Իսրայէլ ստիպուած պիտի ըլլայ հաշիւ տալու սուրիական ռազմակայանին հասցուած օդային հարուածին համար: «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի փոխանցմամբ` այս մասին յայտարարած է Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի միջազգային հարցերու խորհրդական Ալի Աքպար Վելայաթին:
Յիշեցնենք, որ երկուշաբթի գիշեր իսրայէլեան օդուժը հրթիռակոծած էր Հոմսի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Թայֆուր զինուորական օդակայանը: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած էր, թէ յարձակումը գործած են երկու «Էֆ-15»-ներ: Օդակայանին դէմ արձակուած 8 հրթիռներէն 5-ը վնասազերծուած են սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերուն կողմէ: Զոհուած էին 7 իրանցի խորհրդականներ:
Թեհրան կատարուածը կոչած է Սուրիոյ գերիշխանութեան խախտում, որ կը հակասէ միջազգային բոլոր արժեչափերուն:
Փետրուարին իսրայէլեան բանակը հրթիռակոծած էր «Թի-4» ռազմակայանը, ուր, իսրայէլեան կողմին պնդումով, տեղակայուած է անօդաչու թռչող սարքերու վերահսկման իրանեան կէտը: Սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դարձեալ հակադարձած էին եւ վար առած յարձակում գործող իսրայէլեան օդանաւերէն մէկը:



