Ռուսական օդուժը հարուածած են Իտլիպ նահանգի հարաւ-արեւմուտքը: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Կազեթա» կայքը:
Կը նշուի, որ օդային հարուածները հասցուած են Ժըսր Շուղուր քաղաքին մօտ` Թուրքիոյ հետ սահմանին վրայ: Քաղաքը կը գտնուէր ահաբեկիչներու վերահսկողութեան տակ:
Օդային հարուածը հասցուած է անյայտ զինեալներու կողմէ ռուսական Հմէյմիմ օդուժի ռազմակայանին դէմ կատարուած յարձակումի փորձէն ետք: