Միջազգային

Թուրքիոյ Եւ Իրաքի Քրտական Քաղաքական  Ուժերու Բարձր Մակարդակի  Հանդիպումներ` Էրպիլի Մէջ

Թուրքիոյ Եւ Իրաքի Քրտական Քաղաքական Ուժերու Բարձր Մակարդակի Հանդիպումներ` Էրպիլի Մէջ

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը մեկնած է Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի մայրաքաղաք Էրպիլ` տեղւոյն իշխանութիւններուն հետ բարձր մակարդակի հանդիպումներ ունենալու նպատակով: Այս մասին կը հաղորդէ քրտական «Ռուտաու» լրատու գործակալութիւնը: Թուրքիայէն եկած քրտական պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է Քրտական ինքնավար մարզի նախկին նախագահ Մասուտ Պարզանիի եւ գործող վարչապետ Նեչիրվան Պարզանիի հետ: Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան պատուիրակութիւնը գլխաւորած է կուսակցութեան բանբեր, Թուրքիոյ...

«Ամերիկեան Հարուածի Մը Պարագային  Ռուսիան Դամասկոսի Նկատմամբ  Յանձնառութիւններ Ունի»  Կը Զգուշացնէ Լաւրով

«Ամերիկեան Հարուածի Մը Պարագային Ռուսիան Դամասկոսի Նկատմամբ Յանձնառութիւններ Ունի» Կը Զգուշացնէ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման ամբաստանութիւնները պարզապէս սադրանք են»` նշելով. «Սուրիա գտնուող ռուս զինուորները բազմիցս զգուշացուցին Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործումով սադրանքներէ»: Ան յայտնեց, որ Ռուսիոյ եւ Սուրիական կարմիր մահիկի ներկայացուցիչները քաղաքայիններու դէմ քիմիական զէնքի օգտագործման հետքեր չգտան: Լաւրով ըսաւ, թէ իր երկիրը դէմ է Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման պնդումներուն շուրջ...

Իսրայէլ Հրթիռակոծեց Սուրիոյ  Թայֆուր Զինուորական Օդակայանը

Իսրայէլ Հրթիռակոծեց Սուրիոյ Թայֆուր Զինուորական Օդակայանը

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ իսրայէլեան օդուժէն «Էֆ-15» տիպի օդանաւեր Լիբանանի օդային տարածքէն յարձակում գործած են Հոմսի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Թայֆուր զինուորական օդակայանին դէմ` նշելով, որ օդակայանին մէջ կառավարուող 8 հրթիռներ արձակուած են: 3 հրթիռներ թիրախ դարձուցած են օդակայանի արեւմտեան բաժինը, եւ Սուրիոյ մէջ գտնուող ռուս խորհրդականներու շարքին վնասներ չեն արձանագրուած: Սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը վնասազերծած են արձակուած 8...

«Թրքական Բանակը Դուրս Պիտի Դնէ Քիւրտ  Զինեալները Նաեւ Թել Ռիֆաաթ Շրջանէն»  Կ՛ըսէ Պոզտաղ

«Թրքական Բանակը Դուրս Պիտի Դնէ Քիւրտ Զինեալները Նաեւ Թել Ռիֆաաթ Շրջանէն» Կ՛ըսէ Պոզտաղ

Թուրքիոյ փոխվարչապետ եւ կառավարութեան բանբեր Պեքիր Պոզտաղ յայտարարած է, թէ թրքական բանակը նպատակ ունի քիւրտ զինեալները դուրս դնել Թել Ռիֆաաթ շրջանէն: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Թէ24» կայքը: «Ինչպէս քիւրտ զինեալները Աֆրինէն մաքրուեցան, այդպէս ալ Թել Ռիֆաաթէն պիտի մաքրուին», ըսած է Պոզտաղ: Ան նաեւ յայտարարած է, թէ Թուրքիան, Իրանն ու Ռուսիան Սուրիոյ մէջ ունին հետագայ գործողութիւններու միացեալ ծրագիր մը, որուն...

