Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ զգուշացուց Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանին անգամ մը եւս սպառնալէ Միացեալ Նահանգներուն, «այլապէս պիտի կրես հետեւանքներ, որոնք պատմութեան մէջ քիչերը կրած են»:
Թրամփ երէկ «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարեց եւ իր խօսքը Ռուհանիին ուղղելով ըսաւ, թէ Ամերիկան «այլեւս դադրած է բռնարարքներու եւ մահուան վերաբերեալ ձեր հիւանդագին խօսքերուն աչք փակող երկիր մը ըլլալէ… զգուշացէ՛ք»` աւելցնելով. «Այլեւս Միացեալ Նահանգներու դէմ որեւէ սպառնալիք պիտի չընդունինք»:
Յայտնենք, որ Իրանի նախագահը մէկ օր առաջ Թրամփին կոչ ուղղած էր վերջ տալու Թեհրանի դէմ թշնամական գործողութիւններուն` նշելով, որ հակառակ պարագային Սպիտակ տունը կրնայ բախիլ շատ լուրջ հետեւանքներու:
«Ամերիկան պէտք է յստակօրէն գիտակցի, որ Իրանի հետ խաղաղութիւնը իսկականն է, իսկ պատերազմը` ամէնէն դաժանը», նշած էր Ռուհանի:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ Քալիֆորնիոյ մէջ իրանեան համայնքին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ. «Ուաշինկթըն չի վախնար իրանեան վարչակարգի բարձրագոյն մակարդակները թիրախ դարձնող պատժամիջոցներ հաստատելէ»:
«Իրանի մէջ վարչակարգին փտածութիւնն ու ազատութիւններու բռնաճնշումը իրանցի ժողովուրդին համար մղձաւանջ մըն է», ըսաւ ան եւ յայտարարեց. «Ամերիկան իրանեան քարիւղ ներածողներուն մօտ աշխատանք պիտի տանի մինչեւ 4 նոյեմբեր այդ ներածումները գրեթէ զերոյի հասցնելու»:



