Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի խորհրդական Ումիթ Եալչըն յայտնեց, որ իր երկրին ու Միացեալ Նահանգներուն միջեւ գոյացած Մընպեժի համաձայնութիւնը վերջին շրջանին երկու կողմերուն միջեւ ընթացած աշխուժ բանակցութիւններուն առաջին շօշափելի արդիւնքն է:
Ան վստահութիւն յայտնեց, որ յառաջիկայ փուլին երկու երկիրներու աշխատանքային միացեալ խմբակին գումարելիք ժողովները պիտի շարունակեն մնալ կարեւոր մեքանիզմ մը` լուծելու համար երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող հարցերը, որոնք երկար ատենէ ի վեր երկու երկիրներուն միջեւ զգայնութիւն յառաջացուցած են:
Ան յայտնեց, թէ Թուրքիան ու Միացեալ Նահանգները ՕԹԱՆ-ի անդամ դաշնակիցներ են եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու մակարդակին վրայ ռազմավարական գործընկերներ:
«Թուրքիոյ եւ շրջանին մէջ վերջերս արձանագրուած զարգացումները երկու երկիրներուն միջեւ տարակարծութիւններու պատճառ դարձան», նշեց Եալչըն: