` նշելով, որ յարձակումին զուգահեռ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ դէմ սուտերու եւ ապակողմնորոշման արշաւ մը տեղի ունեցած է, ինչ որ կը փաստէ, թէ երկու երկիրները միացեալ պայքար կը մղեն ո՛չ միայն ահաբեկչութեան դէմ, այլ նաեւ յանուն երկիրներու գերիշխանութեան ու անոնց ժողովուրդներու կամքը յարգող միջազգային օրէնքի պաշտպանութեան:

Սուրիական բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը վնասազերծած են Սուրիոյ դէմ արձակուած հրթիռներուն մեծամասնութիւնը եւ յայտարարեց, թէ կրցած է դէմ դնել արձակուած հրթիռներուն մեծամասնութեան: Բանակը աւելցուց, որ քանի մը հրթիռ ինկած է Պարզայի հետազօտութեան կեդրոնի շէնքի վրայ` պատճառելով նիւթական վնասներ:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ արձակուած հրթիռները յաջողութեամբ հարուածած են բոլոր թիրախները:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու շաբաթ օր յայտարարեց, թէ սուրիական օդակայաններուն դէմ արձակուած բոլոր թեւաւոր հրթիռները վնասազերծուած են: Վնասազերծուած են 71 հրթիռներ:

Նախորդը

ՀՅԴ-ի Թեկնածուներու Ծանօթացման Ժողովրդային Հանդիպում` Ֆանարի Մէջ. «Լիբանանի Մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Ըրած Է Ամէն Ի՛նչ, Որպէսզի Հայութիւնը Ամուր Մնայ Եւ Հայը Հայ Մնայ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

Թուրքիա Սուրիոյ Դէմ Հարուածը Կը Նկատէ «Շատ Տեղին»

RelatedPosts

Լաւրով. «Մեզի Եւս Պէտք Են Երաշխիքներ,  Թէ Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Նախագահներու  Հանդիպումը Որոշակի Արդիւնքներ Պիտի Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մեզի Եւս Պէտք Են Երաշխիքներ, Թէ Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Նախագահներու Հանդիպումը Որոշակի Արդիւնքներ Պիտի Տայ»

Հոկտեմբեր 29, 2025
Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը  Միացեալ Նահանգներու Հետ Առեւտրական  Տարակարծութիւններու Կարգաւորման  Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց
Միջազգային

Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Միացեալ Նահանգներու Հետ Առեւտրական Տարակարծութիւններու Կարգաւորման Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նեթանիահու. «Համաս Կազայի Զինադադարի  Համաձայնութիւնը Կ՛ոտնահարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Համաս Կազայի Զինադադարի Համաձայնութիւնը Կ՛ոտնահարէ»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?