Յունաստան Յառաջիկայ Օրերուն Թուրքիոյ Հետ  Սահմանին Վրայ Ուժեր Պիտի Կուտակէ

Յունաստան Յառաջիկայ Օրերուն Թուրքիոյ Հետ Սահմանին Վրայ Ուժեր Պիտի Կուտակէ

Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Փանոս Քամենոս Թուրքիան կոչած է թշնամական երկիր եւ յայտարարած, որ իրենք անհրաժեշտութեան պարագային անձամբ պիտի երթան ու վերադարձնեն երկու յոյն զինուորները, զորս թրքական կողմը կը պահէ Էտիրնէի բանտին մէջ: «Տը Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարը շեշտած է, թէ Թուրքիոյ սադրիչ քայլերը իրենց նպատակին պիտի չծառայեն, ընդհակառակը, ա՛լ աւելի պիտի հզօրացնեն յոյն ժողովուրդը: «Անոնց...

Անգարայի Եռակողմ Վեհաժողով.  Սուրիոյ Մէջ ՏԱՀԵՇ-ին Ու Քայիտային Վերջ Տալու  Եւ Սահմանադրական Յանձնախումբի Աշխատանքի  Ձեռնարկումը Դիւրացնելու Շուրջ Համաձայնութիւն

Անգարայի Եռակողմ Վեհաժողով. Սուրիոյ Մէջ ՏԱՀԵՇ-ին Ու Քայիտային Վերջ Տալու Եւ Սահմանադրական Յանձնախումբի Աշխատանքի Ձեռնարկումը Դիւրացնելու Շուրջ Համաձայնութիւն

Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ, Իրանի եւ Ռուսիոյ նախագահները երէկ Անգարայի մէջ իրենց եռակողմ ժողովին ընթացքին համաձայնած են սուրիացի գաղթականներու տունդարձի պայմանները պատրաստելու եւ շարունակելու իրենց գործակցութիւնը «Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման համար»: Երեք երկիրներու նախագահներուն` Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի, Հասան Ռուհանիի եւ Վլատիմիր Փութինի ժողովէն ետք հրապարակուած նախագահական միացեալ հաղորդագրութիւնը նշեց, որ երեք ղեկավարները պատրաստ են սուրիական...

Ըստ Ամերիկեան  Պաշտօնական Աղբիւրի Մը.  Ամերիկեան Ուժերը «Աւելի Երկար»  Պիտի Մնան Սուրիոյ Մէջ

Ըստ Ամերիկեան Պաշտօնական Աղբիւրի Մը. Ամերիկեան Ուժերը «Աւելի Երկար» Պիտի Մնան Սուրիոյ Մէջ

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ ամերիկեան պաշտօնական աղբիւր մը յայտնած է, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ համաձայն գտնուած է ամերիկեան ուժերը Սուրիոյ մէջ «աւելի երկար» պահելու, սակայն կ՛ուզէ զանոնք համեմատաբար մօտ ատենէն հեռացնել: Պաշտօնատարը յայտնեց, որ Թրամփ երեքշաբթի օր Ամերիկայի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ժողովին ընթացքին համաձայնած է ամերիկեան ուժերը աւելի երկար պահելուն, սակայն չ՛ուզեր երկարատեւ յանձնառութիւն մը: «Կ՛ուզէ...

Փենթակոն Խոստացած Է Միջոցներու  Ձեռնարկել Սուրիոյ Մէջ  «Էս-300»-Ներու Տեղակայման Առնչութեամբ

Փենթակոն. «Թուրքիա Կը Շարունակէ ՕԹԱՆ-ի Մէջ Մեր Սերտ Դաշնակիցը Ըլլալ»

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան` Փենթակոնի բանբեր Ճոնի Մայքըլ յայտարարեց. «Թուրքիան կը շարունակէ Հիւսիսային Ատլանտեան դաշինքի` ՕԹԱՆ-ի մէջ մեր սերտ դաշնակիցը ըլլալ, եւ Ինճիրլիքի մէջ անոր օդուժի ռազմակայանը կը շարունակէ դաշինքին համար կարեւոր դեր ունենալ»: Մայքըլ շեշտեց ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ դաշինքին համար Ինճիրլիք ռազմակայանի կարեւորութիւնը` հերքելով այդ ռազմակայանին վերաբերեալ լուրերը: «Այդ լուրերուն նպատակը Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ անվստահութիւնը աճեցնելն է...

Եւրոպական Միութիւնը  Կը Քննադատէ Քոսովոյի  Կողմէ Վեց Թուրքերու`  Թուրքիոյ Արտայանձնումը

Եւրոպական Միութիւնը Կը Քննադատէ Քոսովոյի Կողմէ Վեց Թուրքերու` Թուրքիոյ Արտայանձնումը

Եւրոպական Միութիւնը 3 ապրիլին քննադատած է Քոսովոյի կողմէ Թուրքիոյ արտայանձնումը վեց թուրքերու, որոնք կը նկատուին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի քաղաքական հակառակորդները: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Եւրոպական Միութեան յայտարարութեան համաձայն, ատիկա «հարցեր կը յառաջացնէ» մարդու իրաւունքներուն նկատմամբ Փրիշթինայի եւ Անգարայի յարգանքին վերաբերեալ: Վեց թուրքերուն նկատմամբ կասկածներ կան իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի հետ կապեր ունենալու գծով: Կիւլեն Թուրքիոյ...

Ռուսիան Բրիտանիայէն  Կը Պահանջէ Ներում Հայցել

Ռուսիան Բրիտանիայէն Կը Պահանջէ Ներում Հայցել

Քրեմլին կը պահանջէ, որ Բրիտանիան ներում հայցէ ռուս նախկին լրտես Սերկէյ Սքրիփալի եւ անոր դստեր թունաւորման յաջորդած իրադարձութիւններուն վերաբերեալ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Բրիտանիոյ ուղղուած` ներում հայցելու պահանջը յաջորդեց Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան տարրալուծարանի բարձրաստիճան պաշտօնատար Կերի Էյթքընհետի 3 ապրիլին կատարած` «գիտնականները յստակ չեն բացայայտած  ջիղերը անդամալուծող «Նովիչոք» նիւթի աղբիւրը» յայտարարութեան: Նախապէս կը յայտարարուէր, որ թունաւոր նիւթը հաւանաբար...

«Եութիուպ»-ի Սան Տիեկոյի  Կեդրոնատեղիին Մէջ Հրացանաձգութիւն

«Եութիուպ»-ի Սան Տիեկոյի Կեդրոնատեղիին Մէջ Հրացանաձգութիւն

Միացեալ Նահանգներու մէջ «ԵուԹիուպ» համացանցային ծառայութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ հրացանաձգութիւն: «Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, որ ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը` վկայակոչելով իրաւապահ մարմիններու աղբիւրներ, հաղորդած է, որ հրացանաձգութիւնը կատարած է Նասիմ Աղտամ անունով կին մը: Իրաւապահ մարմիններուն տուեալներով` կինը, որ հրացանաձգութենէն ետք անձնասպան եղած է, կ՛ապրէր Ռիվըրսայտ քաղաքին, ինչպէս նաեւ Սան Տիեկոյի մէջ: Նախնական տուեալներով` ան որեւէ կապ չէ ունեցած «ԵուԹիուպ»...

Ըստ Թրքական «Ահուալ» Օրաթերթին.  Թուրքիա Իրաք Ներթափանցելով  Յառաջացած Է 17 Քիլոմեթր

Ըստ Թրքական «Ահուալ» Օրաթերթին. Թուրքիա Իրաք Ներթափանցելով Յառաջացած Է 17 Քիլոմեթր

Թրքական «Ահուալ» օրաթերթը հաղորդեց, որ թրքական ուժերը իրաքեան տարածքին մէջ 17 քիլոմեթր խորութեամբ ներթափանցած են եւ սկսած երկրին մէջ ճամբաներ ու մնայուն ռազմակայաններ կառուցել: Օրաթերթը կը նշէ, որ թրքական բանակը անցեալ ամիս նաեւ ներթափանցած էր Սուրիոյ Աֆրին քաղաք` աւելցնելով, որ իրաքեան տեղական աղբիւրներ պնդած են, թէ Թուրքիան այդ օրէն ի վեր կը շարունակէ Իրաք սպառազինութիւն ուղարկել եւ ուժեր տեղակայել: «Թրքական...

