Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ սպառնաց Առեւտուրի միջազգային կազմակերպութեան դէմ քայլերու դիմել:
Նախքան այդ, հաղորդուած էր, որ ան կը փափաքի միջազգային առեւտուրը կազմակերպող այդ կազմակերպութենէն դուրս գալ:
Թրամփ Սպիտակ տան մէջ լրագրողներու յայտնած է, որ Առեւտուրի միջազգային կազմակերպութիւնը «Միացեալ Նահանգներու հետ շատ վատ վարուեցաւ, եւ կը յուսամ, որ իրենց գործելաոճը կը փոխեն: Բազմաթիւ տարիներ շարունակեցին մեզի հետ շատ վատ վարուիլ, եւ այդ պատճառով մենք Առեւտուրի միջազգային կազմակերպութենէն մեծ վնաս կը կրենք»:
«Ներկայիս որեւէ բան չենք ծրագրեր, սակայն եթէ մեզի հետ պատշաճօրէն չվարուին, բան մը պիտի ընենք», աւելցուց Միացեալ Նահանգներու նախագահը: