Աւստրալիոյ Քուինզլանտ նահանգին մէջ սաստիկ տաքին պատճառով հալած է ճամբու կուպրը, որ ամբողջովին պատած է ինքնաշարժներուն անիւներն ու իսկական քաոս յառաջացուցած ճամբաներուն վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Լենթա» կայքը:
Վնասներ կրած վարորդներէն առնուազն 50-ը դրամական փոխհատուցում պիտի ստանայ տաքին պատճառով կրած իր վնասին համար: Փոխադրութեան նախարարութիւնը արդէն փակած է քանի մը ճամբայ` զանոնք շտապ կերպով վերանորոգելու համար:
Իշխանութիւնները բացատրած են, որ տեղի ունեցածին պատճառը արտառոց եղանակային պայմաններն են եւ յայտնած, որ պիտի փոխհատուցեն վնասներ կրած քաղաքացիներուն: Միեւնոյն ժամանակ իշխանութիւնները խուսափած են այն հարցէն, թէ արդեօք ստեղծուած իրավիճակը կրնա՞յ անորակ ճամբաներու հետեւանք ըլլալ: