Միջազգային

Սէուտական Արաբիան Ու Պաղեստինեան  Իշխանութիւնը  Իսրայէլը Զգուշացուցած Են  Երուսաղէմի Մէջ Թուրքիոյ Ազդեցութենէն

Սէուտական Արաբիան Ու Պաղեստինեան Իշխանութիւնը Իսրայէլը Զգուշացուցած Են Երուսաղէմի Մէջ Թուրքիոյ Ազդեցութենէն

Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Պաղեստինեան իշխանութիւնն ու Սէուտական Արաբիան անցեալ տարի Իսրայէլը զգուշացուցած են Երուսաղէմի մէջ Թուրքիոյ ազդեցութեան աճէն: Իսրայէլեան օրաթերթը կ՛աւելցնէ, որ Պաղեստինեան իշխանութիւնը կը թուի մտավախութիւն ունենալ իր վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջանին մէջ Թուրքիոյ իսլամական կազմակերպութիւններուն աջակցութեան նկատմամբ: «Հաարեց» կը նշէ, որ Սէուտական Արաբիան իր կարգին մտավախութիւն ունի Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի...

Գաղթականներու Հարցով Մերքելի Հետ  Տարակարծութեան Պատճառով.  Գերմանիոյ Ներքին Գործոց Նախարարը  Ներկայացուց Իր Հրաժարականը

Գաղթականներու Հարցով Մերքելի Հետ Տարակարծութեան Պատճառով. Գերմանիոյ Ներքին Գործոց Նախարարը Ներկայացուց Իր Հրաժարականը

Գերմանիոյ ներքին գործոց նախարար, Քրիստոնեայ ընկերային միութեան նախագահ Հորսթ Զեհոֆըր, որ վարչապետ Անկելա Մերքելի ներգաղթի քաղաքականութիւնը ամէնէն խիստ քննադատողներէն է, յայտարարած է վերջերս Եւրոպական Միութեան ղեկավարներու` ներգաղթի ճգնաժամի լուծման ուղղուած նոր համաձայնութիւններուն առնչութեամբ իր ունեցած դժգոհութիւնը` խնդրելով զինք հեռացնել երկու պաշտօններէն ալ: «Ցզվեզտա» կայքը կը նշէ, որ Զեհոֆըր նախապէս յայտնած էր, թէ կ՛ուզէ փակել Գերմանիոյ սահմանները, եւ յատկանշական է, որ...

ՄԱԿ-ի Մէջ Խաղաղապահութեան Գործողութիւններու  Պիւտճէի Նուազեցման  Շուրջ Համաձայնութիւն

ՄԱԿ-ի Մէջ Խաղաղապահութեան Գործողութիւններու Պիւտճէի Նուազեցման Շուրջ Համաձայնութիւն

«Նաշրա» լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ դիւանագիտական աղբիւրներ տեղեկացուցած են, թէ ՄԱԿ-ի անդամները համաձայնութիւն գոյացուցած են յառաջիկայ 12 ամսուան ընթացքին ՄԱԿ-ի խաղաղապահ գործողութիւններուն նուազ քան 7 միլիառ տոլար յատկացնելու շուրջ: Աղբիւրներէն մէկը նշած է, որ խաղաղապահ գործողութիւններու պիւտճէն 122 միլիոն տոլարով կրճատուած է` նուազելով 6,689 միլիառ տոլարի: ՄԱԿ-ի խաղաղապահ գործողութիւններուն համար յատկացուած պիւտճէն անցեալ տարի 7,3 միլիառ տոլար էր:  

Էրտողանի Բանբերը Կը Քննադատէ Ցեղասպանութեան Բանաձեւը Քննելու Գերմանիոյ Քայլը

Քալըն Կրնայ Դառնալ Թուրքիոյ Նոր Արտաքին Գործոց Նախարարը

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն մօտիկ ապագային կրնայ ստանձնել երկրի արտաքին գործոց նախարարի, իսկ Պոլսոյ նահանգապետ Վասիփ Շահին` ներքին գործոց նախարարի պաշտօնը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Սոյճու» օրաթերթը` յղում կատարելով Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն աղբիւրի մը: Բացի ատկէ, օրաթերթը կը նշէ, որ ըստ իրենց ստացած տեղեկութիւններուն, Թուրքիոյ փոխվարչապետ ու կառավարութեան բանբեր Պեքիր Պոզտաղ կրնայ ստանձնել երկրի փոխնախագահի...

Փեշմերկաները Սպաննած Են Իրաքի Մէջ  ՏԱՀԵՇ-ի Ելեւմուտքի Գլխաւոր Պատասխանատուն

Փեշմերկաները Սպաննած Են Իրաքի Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Ելեւմուտքի Գլխաւոր Պատասխանատուն

Փեշմերկաները, Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած Միջազգային դաշինքին օգնութեամբ, Իրաքի մէջ սպաննած են ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման ելեւմուտքի գլխաւոր պատասխանատուն: «Արմէնփրես» կը նշէ, որ 2 յուլիսին այս մասին հաղորդած է «Ռուտաու» պատկերասփիւռի կայանը: Մախմուրի մէջ փեշմերկաներու հրամանատար Սիրվան Պարզանիի համաձայն, «միացեալ գործողութեան շնորհիւ կարելի եղած է վերացնել ՏԱՀԵՇ-ի երեք հրամանատարներ, ներառեալ զինեալ Ապու Ուպէյտան, որ պատասխանատու էր խմբաւորման ֆինանսաւորման»: Ան աւելցուցած է, որ...

Աւստրիան Գլխաւորած Է  Եւրոպական Խորհուրդը

Աւստրիան Գլխաւորած Է Եւրոպական Խորհուրդը

Աւստրիան 1 յուլիսին դարձած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահող երկիր: «Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ Աւստրիոյ վարչապետ Սեպասթիան Քուրց մտադիր է Եւրոպական խորհուրդի նախագահութեան կարելիութիւնը օգտագործել «Եւրոպական Միութեան մէջ կամուրջներ կառուցելու, Եւրոպայի մէջ լարուածութեան թուլացման եւ Եւրոպական Միութեան ամրապնդման համար»: Յառաջիկայ կէս տարուան համար նախատեսուած առաւել նշանակալի նիւթերը պիտի ըլլան Եւրոպական Միութեան ներգաղթի քաղաքականութիւնը, միութեան ապագայ պիւտճէն, «Պրեքզիթ»-ը եւ պալքանեան պետութիւններուն...

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Հտէյտայի Մէջ  Զինուորական Գործողութեան  «Ժամանակաւոր Դադրեցում» Յայտարարեց

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Հտէյտայի Մէջ Զինուորական Գործողութեան «Ժամանակաւոր Դադրեցում» Յայտարարեց

Եմէնի մէջ Սէուտական Արաբիոյ գլխաւոր դաշնակից Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները երէկ յայտարարեցին, թէ Հտէյտայի մէջ զինուորական գործողութիւնը «ժամանակաւորապէս պիտի դադրեցնէ»` առիթ ընծայելու համար Հտէյտա նաւահանգիստը «առանց նախապայմաններու» յանձնելու հոլովոյթը դիւրացնելու ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Մարթին Կրիֆինի ջանքերուն: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Անուար Քըրքաշ «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ անգլերէնով գրառում մը կատարելով ողջունեց հուսիներու Հտէյտա քաղաքէն ու նաւահանգիստէն հեռացումը` ապահովելու համար...

«Քիւրտ Զինեալները Կը Լքեն Մընպեժը,  Անոնց Զէնքերը Ետ Կ՛առնուին»  Կ՛ըսէ Զօր. Աքար

«Քիւրտ Զինեալները Կը Լքեն Մընպեժը, Անոնց Զէնքերը Ետ Կ՛առնուին» Կ՛ըսէ Զօր. Աքար

Թուրքիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ զօր. Հուլուսի Աքար, մեկնաբանելով Սուրիոյ Մընպեժ քաղաքին մէջ տիրող կացութիւնը, յայտնած է, որ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները սկսած են լքել քաղաքը, իսկ անոնց մօտ եղած զէնքը ետ կ՛առնուի ամերիկեան ուժերուն կողմէ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Միլլիեթ» օրաթերթը: Ամերիկեան կողմը տակաւին պաշտօնապէս որեւէ ձեւով չէ արձագանգած թրքական բանակի սպայակոյտի պետին այս յայտարարութեան: Աքար նաեւ նշած...

Սուրիական Բանակը Կը Շարունակէ Դէպի  Յորդանանի Հետ Սահման Իր Յառաջխաղացքը

Սուրիական Բանակը Կը Շարունակէ Դէպի Յորդանանի Հետ Սահման Իր Յառաջխաղացքը

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ սուրիական բանակը սուրիական դրօշը բարձրացուցած է Տարաայի հիւսիսային գիւղական շրջանին մէջ: Միեւնոյն ժամանակ հաշտութեան յանձնախումբերու ճամբով զինեալ ընդդիմադիրներու կարգավիճակի կարգաւորումէն ետք, ռուսական զինուորական ոստիկանութիւնը տարածուած է Տահել շրջանին մէջ: Սուրիական բանակը Տահել մուտք գործելէն ետք մօտեցած է Հաուրանի արեւմտեան գիւղական շրջաններուն մէջ գտնուող Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի կեդրոններուն: Միւս կողմէ, «Մայատին» հաղորդեց, որ Յորդանանի...

Թեհրան Կը Զգուշացնէ Քիմիական Նիւթով  Բեռնաւորուած Ամերիկեան Նաւու Մը  Արաբական Ծոց Մուտքի Հետեւանքներէն

Թեհրան Կը Զգուշացնէ Քիմիական Նիւթով Բեռնաւորուած Ամերիկեան Նաւու Մը Արաբական Ծոց Մուտքի Հետեւանքներէն

Իրանեան զինեալ ուժերը զգուշացուցին Սուրիա եւ Իրաք փոխադրելու համար քիմիական նիւթով մը բեռնաւորուած ամերիկեան նաւու մը Արաբական ծոց մուտքի հետեւանքներէն: Իրանեան բանակի բանբեր մը յայտնեց. «Ամերիկացիները այս միջոցը նախապէս ալ օգտագործեցին Դամասկոսը քիմիական զէնքի կիրարկման յանցանքով ամբաստանելու համար»: «Ամերիկացիները պատրուակներու կը դիմեն Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ իրենց անօրինական ներկայութիւնը պահպանելու համար», աւելցուց ան: Իրանեան զինեալ ուժերու բանբեր մը երէկ առաւօտեան...

Քերքուքի Մէջ Ականահարուեցաւ Ընտրական  Կեդրոնական Յանձնախումբի Պահեստանոցը

Քերքուքի Մէջ Ականահարուեցաւ Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբի Պահեստանոցը

Քերքուքի մէջ երէկ տեղի ունեցան երեք ականահարումներ, որոնցմէ մէկուն թիրախը քուէատուփերու պահեստանոց մըն էր: Իրաքեան ոստիկանութենէն աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Քերքուքի մէջ քուէատուփերու պահեստանոցին մօտ ականուած ինքնաշարժի մը պայթումը պատճառած է զոհ մը եւ քսան վիրաւորներ, որոնց մեծամասնութիւնը այդ պահեստանոցի հսկողութեան պարտականութիւնը կատարող ոստիկաններ էին: Ըստ իրաքեան լրատու գործակալութիւններու, զոհերուն թիւը վեց է: «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը...

Թալեպանները Գրաւած Են Աֆղանիստանի  Եւ Տաճիկիստանի Սահմանին  Վրայ Գտնուող Նաւահանգիստը

Թալեպանները Գրաւած Են Աֆղանիստանի Եւ Տաճիկիստանի Սահմանին Վրայ Գտնուող Նաւահանգիստը

Ծայրայեղ իսլամական Թալեպան շարժումի զինեալները գրաւած են Տաճիկիստանի հետ սահմանին վրայ գտնուող Այ Խանում աֆղանական նաւահանգիստը: Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով աֆղանական լրատուամիջոցներուն, կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած են Աֆղանիստանի հիւսիսարեւելեան Թահար նահանգի վարչակազմէն աղբիւրներ: Նշեալ նաւահանգիստին դէմ յարձակումը շղթայազերծուած է շաբաթ գիշեր: Թալեպան զինեալները սահմանապահ ոստիկանութեան երկու աշխատակից սպաննած են եւ երկու սահմանապահներ վիրաւորած, ինչպէս նաեւ հինգ...

Իրան Սէուտական Արաբիայէն Թրամփի Խնդրանքը  Կը Նկատէ ՕՓԵՔ-էն Դուրս Գալու Առաջարկ

Իրան Սէուտական Արաբիայէն Թրամփի Խնդրանքը Կը Նկատէ ՕՓԵՔ-էն Դուրս Գալու Առաջարկ

ՕՓԵՔ-ի (Քարիւղ արտադրող երկիրներու կազմակերպութեան) մէջ Իրանի ներկայացուցիչ Հոսէյն Քազեմփուր Արտեպիլի յայտարարած է, թէ իր երկիրը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` քարիւղի արտադրութեան ծաւալը մեծցնելու Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորէն խնդրանքը կը նկատէ ՕՓԵՔ-էն դուրս գալու առաջարկ: Իրանեան «Շանա» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ իրանցի պաշտօնատարին համաձայն, տուեալ առաջարկը կարելի է գնահատել իբրեւ ՕՓԵՔ-էն դուրս գալու գծով Սէուտական...

Իրան Յայտարարած Է Ամերիկեան  Պատժամիջոցներու Դէմ  Պայքարի Նոր Միջոցներու Մասին

Իրան Յայտարարած Է Ամերիկեան Պատժամիջոցներու Դէմ Պայքարի Նոր Միջոցներու Մասին

Իրանի իշխանութիւնները սեփական մարզին պիտի արտօնեն Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներուն հակազդելու համար քարիւղ արտածել: Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իրանի փոխնախագահ Էսհաք Ճահանկիրի: Անոր համաձայն, օտար երկիրներու կողմէ իրանեան քարիւղի գնման ծաւալները զերոյի հասցնելու Միացեալ Նահանգներու ձգտումը անիրագործելի է: Նոյնպիսի տեսակէտ յայտնած է Իրանի քարիւղի հարցերով նախարարութեան մէկ այլ պաշտօնատար անձ: «Մենք քննարկած ենք...

Սոչիի Մէջ Ասթանայի Ձեւաչափով Սուրիոյ  Շուրջ Հանդիպում` 30 Եւ 31 Յուլիսին

Սոչիի Մէջ Ասթանայի Ձեւաչափով Սուրիոյ Շուրջ Հանդիպում` 30 Եւ 31 Յուլիսին

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Վիրշենին յայտնեց, որ Ասթանայի ձեւաչափով Սուրիոյ շուրջ նոր հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ Սոչիի մէջ` 30 եւ 31 յուլիսին: Ան նշեց, որ 3 մասնակից երկիրները (Ռուսիա, Թուրքիա եւ Իրան) ներկայ պիտի գտնուին, ներկայ պիտի ըլլան նաեւ դիտորդներ, ինչպէս նաեւ սուրիական կողմերը:

«Սի. Էն. Էն.». «Թրամփ Կը Յուսայ Համաձայնութիւն  Ձեռք Բերել Փութինի Հետ` Սուրիայէն Ամերիկեան  Ուժերը Դուրս Բերելու Վերաբերեալ»

«Սի. Էն. Էն.». «Թրամփ Կը Յուսայ Համաձայնութիւն Ձեռք Բերել Փութինի Հետ` Սուրիայէն Ամերիկեան Ուժերը Դուրս Բերելու Վերաբերեալ»

«Սի.Էն.Էն» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփ կը յուսայ համաձայնութիւն ձեռք բերել Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ Սուրիոյ վերաբերեալ, իրենց առաջին պաշտօնական հանդիպման ընթացքին, եւ այս համաձայնութիւնը առիթ պիտի տայ իր երկրին ուժերը դուրս բերելու Սուրիայէն: Կայանը նշեց, որ ըստ առաջարկուած համաձայնութեան, Սուրիոյ կառավարական ուժերը պիտի յաջողին Ռուսիոյ աջակցութեամբ իրենց վերահսկողութեան տակ առնել «Յորդանանի սահմանին մօտ գտնուող...

Մերքել Կ՛ընդունի, Թէ Ուաշինկթընի Հետ  Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութիւն Կայ

Մերքել Կ՛ընդունի, Թէ Ուաշինկթընի Հետ Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութիւն Կայ

Գերմանիոյ վարչապետ Անժելա Մերքել ընդունեց, որ կայ լարուածութիւն Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններուն մէջ` պահանջելով եւրոպացիներէն յաւելեալ գումարներ ներդրել ՕԹԱՆ-ի մէջ: Ան յայտնեց, որ ամերիկեան քաղաքականութիւնը նախ բարդացուց յարաբերութիւնները Միացեալ Նահանգներու եւ անոր արեւմտեան գործընկերներուն միջեւ, եւ եւրոպական-ամերիկեան յարաբերութիւնները այսօր լարուած են, բայց անհրաժեշտ են միացեալ ապահովութիւն հաստատելու համար: Անդրադառնալով ՕԹԱՆ-ի ապագային` Մերքել յայտնեց, որ եւրոպացիները յաւելեալ գումարներ պէտք է ներդրեն...

«Ռուսիա Մեզի Համար Վստահելի  Բարեկամ Չէ»  Կ՛ըսէ Իրանցի Խորհրդարանական Մը

«Ռուսիա Մեզի Համար Վստահելի Բարեկամ Չէ» Կ՛ըսէ Իրանցի Խորհրդարանական Մը

Իրանցի խորհրդարանական Պահրուզ Պենիատի յայտնեց, որ Ռուսիա Իրանի համար վստահելի բարեկամ չէ` բացատրելով, որ Ռուսիա եւ Սուրիոյ վարչակարգը կրնան զոհել Իրանը իրենց շահերուն համար` տրուած ըլլալով, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կեցուածքը մօտեցած է Ռուսիոյ: Պենիատի անդրադարձաւ Իրանի տնտեսական տագնապին` նշելով, որ այս խնդիրը կարելի է լուծել օգտագործելով երկրին պաշարները եւ կարողութիւնները` պայքարելու համար աղքատութեան եւ անգործութեան դէմ: Ան ընդգծեց,...

Փոմփէօ Թուրքիոյ Հետ Արդիւնաւէտ Բանակցութիւններու Կոչ Կ՛ուղղէ

Փոմփէօ Թուրքիոյ Հետ Արդիւնաւէտ Բանակցութիւններու Կոչ Կ՛ուղղէ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ կոչ ուղղեց աշխուժացնելու բանակցութիւնները Ուաշինկթընի եւ Անգարայի միջեւ: 27 յունիսին խօսք առնելով Ծերակոյտի արտաքին ֆինանսաւորման հարցերով յանձնախումբին մէջ, ան յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ ընտրութիւնները աւարտած են, եւ կրնան սկսիլ բանակցութիւններու աւելի արդիւնաւէտ փուլը: Փոմփէօ յոյս յայտնեց, որ այդ հոլովոյթը կը կառուցուի Սուրիոյ Մընպեժին շուրջ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ համաձայնութիւններու հիման վրայ: Մընպեժի...

Թուրքիա Պիտի Չհնազանդի  Իրանի Հետ Քարիւղի  Առեւտուրը Դադրեցնելու  Միացեալ Նահանգներու Կոչին

Թուրքիա Պիտի Չհնազանդի Իրանի Հետ Քարիւղի Առեւտուրը Դադրեցնելու Միացեալ Նահանգներու Կոչին

Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարար Նիհաթ Զէյպեքչի յայտարարեց, որ Թուրքիա պիտի չհնազանդի Միացեալ Նահանգներու` Իրանի հետ քարիւղային առեւտուրը դադրեցնելու պահանջին: Ան պնդեց, որ պիտի շարունակեն քարիւղ ներմուծել, նոյնիսկ եթէ ՄԱԿ-ի պատժամիջոցներուն մասին որոշում ըլլայ: «Մենք պիտի առաջնորդուինք մեր շահերով», ըսաւ ան: Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներ մինչեւ 4 նոյեմբեր ժամանակ տուած է իր դաշնակիցներուն` դադրեցնելու Իրանէն քարիւղի ներմուծումը: Թուրքիա, որ Ուաշինկթընէն զգուշացում ստացած...

Page 602 of 883 1 … 601 602 603 … 883

Արխիւներ