Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Սուրիոյ Դէմ Հարուածը Կը Նկատէ «Շատ Տեղին»

Ապրիլ 16, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնած է Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ կողմէ Սուրիոյ հրթիռային հարուածներ հասցնելու գործողութեան նկատմամբ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Սապահ» օրաթերթը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Սուրիոյ դէմ հարուածը կոչած է «շատ տեղին» եւ նշած, որ Տումայի մէջ կատարուած քիմիական յարձակումէն ետք «այս զինուորական գործողութիւնը դարձած է ամբողջ մարդկութեան խղճի արտայայտութիւնը»:

«Մենք մեր գոհունակութիւնը կը յայտնենք, այս գործողութիւնը դարձած է ամբողջ մարդկութեան խղճի լեզուն` Տումայի մէջ գործուած յանցանքին դէմ, որուն վերաբերեալ լրջագոյն կասկածներ կան Ասատի վարչակարգին կողմէ կատարուած ըլլալու առումով», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներ, Բրիտանիա եւ Ֆրանսա Սուրիոյ մէջ թիրախներու ուղղութեամբ արձակած են աւելի քան 100 թեւաւոր եւ «օդ-երկիր» դասի հրթիռներ:

Հարուածները հասցուած են ամերիկեան ծովուժի 2 նաւերէ` Կարմիր ծովուն կողմէ, Միջերկրական ծովուն օդային տարածքին մէջ գտնուող մարտավարական օդանաւերէ, ինչպէս նաեւ ամերիկեան ռազմավարական «Պի-1Պի» ռմբաձիգներէն` Թանաֆ շրջանէն:

«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ եւ ընդգծած, որ արեւմտեան երկիրներու գործողութիւնը ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու եւ հիմնարար արժեչափերու կոպիտ խախտում է:

Իր կարգին, Էրտողան շեշտած է, որ ստեղծուած կացութեան մեղմացման անհրաժեշտութիւն կայ: Փութին Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին նշեց, որ Սուրիոյ դէմ յարձակումին կրկնութիւնը միջազգային յարաբերութեանց մէջ քաոսի պիտի յանգեցնէ:

Իրան.«Սուրիոյ Դէմ Հարուածները Միջազգային Արժեչափերու
Եւ Իրաւունքներու Բացայայտ Խախտում Են»

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնած է.«Այս յարձակումը կը նկատուի միջազգային արժեչափերու եւ իրաւունքներու բացայայտ խախտում եւ Սուրիոյ ազգային գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան արհամարհում»:

Նախարարութիւնը յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներն ու անոնց դաշնակիցները հարուածներ հասցուցին` չսպասելով Քիմիական զէնքի տարածման կանխարգիլման կազմակերպութեան առաքելութեան արդիւնքներուն: Վերջինս պէտք էր հետաքննէր, թէ Տումայի մէջ քիմիական զէնքով յարձակում եղա՞ծ է, թէ՞ ոչ:

Թեհրան միջազգային կազմակերպութիւններուն ու երկիրներուն կոչ ուղղած է դատապարտելու ամերիկեան հարուածը:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի Քոտս ուժին մէջ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի ներկայացուցիչ Ալի Շիրազի յայտարարեց. «Սուրիոյ դէմ յարձակումը պիտի չմնայ անպատասխան»:

Թրամփ «Կեղծ Լրատուամիջոցներ»-ը Կ՛ամբաստանէ
Սուրիոյ Դէմ Հարուածը Արժեզրկելու Յանցանքով

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց.«Սուրիոյ դէմ յարձակումը այնքան կատարեալ, այնպիսի ճշգրտութեամբ իրագործուած է, որ կեղծ լրատուամիջոցներու կողմէ զայն արժեզրկելու միակ տարբերակը իմ կողմէս «առաքելութիւնը կատարուած է» եզրին շահարկումն էր: Ես գիտէի, որ անոնք պիտի կառչին ատկէ, սակայն կը զգայի, որ ատիկա այնքան լաւ ռազմական եզր է, որ պէտք է օգտագործուէր»:

Թրամփ 14 ապրիլին գրած էր.«Անցեալ գիշեր հասցուած հարուածը կատարեալ էր: Շնորհակալ ենք Ֆրանսային եւ Բրիտանիոյ` ցուցաբերած խելամտութեան ու անոնց հրաշալի զինեալ ուժերու հզօրութեան համար»:

 

Նախորդը

Ասատ Սուրիոյ Դէմ Յարձակումը Կը Նկատէ «Թշնամական Արարք»

Յաջորդը

Եագուպ Սարրաֆ. «Այս Հողը Մերն Է, Եւ Լիբանանցին Չի Կրնար Իր Իրաւունքին Մասին Լուռ Մնալ»

RelatedPosts

Լաւրով. «Մեզի Եւս Պէտք Են Երաշխիքներ,  Թէ Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Նախագահներու  Հանդիպումը Որոշակի Արդիւնքներ Պիտի Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մեզի Եւս Պէտք Են Երաշխիքներ, Թէ Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Նախագահներու Հանդիպումը Որոշակի Արդիւնքներ Պիտի Տայ»

Հոկտեմբեր 29, 2025
Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը  Միացեալ Նահանգներու Հետ Առեւտրական  Տարակարծութիւններու Կարգաւորման  Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց
Միջազգային

Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Միացեալ Նահանգներու Հետ Առեւտրական Տարակարծութիւններու Կարգաւորման Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նեթանիահու. «Համաս Կազայի Զինադադարի  Համաձայնութիւնը Կ՛ոտնահարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Համաս Կազայի Զինադադարի Համաձայնութիւնը Կ՛ոտնահարէ»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?