Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ առաւօտեան հաղորդեց, որ Լաւրով քաղաքականևդիւանագիտական հրատապ առաքելութեամբ մը մեկնած է Ռուսիայէն:
Աւելի ուշ «Սքայ Նիուզ»ևի արաբական ծառայութիւնը հաղորդեց, որ Լաւրով եւ ռուսական բանակի սպայակոյտի պետը նախագահ Փութինի ցուցմունքով Երուսաղէմի մէջ հանդիպում կ՛ունենան Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ:
Իսրայէլեան աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան կը յայտնէ, թէ Իսրայէլ մերժած է իրանեան ուժերը բռնագրաւեալ Կոլանի զինադադարի գիծէն 100 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ պահելու Ռուսիոյ առաջարկը:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Լաւրովի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց. «Մեր միջեւ հանդիպումները շատ կարեւոր են եւ կ՛ընթանան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ուղղակի հանդիպումներու ծիրին մէջ»:
Ան յայտնեց, որ մեծապէս կը գնահատէ Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Հելսինքիի վեհաժողովին ընթացքին Իսրայէլի անվտանգութեան վերաբերեալ կատարած յայտարարութիւնները:



