Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուն, ինչպէս նաեւ երկրի շարք մը շրջաններ 2-էն 3 յուլիսի լուսցող գիշերը ելեկտրականութեան հոսանքէ զրկուելու պատճառով յայտնուած են լայնածաւալ խաւարի մէջ:
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը յայտնէին, որ ելեկտրականութենէ զանգուածային զրկումին պատճառը Մինկեչաուրի ելեկտրակայանին մէջ տեղի ունեցած արկածն էր:
Աւելի ուշ, Ազրպէյճանի ուժանիւթի նախարարութիւնը բացատրողական յայտարարութիւն մը հրապարակեց` յայտնելով, թէ արկածի պատճառ դարձած է երկրին մէջ անբնական տաքը, որ յանգեցուցած է բնակչութեան կողմէ ելեկտրականութեան սպառման ծաւալներու յաւելման, ինչ որ խափանած է ելեկտրակայանի սարքերէն մէկը:
Առանց հոսանքի մնացած քաղաքներուն շարքին էին նաեւ Սումկայիթը, Շիրվանը, Գանձակը, Զագաթալան եւ այլ քաղաքներ:
Ժամեր ետք միայն ելեկտրականութենէ զրկուած քաղաքներու, նաեւ մայրաքաղաք Պաքուի որոշ շրջաններու ելեկտրականութիւնը վերականգնած է:
Նշենք, որ վերոնշեալ շրջանները ելեկտրականութեան կողքին նաեւ զրկուած են ջուրէ: