Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բողոքագիր ներկայացուցած է Ֆրանսային եւ Գերմանիոյ` իրանցի դիւանագէտի ձերբակալման համար: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Պահրամ Քասեմի:
Նշենք, որ Գերմանիոյ մէջ ձերբակալուած է Վիեննայի մէջ հաւատարմագրուած իրանցի դիւանագէտը` Ֆրանսայի մէջ ահաբեկչութեան նախապատրաստման մասին գործի ծիրին մէջ: Աւստրիա պահանջած է դիւանագէտը զրկել անձեռնմխելիութենէ: Ահաբեկչութեան կանխարգիլման մասին լուրը լրատուամիջոցներուն մէջ յայտնուած էր Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի` Զուիցերիա եւ Աւստրիա կատարած այցելութենէն առաջ: Իրան մեղադրանքները կը հերքէ:
Քասեմիի համաձայն, ձերբակալութեան հարցով Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած են Ֆրանսայի եւ Պելճիքայի դեսպանները, ինչպէս նաեւ Թեհրանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը:
«Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ապպաս Արաքժի բողոք յայտնած է Ֆրանսայի դեսպանին եւ Գերմանիոյ դեսպանատան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարին` իրանցի դիւանագէտին ձերբակալութեան վերաբերեալ», յայտնած է Քասեմի: