Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԱՀԿ Կը Մատնանշէ «Լայնածաւալ Խախտումներ»-ը. Ալիեւ Ազրպէյճանի Նախագահ` 4-րդ Անգամն Ըլլալով

Ապրիլ 13, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի արտակարգ նախագահական ընտրութեան ընթացքին նախատեսուածին համաձայն, ձայներու մեծամասնութեամբ յաղթանակ արձանագրած է գործող նախագահ, Ենի Ազերպայճան կուսակցութեան թեկնածու Իլհամ Ալիեւ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»` վկայակոչելով ազրպէյճանական պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը:

Ալիեւ ապահոված է քուէներու 86 առ հարիւրը, երկրորդ դիրքը գրաւած է անկախ թեկնածու Զահիտ Օրուճ, որ հաւաքած է քուէներուն ընդամէնը 3,11 առ հարիւրը:

Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի տուեալներուն համաձայն, ընտրութիւններուն մասնակցած է ընտրելու իրաւունք ունեցողներու 74,51 առ հարիւրը:

Ուշագրաւ է, որ ընտրութիւններուն ստացուած են բազմաթիւ հաղորդումներ ընտրական կոպիտ խախտումներու վերաբերեալ, մասնաւորաբար արձանագրուած են քուէաթերթիկներու լցոնումներու, լրագրողներու աշխատանքի խոչընդոտման եւ կրկնակի քուէարկութիւններու դէպքեր:

Ալիեւին արդէն իսկ շնորհաւորած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:

Ընտրութեան արդիւնքին վերաբերեալ ԵԱՀԿ  հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ ընտրութիւնը կայացած է սահմանափակ քաղաքական միջավայրի մէջ, գործող այնպիսի օրէնքներով, ուր կը սահմանափակուին այն հիմնարար իրաւունքներն ու ազատութիւնները, որոնք անհրաժեշտ են իրական ժողովրդավարական ընտրութիւններու կայացման համար:

«Բազմակարծութեան, ներառեալ նաեւ լրատուամիջոցներու ոլորտին մէջ բացակայութեան պայմաններուն մէջ ընտրութիւններու ընթացքին չէ եղած իրական մրցակցութիւն: Միւս թեկնածուները զերծ մնացին ուղղակիօրէն մարտահրաւէր կարդալէ կամ քննադատելէ գործող նախագահը, տարբերակում չէ եղած անոր քարոզարշաւի եւ պաշտօնական գործունէութեան միջեւ», կ՛ըսուի ԵԱՀԿ-ի յայտարարութեան մէջ:

Կազմակերպութիւնը արձանագրուած է, որ ընտրութիւններու օրը նկատած են պարտադիր ընթացակարգերու լայնածաւալ խախտումներ, թափանցիկութեան բացակայութիւն, բազմաթիւ լուրջ խախտումներ: Քուէաթղթիկներու հաշուարկի ընթացքին մտադրուած կերպով զեղծարարութիւններ կատարուած են:

«Մենք պէտք է հաշուի առնենք, որ այնպիսի քաղաքական միջավայրի մէջ, ուր ժողովրդավարական սկզբունքները վարկաբեկուած են, եւ օրէնքի գերակայութիւնը կը բացակայի, արդար ու ազատ ընտրութիւններ կատարելը անկարելի է: Ընտրութեան օրը մենք արձանագրած ենք շարք մը խախտումներ, սակայն չկայ տարբերակ յստակացնելու, թէ ատոնք ինչպէս ազդած են ընտրութիւններուն արդիւնքներուն վրայ», նշած է Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի պատուիրակութեան ղեկավար Վիորել Ռիսերտ Պատիան:

Ընտրութեան մէջ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ի դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Քորին Եոնքեր ընդգծած է, որ գործնականին մէջ կը բացակայէին այն հիմնարար իրաւունքներն ու ազատութիւնները, որոնք անհրաժեշտ են ժողովրդավարական ընտրութիւններու համար: «Իշխանութիւնները պէտք է կատարեն Ազրպէյճանի պարտականութիւնները իբրեւ ԵԱՀԿ-ի մասնակից երկիր` յարգելու, պաշտպանելու քաղաքացիներու ժողովրդավարական իրաւունքները եւ աջակցելու անոնց», ըսած է ան:

 

 

Նախորդը

Յոյն Զինուորները Կրակ Բացած Են Յունական Կղզիին Վերեւ Թռիչք Կատարող Ուղղաթիռին Վրայ

Յաջորդը

«Թրքական Բանակը Պիտի Շարունակէ Աֆրինի Մէջ Մնալ Մինչեւ Որ Թուրքիոյ Սահմաններուն Ուղղուած Վտանգը Ի Սպառ Չքանայ» Կ՛ըսէ Ճանիքլի

RelatedPosts

Ալիեւ. «Մենք Մեր Նահատակներուն Գնով  Ապահովեցինք ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի  Չորս Բանաձեւերու Իրականացումը»
Միջազգային

Ալիեւ. «Մենք Մեր Նահատակներուն Գնով Ապահովեցինք ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Չորս Բանաձեւերու Իրականացումը»

Հոկտեմբեր 3, 2023
ՔԱԿ Ստանձնեց Թուրքիոյ Ներքին Գործոց  Նախարարութեան Վրայ Յարձակումի  Պատասխանատուութիւնը
Միջազգային

ՔԱԿ Ստանձնեց Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարութեան Վրայ Յարձակումի Պատասխանատուութիւնը

Հոկտեմբեր 2, 2023
Ապտոլլահեան. «Հայաստանի Անվտանգութիւնը  Կը Նկատենք Իրանի Անվտանգութիւնը»
Միջազգային

Ապտոլլահեան. «Աշխարհագրութեան, Դրացնութեան Քաղաքականութեան, Պատմութեան Վրայ Հիմնուած Համագործակցութիւնը Կրնայ Ապահովել Շրջանի Խաղաղութիւնը»

Սեպտեմբեր 26, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In