Ազրպէյճան Հետաքրքրուած Է Ուքրանական «Ան-178» Օդանաւի Ձեռքբերումով
Ազրպէյճան հաստատած է 10 հատ ուքրանական «Ան-178» օդանաւ ձեռք բերելու վերաբերեալ իր հետաքրքրութիւնը: Այդ մասին ուքրանական «112» կայքին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է «Անթոնով» ընկերութեան նախագահ Ալեքսանտր Տոնեց: «Մեր ճարտարագիտութիւնը պահանջ եւ գնորդներ ունի: Ահա «Սիլք Ուէյ»-ի (Ազրպէյճան) ներկայացուցիչներու հետ 11 յուլիսին վերջին հանդիպումին արձանագրութիւնը: Անոնք հաստատած են 10 հատ «Ան-178» օդանաւ ձեռք բերելու վերաբերեալ հետաքրքրուածութիւնը», ըսած է ան: «Անթոնով»...




















