Միջազգային

Թիֆլիս. «Սուրիոյ Եւ Հարաւային Օսեթիոյ Միջեւ Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու Հաստատման Համաձայնագիրը Անօրինական Է»

Թիֆլիս. «Սուրիոյ Եւ Հարաւային Օսեթիոյ Միջեւ Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու Հաստատման Համաձայնագիրը Անօրինական Է»

Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Սուրիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման համաձայնագիրը որեւէ օրինականութենէ զուրկ է»: «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կողմէ Վրաստանի բռնագրաւուած շրջաններու անկախութեան ճանաչումը եւ անոնց հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը իրաւական որեւէ ազդեցութիւն չունին», նշեց նախարարութիւնը: Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց. «Միջազգային ընտանիքը նախապէս բուռն կերպով դատապարտեց Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ անկախութիւնը...

Ռուհանի. «Իրանի Հետ Խաղաղութիւնը Իսկականն Է,  Իսկ Պատերազմը` Ամէնէն Դաժանը»

Ռուհանի. «Իրանի Հետ Խաղաղութիւնը Իսկականն Է, Իսկ Պատերազմը` Ամէնէն Դաժանը»

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին կոչ ուղղեց վերջ տալու Թեհրանի դէմ թշնամական գործողութիւններուն` նշելով, որ հակառակ պարագային Սպիտակ տունը կրնայ բախիլ շատ լուրջ հետեւանքներու: «Ամերիկան պէտք է յստակօրէն գիտակցի, որ Իրանի հետ խաղաղութիւնը իսկականն է, իսկ պատերազմը` ամէնէն դաժանը», նշեց Ռուհանի: «Ամերիկայի կողմէ հնչող սպառնալիքներու պայմաններուն տակ Իրանի հասարակութիւնը դարձած է աւելի միասնական», ըսաւ Իրանի նախագահը:

Լաւրով Եւ Փոմփէօ Կը Քննարկեն  Սուրիոյ Տագնապի Զարգացումները

Լաւրով Եւ Փոմփէօ Կը Քննարկեն Սուրիոյ Տագնապի Զարգացումները

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր ամերիկացի պաշտօնակից Մայք Փոմփէոյի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած է Սուրիոյ տագնապին զարգացումներն ու Սուրիոյ մարդասիրական օժանդակութիւններ հասցնելու հարցով գործակցութեան կարելիութիւնները: Նախարարութիւնը նշեց, որ երկու կողմերը քննարկած են Հելսինքիի մէջ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն միջեւ գումարուած վեհաժողովին լոյսին տակ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները...

Լիբանանեան Տարածքէն Իսրայէլեան Ռմբակոծում`  Մսեաֆի Մէջ Սուրիական Բանակի Դիրքերուն

Լիբանանեան Տարածքէն Իսրայէլեան Ռմբակոծում` Մսեաֆի Մէջ Սուրիական Բանակի Դիրքերուն

Երէկ յետմիջօրէին իսրայէլեան օդուժի ռմբաձիգները աշխուժ թռիչքներ կատարեցին լիբանանեան օդային տարածքին վերեւ: Աւելի ուշ, սուրիական բանակի աղբիւրներ յայտնեցին, որ իսրայէլեան օդուժը լիբանանեան տարածքէն հրթիռակոծած է Մսեաֆի մէջ սուրիական բանակի դիրքեր: Աղբիւրը նշեց, որ արձանագրուած են միայն նիւթական վնասներ:

Թեհրանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանին Համաձայն.  Մոսկուա Թեհրանի Հետ Իրանեան Ուժերու  Սուրիայէն Հեռացման Շուրջ Չի Բանակցիր

Թեհրանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանին Համաձայն. Մոսկուա Թեհրանի Հետ Իրանեան Ուժերու Սուրիայէն Հեռացման Շուրջ Չի Բանակցիր

Իրանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Լեւոն Չաքըրեան ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Մոսկուա Թեհրանի հետ Սուրիայէն իրանեան ուժերու հեռացման շուրջ չի բանակցիր»: «Սուրիական կառավարութիւնը միակ իրաւասու կողմն է իրանեան ուժերու` իր հողերուն վրայ ներկայութեան հարցը քննարկելու», աւելցուց ան: Ան ըսաւ, թէ յուսախաբ պիտի ըլլան անոնք, որոնք Ռուսիոյ եւ Իրանի յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութիւն կ՛ուզեն տեսնել: Ռուսիոյ դեսպանը նաեւ նշեց, որ Մոսկուան «առաւելագոյն...

Թրամփ Պոլթընին Կը Թելադրէ Փութինը  Այս Աշնան Սպիտակ Տուն Հրաւիրել

Թրամփ Պոլթընին Կը Թելադրէ Փութինը Այս Աշնան Սպիտակ Տուն Հրաւիրել

Սպիտակ տունը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումի հրաւիրած է: Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղար Սարա Սենտըրզ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց, որ Թրամփ Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճոն Պոլթընին թելադրած է Փութինը հրաւիրել` աւելցնելով. «Այդ քննարկումները արդէն ընթացքի մէջ են»: Քանի մը ժամ առաջ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ «անհամբերութեամբ կը սպասէ» Ռուսիոյ...

«Ամերիկեան Ուժերու Սուրիայէն Հեռացման  Շուրջ Համաձայնութենէ Տեղեակ Չեմ»  Կ՛ըսէ Զօր. Վոթըլ

«Ամերիկեան Ուժերու Սուրիայէն Հեռացման Շուրջ Համաձայնութենէ Տեղեակ Չեմ» Կ՛ըսէ Զօր. Վոթըլ

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար Ճոզըֆ Վոթըլ, որ Սուրիոյ մէջ ամերիկեան զինուորական գործողութիւններուն կը վերահսկէ, յայտնեց, թէ Հելսինքիի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ վեհաժողովէն ի վեր ռուսական բանակին հետ յարաբերութիւններու վերաբերեալ նոր ցուցմունքներ չէ ստացած: Զօր. Վոթըլ լրագրողներուն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն Սուրիոյ մէջ ռուսական բանակին հետ լարուածութեան մեղմացման գօտիներու շուրջ...

Ապպաս Դատապարտեց Քնեսեթի Որդեգրած   «Հրեայ Ժողովուրդի Ազգային Պետութեան Օրէնք»-ը

Ապպաս Դատապարտեց Քնեսեթի Որդեգրած «Հրեայ Ժողովուրդի Ազգային Պետութեան Օրէնք»-ը

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս յայտնեց. «Երուսաղէմը Պաղեստինի յաւիտենական մայրաքաղաքն է, եւ ոչ ոք խաղաղութիւն, անվտանգութիւն կամ կայունութիւն պիտի չունենայ առանց ատոր»: Ան յայտնեց, որ Քնեսեթի` Իսրայէլի պետութիւնը «հրէական ազգային պետութիւն» եւ Երուսաղէմը անոր միացեալ մայրաքաղաք նկատող օրէնքի որդեգրումը «Իսրայէլեան բռնագրաւումի ցեղապաշտական դէմքը եւ միջազգային ընտանիքի որոշումները խախտելը կը բացայայտէ»: Ապպաս նշեց, որ «այդպիսի ցեղապաշտական ու անվաւեր օրէնքներու որդեգրումը պիտի...

Իրաքի Մէջ Ցոյցերը Կը Շարունակուին

Իրաքի Մէջ Ցոյցերը Կը Շարունակուին

Հարաւային Իրաքի քաղաքներուն մէջ 8 յուլիսէն սկսած զանգուածային բողոքի ցոյցերուն պատճառով արձանագրուած է 12 զոհ եւ 571 վիրաւոր: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Վիրաւորներէն 195-ը խաղաղ բնակիչներ են, մնացեալը` ապահովական ուժերու անդամներ: Ցոյցերու ընթացքին աւերուած են 47 շինութիւններ, որոնցմէ 18-ը` կառավարական շէնքեր, հրկիզուած է 25 ինքնաշարժ: Ձերբակալուած ցուցարարներուն թիւը 302 է: Հարաւային Իրաքի մէջ բողոքի ցոյցերը սկսած...

«Հիւսիսային Քորէայի Հիւլէական Զէնքէ  Զինաթափման Համար Պիտի Պահանջուի  Աւելի Քան Մէկ Ամիս»  Կ՛ըսէ Փոմփէօ

«Հիւսիսային Քորէայի Հիւլէական Զէնքէ Զինաթափման Համար Պիտի Պահանջուի Աւելի Քան Մէկ Ամիս» Կ՛ըսէ Փոմփէօ

Հիւսիսային Քորէայի ապահիւլէականացումը պիտի խլէ զգալի ժամանակ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայքըլ Փոմփէօ: «Հիւսիսային քորէացիները հաւաստած են իրենց կողմնակցութիւնը այն յանձնառութեան, որ Քիմ Եոնկ Ընը ստանձնած է Թրամփի հետ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին: Ոչ ոք պատրանքներ չի տածեր այն բանի նկատմամբ, թէ ատիկա...

Զինուորական Կացութեան Անակնկալ Մագլցում` Կազայի Մէջ

Զինուորական Կացութեան Անակնկալ Մագլցում` Կազայի Մէջ

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Ավիխայ Ատրէի երէկ յայտարարեց, թէ իսրայէլեան բանակի օդուժի ռմբաձիգներ եւ այլ օդանաւեր Կազայի մէջ ամբողջութեամբ քանդած են Համասի պատկանող «Զէյթուն»-ի ջոկատի կեդրոնատեղին: Մինչ այդ, Համաս շարժումը յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ պաղեստինեան դիմադրութիւնը պատրաստ է եւ կարող ետ մղելու իսրայէլեան որեւէ յարձակում: Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ Կազայի հետ Իսրայէլի սահմանին վրայ սպաննուած է իսրայէլացի սպայ մը:  

«Փութին Եւ Թրամփ Կարեւորագոյն Բանաւոր  Համաձայնութիւններ Ձեռք Բերին»  Կ՛ըսէ Անթոնով

«Փութին Եւ Թրամփ Կարեւորագոյն Բանաւոր Համաձայնութիւններ Ձեռք Բերին» Կ՛ըսէ Անթոնով

Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անաթոլի Անթոնով յայտարարած է, թէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ անոր ամերիկացի գործընկեր Տանըլտ Թրամփ Հելսինքիի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին կարեւոր բանաւոր համաձայնութիւններ ձեռք բերած են: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Կազեթա» կայքը: Դեսպանին համաձայն, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարներուն միջեւ «բաւական յագեցած եւ լուրջ զրոյց տեղի ունեցած է»: Ան նաեւ աւելցուցած է, որ...

Քնեսեթը Որդեգրեց Իսրայէլը  Իբրեւ «Հրեայ  Ժողովուրդի Ազգային Պետութիւն»-ը  Ճանչցող Օրինագիծը

Քնեսեթը Որդեգրեց Իսրայէլը Իբրեւ «Հրեայ Ժողովուրդի Ազգային Պետութիւն»-ը Ճանչցող Օրինագիծը

Քնեսեթը աւելի քան 8 ժամ տեւած փոթորկոտ նիստէ մը ետք 62 թեր եւ 55 դէմ քուէներով վաւերացուց օրինագիծ մը, որ կը նշէ, թէ Իսրայէլը «հրեայ ժողովուրդին ազգային պետութիւն»-ն է, եւ այդտեղ ինքնորոշման իրաւունքը «միայն հրեայ ժողովուրդին կը պատկանի»: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ն: Որդեգրուած օրէնքը եբրայերէնը կը նշէ իբրեւ Իսրայէլի մէջ պաշտօնական միակ լեզու եւ արաբերէնը կը զրկէ մինչեւ հիմա...

