Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոնկրեսը Որոշեց Ժամանակաւորապէս Դադրեցնել «Էֆ-35»-ներու Մատակարարումը Թուրքիոյ

July 25, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը որդեգրեց 2019-ի զինուորական ոլորտի ծախսերուն մասին նախագիծը, որուն մէջ տեղ գտած է նաեւ Թուրքիոյ ամերիկեան «Էֆ-35» հալածիչներու մատակարարումը դադրեցնելու մասին որոշումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ի թրքական ծառայութիւնը:

Ըստ որդեգրուած որոշումին, Փենթակոնը նախագիծի որդեգրումէն ետք 90 օրուան ընթացքին պէտք է Քոնկրեսին ներկայացնէ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու ներկայ իրավիճակին մասին մանրակրկիտ զեկուցում, որուն մէջ պէտք է ներկայացուած ըլլայ նաեւ Թուրքիոյ կողմէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային համակարգերու ձեռքբերման գործարքի` թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն վրայ ունեցած ազդեցութեան ու Միացեալ Նահանգներու զինուորական արդիւնաբերութեան համար ստեղծած վտանգները:

Փենթակոնի կողմէ պահանջուած զեկուցումը մինչեւ քոնկրեսականներուն ներկայացնելը` «Էֆ-35»-երու Թուրքիոյ մատակարարման հոլովոյթը ժամանակաւորապէս դադրեցուած պիտի ըլլայ:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիս Քոնկրեսին կոչ ուղղած էր չխոչընդոտելու Թուրքիոյ «Էֆ-35»-ներու տրամադրման հոլովոյթը:

Նախապէս Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը որդեգրած էր փաստաթուղթ մը, ըստ որուն, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ «Էս-400» հակաօդային համակարգի գնումին պէս մեծ գործարքի իրականացումը փաստացիօրէն կը հակասէ 2017-ի որդեգրուած Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ մէջ ռուսական ազգեցութեան հակազդելու մասին օրէնքին:

Մաթիս Կը Յայտնէ, Որ Կարգ Մը Երկիրներ Պատժամիջոցներու
Պէտք Չէ Ենթարկուին, Եթէ Ռուսական Զէնքեր Գնեն

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ճիմ Մաթիս յայտնեց, որ ռուսական զէնքեր գնող կարգ մը երկիրներ պէտք է բացառաբար չենթարկել ամերիկեան պատժամիջոցներու` զանոնք վերջնականապէս Ռուսիոյ գիրկը չմղելու համար:

«Ռուսիան պէտք է վճարէ գինը իր թշնամական վարմունքին, որ կայունութիւնը կը քայքայէ, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ ապօրինի բռնագրաւման գինը», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Սակայն մինչ Ռուսիոյ վատ կեցուածքին պատճառով անհրաժեշտ ու անխուսափելի պատժամիջոցներ կը հաստատենք, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին պէտք է Ռուսիայէն սպառազինութիւն գնող երկիրներուն դէմ պատժամիջոցներ հաստատող օրէնքի կիրարկումէն բացառում շնորհելու կարելիութիւն ընծայել»:

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի Փառաշուք Տօնակատարութիւն` Պետական, Ազգային, Հոգեւոր, Քաղաքական Եւ Համաժողովրդային Լայն Մասնակցութեամբ

Յաջորդը

«Փոխադարձ Քայլերով Պիտի Հակազդենք, Եթէ Ամերիկա Փորձէ Իրանի Քարիւղի Արտածումները Արգելակել» Կ՛ըսէ Թեհրան

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.