Միջազգային

«Ռուսական «Էս-400»-Ներու Մատակարարման  Պարագային, Թուրքիոյ Դէմ Կրնան  Պատժամիջոցներ Հաստատուիլ»  Կ՛ըսէ Միչըլ

«Ռուսական «Էս-400»-Ներու Մատակարարման Պարագային, Թուրքիոյ Դէմ Կրնան Պատժամիջոցներ Հաստատուիլ» Կ՛ըսէ Միչըլ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի` Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու օգնական Ուես Միչըլ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ կրնան պատժամիջոցներ հաստատել Թուրքիոյ դէմ` Ռուսիայէն «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու գնման պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Կազեթէտուվար» կայքը: «Թուրքիոյ` զինուորական ու քաղաքական գետնի վրայ Արեւմուտքի հետ նոյն շարքերուն մէջ մնալը կը բխի Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերէն, եւ մենք կը հաւատանք, որ ատիկա...

Այլ Պահանջներու Շարքին.  Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիայէն Կը Պահանջէ  Դրացի Երկիրներու Հետ Բարի Դրացիական  Յարաբերութիւններ Ապահովել

Այլ Պահանջներու Շարքին. Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիայէն Կը Պահանջէ Դրացի Երկիրներու Հետ Բարի Դրացիական Յարաբերութիւններ Ապահովել

Եւրոպական յանձնաժողովը Թուրքիոյ վերաբերեալ իր հրապարակած զեկուցումին մէջ յստակ պահանջներ ներկայացուցած է Անգարային` ներկայացնելով Եւրոպական միութեան` իբրեւ միութեան անդամակցութեան պաշտօնական թեկնածու Թուրքիայէն հիմնական սպասումները: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» կայքը: Զեկուցումը, որ կը վերաբերի Թուրքիոյ թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին խնդիրներուն, թրքական մամուլին կողմէ մեկնաբանուած է իբրեւ Եւրոպական Միութեան կողմէ Թուրքիոյ վերաբերեալ մինչեւ օրս հրապարակուած ամէնէն կարծր զեկուցումը: Թուրքիոյ ներկայացուած...

«Թրքական Արտակարգ Ընտրութիւնները  Տեղի Պիտի Ունենան Այդտեղ, Եւ Ոչ Թէ` Այստեղ»  Կ՛ըսէ Գերմանացի Պաշտօնատար Մը

«Թրքական Արտակարգ Ընտրութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Այդտեղ, Եւ Ոչ Թէ` Այստեղ» Կ՛ըսէ Գերմանացի Պաշտօնատար Մը

Գերմանիոյ իշխող Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական միութեան ընդհանուր քարտուղար Ինկրիտ Քրամփ Քառնպաուըր մերժեց «թրքական յառաջիկայ ընտրապայքարի Գերմանիոյ մէջ տարածումը»` նշելով.«Թուրքիոյ մէջ յառաջիկայ ընտրութիւններուն ընթացքին ընտրապայքարը պէտք է տանիլ այդտեղ, եւ ոչ թէ մեր մօտ` Գերմանիոյ մէջ»: «Մենք մեր քաղաքներուն մէջ մեր համակեցութիւնը խանգարող թրքական ներքին որեւէ պայքար չենք ուզեր», ընդգծեց ան: Թուրք ազգայնական գործիչ Տողու Փերինչեք իր կարգին անդրադառնալով 24 յունիսին նախատեսուած նախագահական...

Թուրքիա Տակաւին Չէ Կողմնորոշուած`  Սուրիոյ Դէմ Հնարաւոր Յարձակումին  Պիտի Աջակցի՞, Թէ Ոչ

Թուրքիա Կը Պատասխանէ Աֆրինէն Թրքական Բանակը Դուրս Բերելու Արաբական Լիկայի Կոչին

Արաբական լիկան կոչ ուղղած է թրքական զինեալ ուժերը դուրս բերելու Սուրիոյ Աֆրինի տարածքէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Կազեթետովար» կայքը: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ պատասխանելով այդ կոչին յայտարարած է, որ Աֆրինի մէջ զինուորական գործողութիւնը կատարուած է ինքնապաշտպանութեան օրինական իրաւունքի ծիրին մէջ: «Ձիթենիի ճիւղ» զինուորական գործողութիւնը ուղղուած է Սուրիան պառակտող ահաբեկչական խմբաւորման դէմ, հետեւաբար` կը ծառայէ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան...

Թրամփ Կը Հաստատէ. «Փոմփէօ Հանդիպում  Ունեցած Է Քիմ Չեն Ընի Հետ»

Թրամփ Կը Հաստատէ. «Փոմփէօ Հանդիպում Ունեցած Է Քիմ Չեն Ընի Հետ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հաստատած է, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի նախկին ղեկավար, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնի թեկնածու Մայք Փոմփէօ հանդիպում ունեցած է Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Չեն Ընի հետ: «Կազեթա» կը հաղորդէ, որ Թրամփ այս մասին գրած է «Թուիթըր»-ի վրայ: Թրամփի համաձայն, հանդիպումը շատ լաւ անցած է, Ընի հետ հանդիպումին մանրամասնութիւնները ներկայիս կը մշակուին: «Ապահիւլէականացումը հիանալի բան պիտի ըլլայ...

Սէուտական Արաբիան Պատրաստ Է Զօրք Ուղարկելու  Սուրիա` Մաս Կազմելու Համար  Միջազգային Դաշինքի Ընդլայնուած Կազմին

Սէուտական Արաբիան Պատրաստ Է Զօրք Ուղարկելու Սուրիա` Մաս Կազմելու Համար Միջազգային Դաշինքի Ընդլայնուած Կազմին

Սէուտական Արաբիա պատրաստ է զօրք ուղարկելու Սուրիա` Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած միջազգային դաշինքի ծիրին մէջ, եթէ զայն ընդարձակելու որոշում տրուի: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյրը: «Մենք Սուրիա զօրք ուղարկելու հարցով բանակցութիւններու մէջ ենք Միացեալ Նահանգներու հետ, ինչպէս եղած է Սուրիոյ ճգնաժամի բռնկումին պահէն ի վեր», ըսած է ան` Ռիատի...

Վիճելի Կղզիներու Մէջ Յունաստանի  Դրօշներու Զետեղում  «Եգէական Ծովուն Մէջ Կրնան Անհամ  Իրադարձութիւններ Զարգանալ»  Կ՛ըսէ Պոզտաղ

Վիճելի Կղզիներու Մէջ Յունաստանի Դրօշներու Զետեղում «Եգէական Ծովուն Մէջ Կրնան Անհամ Իրադարձութիւններ Զարգանալ» Կ՛ըսէ Պոզտաղ

Յունաստանի օդային սահմանը խախտած թրքական օդանաւերը տարածքէն դուրս բերելու գործողութեան ժամանակ յունական կործանիչի ջախջախման դէպքէն ետք որոշուած է Եգէական ծովու հինգ տարբեր կղզիներու մէջ տեղադրել Յունաստանի դրօշը` ի պատիւ օդանաւի զոհուած օդաչու Եորկօ Պալթատորոսի: Թրքական «Թէ24» կայքը կը հաղորդէ, որ տեղեկութիւնը հաստատած է Յունաստանի պաշտպանութեան փոխնախարար Ֆոթիս Քուվելիսը: Կը նշուի, որ կղզիներուն մեծ մասը, ուր արդէն տեղադրուած են դրօշները, մինչեւ...

Եւրոպական Միութիւնը Հրապարակած Է  Թուրքիոյ Մասին Ամէնէն Կարծր Զեկուցումը

Եւրոպական Միութիւնը Հրապարակած Է Թուրքիոյ Մասին Ամէնէն Կարծր Զեկուցումը

Եւրոպական Միութիւնը հրապարակած է Թուրքիոյ տարբեր ոլորտներուն մէջ զարգացման մասին զեկուցումը: Ըստ ՏՀԱ-ի, զեկուցումին մէջ նշուած է, որ Թուրքիոյ մէջ տակաւին կը պահպանուի արտակարգ դրութիւնը, եւ ատոր ընթացքին հազարաւոր մարդիկ կը ձերբակալուին: Զեկուցումին համաձայն, արտակարգ դրութեան յայտարարութենէն մինչեւ օրս Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած է 150 հազար մարդ, որոնցմէ 78 հազարը կալանաւորուած է: Այդ ընթացքին 110 հազար պետական պաշտօնեայ ալ հեռացուած է...

«Իսրայէլ Ռուսիոյ Կողմէ Սուրիոյ  Եւ Շրջանին Մէջ Իր Շարժումներու Սահմանափակումը Պիտի Չընդունի»  Կ՛ըսէ Լիպըրման

«Իսրայէլ Ռուսիոյ Կողմէ Սուրիոյ Եւ Շրջանին Մէջ Իր Շարժումներու Սահմանափակումը Պիտի Չընդունի» Կ՛ըսէ Լիպըրման

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպըրման յայտարարեց, որ Իսրայէլ Ռուսիոյ կողմէ Սուրիոյ եւ շրջանին մէջ իր շարժումներուն սահմանափակումը պիտի չընդունի: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը իսրայէլեան «Ուալա» կայքին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց. «Ամբողջովին պիտի պահպանենք ազատ գործելու կարելիութիւնը: Մեր անվտանգութեան շահերուն վերաբերեալ որեւէ սահմանափակում պիտի չընդունինք, սակայն չենք ուզեր գրգռել ռուսերը: Ռուս բարձրաստիճան պաշտօնատարներու մակարդակով հաղորդակցութեան բաց կապեր ունինք, որպէսզի մեզի հասկնան,...

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի.  Արաբական Ուժեր Սուրիոյ Մէջ  Պիտի Փոխարինեն Ամերիկեան Ուժերը

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Արաբական Ուժեր Սուրիոյ Մէջ Պիտի Փոխարինեն Ամերիկեան Ուժերը

Ամերիկացի պաշտօնատարներ կը հաղորդեն, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը մտադիր է կարգ մը արաբական երկիրներէ կազմուած ուժ մը տեղակայել Սուրիոյ մէջ` փոխարինելու համար այդտեղ տեղակայուած ամերիկեան ուժերը` «անոնց հեռացումէն ետք բացի մը գոյացումը կանխարգիլելու համար... եւ նախապատրաստելու համար ՏԱՀԵՇ-ի պարտութենէն ետք Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ կայունութեան հաստատումը»: Ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը` մէջբերելով Սպիտակ տան մէջ իր աղբիւրները,...

Իրանեան Հակադարձութեան Նկատմամբ  Մտավախութենէ Մղուած.  Իսրայէլեան Բանակը Սուրիոյ Եւ Լիբանանի Հետ  Սահմանին Վրայ Ծայրայեղ  Պատրաստ Վիճակի Մէջ Դրուած Է

Իրանեան Հակադարձութեան Նկատմամբ Մտավախութենէ Մղուած. Իսրայէլեան Բանակը Սուրիոյ Եւ Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Ծայրայեղ Պատրաստ Վիճակի Մէջ Դրուած Է

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ իսրայէլեան բանակը Սուրիոյ եւ Լիբանանի հետ սահմանին վրայ ծայրայեղ պատրաստ վիճակի մէջ դրուած է` առ ի կանխազգուշութիւն իրանեան որեւէ հակադարձութեան: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ իսրայէլեան բանակը իրանեան հակադարձութեան մտավախութենէն մղուած բռնագրաւեալ Կոլանի մէջ պատրաստ վիճակի մէջ է եւ մասնաւորաբար ցամաքային ու օդային տարածքներու մէջ պատրաստութեան մէջ է: Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի երէկ...

Շհէյրաթ Եւ Տմէյր Օդակայաններուն  Դէմ Յարձակում Չէ Գործուած

Շհէյրաթ Եւ Տմէյր Օդակայաններուն Դէմ Յարձակում Չէ Գործուած

Սուրիական բանակի դաշնակից ուժերէն ղեկավար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, թէ երէկ Սուրիոյ դէմ նոր յարձակում չէ գործուած, այլ սխալ ահազանգ մը պատճառ դարձած է, որ սուրիական հակաօդային համակարգերը հրթիռներ արձակեն: Աւելի ուշ, սուրիական զինուորական աղբիւր մը Սուրիոյ պետական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնեց, թէ սխալ ահազանգ մը պատճառ դարձած է, որ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը շարք մը հրթիռներ արձակեն: «Սուրիոյ դէմ...

Ռոթերտամի Մէջ Թուրքիոյ Հիւպատոսութեան  Վրայ Յարձակում Նախապատրաստող  Անձեր Ձերբակալուած Են

Ռոթերտամի Մէջ Թուրքիոյ Հիւպատոսութեան Վրայ Յարձակում Նախապատրաստող Անձեր Ձերբակալուած Են

Պելճիքայի եւ Հոլանտայի մէջ ձերբակալուած են Հոլանտայի ծագումով մարոքցի չորս քաղաքացիներ, որոնց շուրջ կասկածներ կան Ռոթերտամի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսութեան վրայ յարձակում նախապատրաստելու մէջ: Ըստ «Պի.Պի.Սի. Թիւրք»-ին, անոնց շուրջ կասկածներ կան նաեւ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման անդամակցելու գծով: Պելճիքայի մէջ ձերբակալուած մէկ այլ կասկածելի արտայանձնուած է Հոլանտային: Ոստիկանութիւնը ձերբակալուածներուն վարձած տան մէջ յայտնաբերած է ահաբեկչական խմբաւորման հետ կապ ունենալ փաստող շարք մը...

Կիպրոսի Նախագահը Պատրաստ Է  Վերսկսելու Կիպրոսի  Հարցի Լուծման Բանակցութիւնները

Կիպրոսի Նախագահը Պատրաստ Է Վերսկսելու Կիպրոսի Հարցի Լուծման Բանակցութիւնները

Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատես կիպրացի թուրքերու ղեկավար Մուսթաֆա Աքընճըի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք յայտարարած է, թէ պատրաստ է Կիպրոսի վերամիացման բանակցութիւնները վերսկսելու այն կէտէն, ուր ընդհատուած էին: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` յղում կատարելով «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին: 16 ապրիլի երեկոյեան երկու համայնքներու ղեկավարները հանդիպում ունեցած են ոչ պաշտօնական ընթրիքի շուրջ: Ասիկա անոնց առաջին հանդիպումն էր յուլիս 2017-ին Կրան-Մոնթանի մէջ կիպրական...

«Սուրիոյ Հրթիռակոծումը Պատճառ Դարձաւ  Ռուս-Թրքական Յարաբերութիւններուն  Մէջ Ճեղքի Յառաջացման»  Կ՛ըսէ Մաքրոն

«Սուրիոյ Հրթիռակոծումը Պատճառ Դարձաւ Ռուս-Թրքական Յարաբերութիւններուն Մէջ Ճեղքի Յառաջացման» Կ՛ըսէ Մաքրոն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարած է, որ Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի կատարած հրթիռակոծումները եղած են օրինական եւ կատարուած են միջազգային ընտանիքին գիտակցութեամբ: Ըստ թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքին, ան նոյն ատեն աւելցուցած է, որ այս յարձակումները, որոնց կողմ եղած է նաեւ Թուրքիան, պատճառ դարձած են այդ երկրին եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ «ճեղքի յառաջացման»: Մաքրոն նաեւ աւելցուցած է, որ...

Պատասխանելով Մաքրոնին.  Թրամփ Ամերիկեան Ուժերուն Սուրիայէն Կարելի  Եղածին Չափ Շուտ Հեռացումը Կ՛ուզէ

Պատասխանելով Մաքրոնին. Թրամփ Ամերիկեան Ուժերուն Սուրիայէն Կարելի Եղածին Չափ Շուտ Հեռացումը Կ՛ուզէ

Սպիտակ տան բանբեր Սառա Սանտըրզ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ չէ հրաժարած ամերիկեան ուժերը Սուրիայէն կարելի եղածին չափ շուտ հեռացնելու իր մտադրութենէն: Սպիտակ տան բանբերին համաձայն, «Միացեալ Նահանգներու առաքելութիւնը չփոխուեցաւ: Նախագահը յստակ ըսաւ, թէ ամերիկեան ուժերուն կարելի եղածին չափ շուտ վերադարձը կ՛ուզէ»: Սանտըրզ նշեց, որ Ուաշինկթըն վճռակամ է կատարելապէս ջախջախելու ՏԱՀԵՇ-ը եւ անոր վերադարձը արգիլող պայմաններ ստեղծելու: Ան...

Էրտողան. «Այսուհետեւ Կարելի Չէ Սուրիոյ Մէջ  Առանց Թուրքիոյ Որեւէ Քայլ Կատարել»

Էրտողան. «Այսուհետեւ Կարելի Չէ Սուրիոյ Մէջ Առանց Թուրքիոյ Որեւէ Քայլ Կատարել»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ պայքարիլ ահաբեկիչներուն դէմ, մինչեւ որ անոնք դադրեցնեն Թուրքիոյ դէմ սադրանքները: Պոլսոյ մէջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Էրտողան յայտարարեց. «Այսուհետեւ Սուրիոյ մէջ կարելի չէ առանց Թուրքիոյ որեւէ քայլ կատարել»: Ան նաեւ յայտնեց, որ սուրիական տագնապը կարելի չէ ժամանակաւոր քայլերու ճամբով լուծել:...

Ազրպէյճանի Իշխող Կուսակցութիւնը  Կը Մեղադրէ ԵԱՀԿ-ը Կողմնակալ  Հաշուետուութիւն Ներկայացնելու Յանցանքով

Ազրպէյճանի Իշխող Կուսակցութիւնը Կը Մեղադրէ ԵԱՀԿ-ը Կողմնակալ Հաշուետուութիւն Ներկայացնելու Յանցանքով

Ազրպէյճանի իշխող Նոր Ազրպէյճան կուսակցութիւնը մեղադրած է ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հիմնարկներու եւ մարդու իրաւունքներու հարցերով գրասենեակը, ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովը եւ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած արտակարգ նախագահական ընտրութիւններուն մասին կանխամտածուած կողմնակալ հաշուետուութիւն պատրաստելու յանցանքով: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»: Արտակարգ նախագահական ընտրութիւնները երկրին մէջ տեղի ունեցած էին 11 ապրիլին: Տուեալներու մշակման իբրեւ արդիւնք յայտարարուած է, որ Իլհամ...

«Սքրիփալներու Գործը Եւ Սուրիոյ  Իրավիճակը Իրարու Կապուած Են»  Կ՛ըսէ Զախարովա

«Սքրիփալներու Գործը Եւ Սուրիոյ Իրավիճակը Իրարու Կապուած Են» Կ՛ըսէ Զախարովա

Սքրիփալներու գործը եւ Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակը իրարու կապուած են: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա: «Սուրիոյ եւ Սալզպըրիի մէջ տեղի ունեցածին միջեւ մեծ թիւով հասարակաց գիծեր կան: Եւ դարձեալ ատիկա լրատուամիջոցներն են: Նայեցէ՛ք ֆրանսական գաղտնի սպասարկութիւններու զեկուցումներուն, որոնք հրապարակուած են հրթիռակոծումէն անմիջապէս ետք... այնտեղ նշուած է, որ փաստարկներու հիմնական...

Արաբական 29-րդ Վեհաժողովը Արդար Եւ Համապարփակ Խաղաղութեան Կարեւորութիւնը Շեշտեց

Արաբական 29-րդ Վեհաժողովը Արդար Եւ Համապարփակ Խաղաղութեան Կարեւորութիւնը Շեշտեց

Երէկ Սէուտական Արաբիոյ Տահրան քաղաքին մէջ գումարուեցաւ Արաբական 29-րդ վեհաժողովը: Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը նիստի նախագահութիւնը Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորէն ստանձնելէն ետք, վեհաժողովի բացման նիստի ընթացքին իր խօսքին մէջ նշեց, որ «Պաղեստինեան դատը մեր առաջին դատն է եւ այդպէս պիտի մնայ»` դատապարտելով Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ փոխադրելու ամերիկեան վարչակազմին որոշումը եւ շեշտելով Արեւելեան Երուսաղէմը Պաղեստինի...

Page 620 of 883 1 … 619 620 621 … 883

Արխիւներ