Շուէտ 1 յուլիսէն սկսեալ մէկ ամսուան տեւողութեամբ ստանձնեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նախագահութիւնը:
Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Մարկութ Վալսթրոմ յայտնեց, թէ իր երկիրը 1 յուլիսէն 1 օգոստոս երկարող ժամանակամիջոցին պիտի վարէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նախագահի պաշտօնը` նշելով, որ Շուէտ այդ պաշտօնը կը ստանձնէ այնպիսի պահու մը, երբ աշխարհի տարածքին մեծաթիւ մարդիկ կը դիմագրաւեն դժուարութիւններ, իսկ ուրիշներ պաշտպանուածութիւն կը փնտռեն:
Ան շեշտեց, որ իր երկիրը կիներու եւ մանուկներու իրաւունքները գլխաւոր առաջնահերթութիւն պիտի նկատէ, ինչպէս նաեւ Եմէնի, Սուրիոյ եւ Միանմարի վերաբերող հարցերը պիտի ներառուին օրակարգի գլխաւոր կէտերուն վրայ:


