Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարելով, Որ Տարաայի Եւ Իտլիպի Շուրջ Պիտի Բանակցի Փութինի Հետ. «Թուրքիան Մտադիր Չէ Յանուն Միացեալ Նահանգներուն Դադրեցնել Իրանի Հետ Յարաբերութիւնները» Ըսաւ Էրտողան

July 26, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիան մտադիր չէ յանուն Միացեալ Նահանգներուն դադրեցնել Իրանի հետ յարաբերութիւնները եւ միանալ Իրանի դէմ պատժամիջոցներուն: Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:

Էրտողան նշած է, որ Թուրքիոյ կարծիքով` Իրանի դէմ պատժամիջոցները անընդունելի են:

«Իրան մեզի համար ռազմավարական կարեւոր գործընկերներէն մէկն է», ըսած է Թուրքիոյ նախագահը:

Ան ընդգծած է թուրք-իրանեան յարաբերութիւններու բարձր մակարդակը` նշելով, որ ատիկա այդպէս ալ պիտի մնայ:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու մէկ օր առաջ յայտարարած էր, թէ Թուրքիան պիտի չմիանայ Իրանի դէմ ամերիկեան «անճիշդ» պատժամիջոցներուն եւ պիտի շարունակէ Իրանէն քարիւղ ներածել:

Էրտողան երէկ յայտարարեց, որ իր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ պիտի ունենայ հանդիպում մը, որուն ընթացքին մասնաւորաբար պիտի քննարկէ Սուրիոյ հարաւը գտնուող Տարաայի եւ հիւսիսը գտնուող Իտլիպի մէջ ստեղծուած կացութիւնը:

Էրտողան յայտնեց. «Պիտի քննարկուի Թուրքիոյ սահմանակից Իտլիպի մէջ տիրող կացութիւնը, որովհետեւ Թուրքիա այն մտավախութիւնը ունի, որ շրջանին դէմ սուրիական բանակին հաւանական յարձակում մը կրնայ տեղահանութեան նոր ալիք յառաջացնել»:

«Տարաայի եւ Իտլիպի մէջ որեւէ պահու որեւէ բան կրնայ պատահիլ», նշեց ան:

Կը նախատեսուի, որ Էրտողան Փութինի հետ հանդիպում ունենայ Հարաւային Ափրիկէի մայրաքաղաք Ճոհանեսպուրկի մէջ ՊՐԻՔՍ-ի վեհաժողովին ընթացքին, որ ընթացք առաւ երէկ եւ պիտի աւարտի ուրբաթ օր:

Նախորդը

Սուէյտայի Դէմ ՏԱՀԵՇ-ի Լայնածաւալ Յարձակում

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.