Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի Մէջ Ընտրական Խախտումներու Մասին Արտայայտուած Դէտերը Կանչուած Են Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն Եւ Ստացած Բողոք

April 14, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի մէջ 11 ապրիլին կայացած արտակարգ նախագահական ընտրութիւններուն տեղի ունեցած ընտրական խախտումներուն մասին արտայայտուած միջազգային դիտորդական առաքելութեան ներկայացուցիչները կանչուած են Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ ստացած բողոք: Այս մասին կը հաղորդէ ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը:

«Մենք ապրիլ 11-ին կայացած նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքներուն վերաբերեալ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻ-ի, ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի եւ ԵԽԽՎ-ի դիտորդական առաքելութիւններու պատրաստած նախնական զեկուցումը արդար եւ առարկայական չենք համարեր», ըսած է արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւ:

Անոր խօսքով` դիտորդական առաքելութիւններու նախնական զեկուցումին մէջ ընտրութիւններու հսկողութեան վերաբերեալ «մեթոտաբանական եւ թեքնիք մօտեցման կը գերակայեն անհատական յայտարարութիւնները եւ կանխակալ քաղաքական հայեացքները»: Ան նշած է, որ այն յայտարարութիւնները, թէ ընտրութիւնները տեղի ունեցած են սահմանափակուած քաղաքական միջավայրի մէջ, անհիմն են:

Նշենք, որ Ազրպէյճանի գործոց նախագահ Իլհամ Ալիեւ յաղթանակ արձանագրած է` ապահովելով քուէներուն 86,03 առ հարիւրը:

Ազրպէյճանի ընդդիմադիր Ժողովրդավարական ուժերու ազգային խորհուրդը եւ Մուսաւաթ կուսակցութիւնը յայտարարած են, թէ չեն ճանչնար ընտրութեան արդիւնքը:

Ժողովրդավարական ուժերու ազգային խորհուրդը նշած է, որ ընտրութիւնները կայացած են ազգային ընտրական օրէնսդրութեան, միջազգային չափանիշերու կոպիտ խախտմամբ, հիմնարար ազատութիւններու եւ իրաւունքներու սահմանափակմամբ:

Պաքուի Մէջ Յարձակում` ԵԽԽՎ-ի Դիտորդներուն

Ազրպէյճանի մէջ կայացած նախագահական ընտրութիւններուն յատկացուած եւ ապրիլ 12-ին տեղի ունեցած Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) դիտորդներու մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, երբ դիտորդները սկսած են ներկայացնել ընտրութիւններուն ընթացքին արձանագրուած խախտումները, խումբ մը «լրագրող»-ներ յարձակած են դիտորդներուն վրայ` պահանջելով փոխել անոնց զեկոյցը: Այս մասին կը հաղորդէ «Փան Արմինիըն»-ը:

Չկարենալով շարունակել մամլոյ ասուլիսը, դիտորդները ստիպուած հեռացած են դահլիճէն` յայտարարելով, որ զեկոյցը կարելի է կարդալ ԵԽԽՎ-ի կայքին վրայ (http://assembly.coe.int/nw/xml/News/News-View-EN.asp?newsid =7020&lang=2&cat=31): Միջադէպէն տեսանիւթ մը հրապարակած է պատգամաւոր եւ դիտորդ Ֆրենք Շուապէ:

ԵԽԽՎ-ի զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ ընտրութիւնները կայացած են մրցակցութեան բացակայութեան եւ սահմանափակ ազատութիւններու պայմաններու մէջ: Դիտորդները արձանագրած են օրէնքներու համատարած անտեսում, թափանցիկութեան պակաս եւ բազմաթիւ այլ լուրջ խախտումներ:

 

 

Նախորդը

«Երկրին Սահմանադրութեան Եւ Օրէնքներուն Գործադրութեան Հսկելու Առաջնահերթութիւնը Հանրապետութեան Նախագահի Գլխաւոր Դերակատարութիւնն Է» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ Առաջարկած Է Ռուսականը Փոխարինել Իր Հակաօդային Համակարգերով

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.