Ըստ Թուրքիոյ Արտաքին  Գործոց Նախարարութեան.  Թուրքիոյ Մասին Եւրոպական Խորհրդարանի  Որդեգրած Բանաձեւը Հիմնուած Է  Բամբասանքներու Վրայ

«Ղութայի, Հոմսի Եւ Հարաւի Դիպաշարերուն Իտլիպի Մէջ Կրկնութիւնը Չենք Ուզեր» Կ՛ըսէ Անգարա

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ յայտնեց, որ «Թուրքիան բնաւ չ՛ուզեր Արեւելեան Ղութայի, հիւսիսային Հոմսի եւ ներկայիս Սուրիոյ հարաւ-արեւմուտքի դիպաշարերուն կրկնութիւնը Իտլիպի նահանգին մէջ»` յայտնելով, որ «Տարաայի եւ Քնէյթրայի նահանգներուն մէջ լարուածութեան մեղմացման գօտիին դէմ սուրիական վարչակարգի յարձակումներուն պատճառով շարք մը անմեղներ սպաննուեցան եւ հարիւր հազարաւորներ տեղահանուեցան»: «Մենք բուռն կերպով կը դատապարտենք այդ յարձակումները, որոնք կը վնասեն Ասթանայի եւ...

«Միացեալ Նահանգներու Նախագահական  Ընտրութիւններուն Միջամտելու Համար  Պատասխանատու Է Փութինը»  Կ՛ըսէ Թրամփ

«Միացեալ Նահանգներու Նախագահական Ընտրութիւններուն Միջամտելու Համար Պատասխանատու Է Փութինը» Կ՛ըսէ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը հաւատայ, որ Ռուսիան իրապէս միջամտած է նոյեմբեր 2016-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան, եւ այդ միջամտութեան համար պէտք է պատասխանատուութիւն կրէ իր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինը, որովհետեւ Ռուսիոյ ղեկավարն է: Այս մասին Թրամփ ըսած է ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: Երբ լրագրող Ճեֆ Կլոր Միացեալ Նահանգներու նախագահին հարցուցած է, թէ...

Անգարա Կը Հակադարձէ.  Թրամփ Էրտողանէն Կը Պահանջէ Ազատ  Արձակել Ամերիկացի Հոգեւորականը

Անգարա Կը Հակադարձէ. Թրամփ Էրտողանէն Կը Պահանջէ Ազատ Արձակել Ամերիկացի Հոգեւորականը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ մեկնաբանած է Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած ամերիկացի պատուելի Էնտրիւ Պրանսընի շուրջ ստեղծուած իրավիճակն ու կոչ ուղղած է թրքական իշխանութիւններուն քայլերու ձեռնարկելու: «Թուիթըր»-ի վրայ Պրանսընի մասին կատարած հրապարակման մէջ Թրամփ նշած է նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը: Միացեալ Նահանգներու նախագահը Պրանսընը կոչած է «պատանդ» եւ շեշտած, որ Էրտողան պարտաւոր է բան մը ընել անոր ազատ արձակման...

Զգուշացնելով Ուքրանիոյ Եւ Վրաստանի`  ՕԹԱՆ-ի Անդամ Դառնալու Մտադրութենէն.  «Մտածեցէ՛ք Հետեւանքներուն Մասին»  Կ՛ըսէ Փութին

Զգուշացնելով Ուքրանիոյ Եւ Վրաստանի` ՕԹԱՆ-ի Անդամ Դառնալու Մտադրութենէն. «Մտածեցէ՛ք Հետեւանքներուն Մասին» Կ՛ըսէ Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ռուսիոյ դեսպաններու հետ հանդիպման ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է, որ Մոսկուան համարժէք պատասխան պիտի տայ ՕԹԱՆ-ի կողմէ յարձակողական քայլերուն, եւ անոնք, որոնք կ՛ուզեն ՕԹԱՆ-ի անդամ դառնալ` ներառեալ Ուքրանիան ու Վրաստանը, պէտք է գիտակցին այդպիսի քաղաքականութեան հետեւանքներուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռաշա Թուտէյ»-ը: «Այդպիսի յարձակողական քայլերուն, որոնք անմիջական սպառնալիք կը ներկայացնեն Ռուսիոյ համար, պիտի պատասխանենք համարժէք...

Միացեալ Նահանգներ Եւ Ռուսիա Կը Կրճատեն  Իրենց Հիւլէական Զինանոցները

Միացեալ Նահանգներ Եւ Ռուսիա Կը Կրճատեն Իրենց Հիւլէական Զինանոցները

Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսիան կը կատարեն Ռազմավարական յարձակողական սպառազինութիւններու հետագայ կրճատման եւ սահմանափակման միջոցներու մասին համաձայնութեան գծով իրենց պարտաւորութիւնները: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ատիկա հաստատած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը` 17 յուլիսին հրապարակելով երկու երկիրներուն կողմէ 5 փետրուար 2011-ին ուժի մէջ մտած համաձայնագիրին համապատասխան իրենց հիւլէական զինանոցներու կրճատման մասին տեղեկութիւնը:

Եւրոպայի Հետ Յարաբերութիւններու  Կարեւորութիւնը Շեշտելով`  «Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ Համաձայնութեան  Եւրոպացիներու Յանձնառութեան Վերաբերեալ  Գործնական Քայլերու Կարիք Ունինք»  Կ՛ըսէ Զարիֆ

Եւրոպայի Հետ Յարաբերութիւններու Կարեւորութիւնը Շեշտելով` «Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ Համաձայնութեան Եւրոպացիներու Յանձնառութեան Վերաբերեալ Գործնական Քայլերու Կարիք Ունինք» Կ՛ըսէ Զարիֆ

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ ընդգծեց Ուաշինկթընի` Գործողութիւններու միացեալ ու համապարփակ համաձայնագիրէն դուրս գալէն ետք Եւրոպայի հետ յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը` նշելով, որ եւրոպացիներուն այդ համաձայնութեան քաղաքական յանձնառութենէն անդին այժմ անհրաժեշտ է շօշափել անոնց գործնական քայլերը: Զարիֆ այս յայտարարութիւնը կատարեց «Եուրոնիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին: Ան ըսաւ, թէ  այդ գործնական քայլերը կարեւոր են մասնաւորաբար դրամատնային գործարքներու, ներդրումներու, ուժանիւթի, փոխադրութեան, ինչպէս...

Միացեալ Նահանգներ Աւելի Քան 21 Միլիոն  Տոլար Պիտի Ծախսեն Երուսաղէմի Մէջ  Իրենց Դեսպանատան Կառուցման Համար

Միացեալ Նահանգներ Աւելի Քան 21 Միլիոն Տոլար Պիտի Ծախսեն Երուսաղէմի Մէջ Իրենց Դեսպանատան Կառուցման Համար

Միացեալ Նահանգներ կը պատրաստուին Թել Աւիւէն Երուսաղէմ տեղափոխուած իրենց դեսպանատան կառուցման համար աւելի քան 21 միլիոն տոլար ծախսելու: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը վկայեն կառավարութեան կայքին վրայ հրապարակուած տուեալները: Կայքին վրայ կը նշուի, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելի քան 21 միլիոն 182 հազար տոլար արժողութեամբ համաձայնագիր ստորագրած է «Տեսպիլտ Լիմաք Տի անտ Քէյ»...

Page 596 of 883 1 … 595 596 597 … 883

Արխիւներ