Այսօր Անգարայի Մէջ  Թուրքիա-Ռուսիա-Իրան Վեհաժողով.  «Ռուսիա-Թուրքիա-Իրան Վեհաժողովը Պիտի Զօրակցի Սուրիոյ Գերիշխանութեան»  Կ՛ըսէ Փութինի Օգնականը

Այսօր Անգարայի Մէջ Թուրքիա-Ռուսիա-Իրան Վեհաժողով. «Ռուսիա-Թուրքիա-Իրան Վեհաժողովը Պիտի Զօրակցի Սուրիոյ Գերիշխանութեան» Կ՛ըսէ Փութինի Օգնականը

Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով յայտնեց, որ այսօր Անգարայի մէջ նախատեսուած Ռուսիա-Թուրքիա-Իրան եռակողմ վեհաժողովը պիտի զօրակցի Սուրիոյ գերիշխանութեան, անկախութեան եւ հողային ամբողջականութեան: «Մենք կը սպասենք, որ երեք ղեկավարները իրենց ժողովին ու հաղորդագրութեան մէջ յանձնառութիւն յայտնեն Սուրիոյ գերիշխանութեան, կայունութեան եւ հողային ամբողջականութեան նկատմամբ: Ատիկա մեզի համար շատ կարեւոր է», ըսաւ ան: «Երեք երկիրները կը գիտակցին սուրիական տագնապին քաղաքական միջոցներով լուծման անխուսափելիութեան,...

Սալման Թագաւորին Հետ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութեան Մը Ընթացքին.  Թրամփ Շրջանին Մէջ Իրանեան Վտանգի  Դիմակայման Կարեւորութիւնը Կը Շեշտէ

Սալման Թագաւորին Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Մը Ընթացքին. Թրամփ Շրջանին Մէջ Իրանեան Վտանգի Դիմակայման Կարեւորութիւնը Կը Շեշտէ

Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփի հետ: Քննարկուեցան շրջանային ու միջազգային հարցեր, նախ եւ առաջ Պաղեստինի վերաբերող վերջին զարգացումները: Սալման թագաւորը միջազգային ջանքերու շրջագիծին մէջ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան հոլովոյթը յառաջ մղելու կարեւորութիւնը շեշտեց` նշելով, որ Պաղեստինեան դատին ու Երուսաղէմ մայրաքաղաքով անկախ պետութիւն ունենալու պաղեստինցի ժողովուրդի օրինական իրաւունքին վերաբերեալ սէուտական կեցուածքը...

Ճեմալ Փաշայի Թոռը Դատապարտուած Է  1 Տարի 6 Ամիս Բանտարկութեան

Ճեմալ Փաշայի Թոռը Դատապարտուած Է 1 Տարի 6 Ամիս Բանտարկութեան

Թուրքիոյ յայտնի լրագրող, Ճեմալ փաշայի թոռը` Հասան Ճեմալ դատապարտուած է 1 տարի 6 ամիս բանտարկութեան: Ըստ «Տի. Էյչ. Էյ.»-ին, ան մեղադրուած է «ահաբեկչական կազմակերպութեան օգտին քարոզչութիւն կատարելու» յանցանքով: Պատիժի պատճառն  է տակաւին 15 մայիս 2013-ին  անոր գրած «Նահանջի օրացոյց» վերնագիրով յօդուածաշարքը, որուն մէջ ան անդրադարձած է Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական նկատուող Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ): Ըստ մեղադրականին, Հասան Ճեմալը գովաբանած է...

Փարիզ Կ՛աջակցի Սուրիոյ Ժողովրդավարական  Ուժերուն ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարին

Փարիզ Կ՛աջակցի Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերուն ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարին

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Փարիզ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն աջակցութիւն կը տրամադրէ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ անոնց պայքարին մէջ»: Նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ողջունեց Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու յանձնառութիւնն ու ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ արձանագրած ձեռքբերումները` շեշտելով. «Ֆրանսա պիտի շարունակէ այս հասարակաց պայքարը մղել եւ մտադիր չէ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի Միջազգային դաշինքէն անջատ զինուորական նոր գործողութիւններ ղեկավարել»: «Ֆրանսա...

Թուրքիոյ Վարչապետ. «Մեր Պատմութիւնը  Լի Է Մարդկայնականութեամբ  Եւ Զերծ Է Գաղութատիրութենէ»

Թուրքիոյ Վարչապետ. «Մեր Պատմութիւնը Լի Է Մարդկայնականութեամբ Եւ Զերծ Է Գաղութատիրութենէ»

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտնեց, որ իր երկրին պատմութիւնը գաղութատիրութենէն զերծ է եւ մարդկայնականութեամբ լի` նշելով. «Մեր մշակոյթին ու պատմութեան մէջ գաղութատիրութիւն չկայ, այլ` մարդկայնականութիւն, այսինքն` կարիք ունեցողին օգնութեան տրամադրումը»: Ինչ կը վերաբերի Պոսնիոյ հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն` Եըլտըրըմ յայտնեց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ աջակցիլ Պոսնիոյ` ՕԹԱՆ-ի եւ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան ձգտումներուն, որպէսզի պալքանեան շրջանին մէջ խաղաղութիւն ու կայունութիւն հաստատուի:...

Թրամփ Փութինը Հրաւիրած Է Ուաշինկթըն

Թրամփ Փութինը Հրաւիրած Է Ուաշինկթըն

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ 20 մարտին տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին առաջարկած է Ուաշինկթընի մէջ ունենալ երկկողմանի հանդիպում մը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով: «Եթէ ամէն ինչ բնական ըլլայ, յոյս ունիմ, որ ամերիկացիները չեն հրաժարիր իրենց առաջարկէն` քննարկելու վեհաժողով կատարելու կարելիութիւնը», աւելցուցած...

Փենթակոնէն Եւ Ամերիկեան Վարչակազմէն  Աղբիւրներու Համաձայն.  Ամերիկեան Բանակը Կը Ծրագրէ Տասնեակներով  Ամերիկացի Զինուորներ Ուղարկել Հիւսիսային Սուրիա

Փենթակոնէն Եւ Ամերիկեան Վարչակազմէն Աղբիւրներու Համաձայն. Ամերիկեան Բանակը Կը Ծրագրէ Տասնեակներով Ամերիկացի Զինուորներ Ուղարկել Հիւսիսային Սուրիա

«Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանի տեղեկութեանց համաձայն, ըստ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութենէն ու վարչակազմէն շարք մը աղբիւրներու, ամերիկեան բանակը կը ծրագրէ տասնեակներով ամերիկացի զինուորներ ուղարկել հիւսիսային Սուրիա: Պաշտօնատարները յայտնած են, որ նշեալ ծրագիրը քանի մը օր քննարկուած է` նախքան հինգշաբթի օր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ կատարուած ամերիկեան ուժերը «շատ շուտով» Սուրիայէն հեռացնելու մասին յայտարարութիւնը: «Սի.Էն.Էն.» նախապէս հաղորդած էր, որ...

Զախարովա. «Մտահոգ Ենք Սուրիոյ Մէջ  Ամերիկայի Ներկայութեան Ամրապնդումէն»

Զախարովա. «Մտահոգ Ենք Սուրիոյ Մէջ Ամերիկայի Ներկայութեան Ամրապնդումէն»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց. «Սուրիոյ մէջ կացութիւնը կը պահանջէ միջազգային ջանքերու մէկտեղումը»` նշելով. «Մեր առաւելագոյն ջանքը կը թափենք Սուրիոյ տագնապը լուծելու»: «Արեւելեան Ղութայի մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գործողութիւնը գրեթէ աւարտեցաւ», ըսաւ ան: Զախարովա նաեւ յայտարարեց. «Ռուսիան մտահոգ է այն տեղեկութիւններէն, թէ Միացեալ Նահանգներն ու անոնց դաշնակիցները կ՛ամրապնդեն գերիշխան Սուրիոյ տարածքին մէջ իրենց ապօրինի զինուորական ներկայութիւնը: Մասնաւորաբար,...

Page 622 of 883 1 … 621 622 623 … 883

Արխիւներ