Թրամփ Շնորհակալութիւն Յայտնած Է Ընին Ամերիկացի Զինուորներու Աճիւնները Վերադարձնելուն Համար
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ շնորհակալութիւն յայտնած է Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ընին` ամերիկացի զինուորներուն աճիւնները հայրենիք վերադարձնելուն համար: Ամերիկացի զինուորները պատերազմի տարիներուն զոհուած են Քորէական թերակղզիին մէջ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Թրամփ համապատասխան գրառումը կատարած է «Թուիթըր»-ի վրայ: «Ամերիկացի զինուորներու աճիւնները շուտով դուրս պիտի բերուին Հիւսիսային Քորէայէն եւ ուղարկուին Միացեալ Նահանգներ: Այդքան երկար տարիներէ ետք ատիկա մեծ իրադարձութիւն...




















