Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով հերքեց, թէ քննարկուած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի 16 յուլիսին նախատեսուած ժողովը ֆինլանտական Ֆանթա քաղաքին մէջ գումարելու հարցը` նշելով, որ քաղաքին անունը պիտի յայտարարուի հետագային:
«Ոչ ոք Փութինի եւ Թրամփի միջեւ վեհաժողովի գումարումին համար մտածեց Ֆանթա քաղաքին մասին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ հանդիպման վայրին վերաբերող լուրը պիտի յայտարարուի «պատշաճ ժամանակին»:
«Պէտք չկայ վայրի որեւէ փոփոխութեան մասին խօսիլ, որովհետեւ վեհաժողովը Ֆանթայի մէջ գումարել ծրագրուած չէր», նշեց Փեսքով:
Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անաթոլի Անթոնով իր կարգին անհաւանական նկատեց, որ Թրամփ-Փութին վեհաժողովը լուծէ երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող հարցերը, «սակայն պիտի յստակացնէ անոնց բնականոնացման ընթացքը»:
«Ասիկա երկու ղեկավարներուն միջեւ շատ կարեւոր ժողով մըն է: Բոլորը անհամբեր կը սպասեն այդ իրադարձութեան: Միացեալ Նահանգներու հետ մեր յարաբերութիւնները ներկայիս իրենց լաւագոյն վիճակին մէջ չեն: Շատ յստակ է, որ այս վեհաժողովը երկու ղեկավարներուն համար լաւ առիթ մը պիտի ըլլայ քննարկելու համար երկու երկիրները հետաքրքրող հարցերը», ըսաւ Անթոնով:
Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դեսպանը նաեւ շեշտեց. «Անկարելի է մեր յարաբերութիւնները խանգարող բոլոր արգելքները յաղթահարել, սակայն ժողովը կրնայ յստակացնել դէպի այդ նպատակը տանող ուղին»:



