Յոյն զինուորները օդ արձակած են նախազգուշական կրակոցներ, երբ Յունաստանի Տոտեքանես արշիպեղագոսի Քասթելորիզօ կղզիի մօտ գտնուող Ռօ կղզեակի տարածքին նկատուած է թրքական օդուժին պատկանող ուղղաթիռ, որ ցած բարձրութեան վրայ թռիչք կատարած է յունական կղզիի վերեւ: Այս մասին կը հաղորդէ յունական «Քաթիմերինի» օրաթերթը:
Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատած է, որ նկատուած ուղղաթիռը պատկանած է Թուրքիոյ բանակին:
Ուղղաթիռի օդաչուները մարած են լուսարձակները, որուն իբրեւ հետեւանք Ռօ կղզեակին վրայ գտնուող սահմանապահները անմիջապէս չեն նկատած զայն: Ուղղաթիռը նշմարած են դրացի Սթրոնկիլի կղզիի վրայ գտնուող զինուորները եւ զեկուցած ատոր մասին:
Կրակոցներէն ետք թրքական ուղղաթիռը փոխած է ուղղութիւնը եւ վերադարձած Թուրքիոյ տարածք:
Յունաստանի մէջ դէպքը մեկնաբանուած է իբրեւ «Թուրքիոյ կողմէ յաճախ նկատուող հերթական սադրիչ գործողութիւն», իսկ թրքական պաշտօնական շրջանակները որեւէ ձեւով չեն մեկնաբանած տարածուած լուրերը:



