Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ շնորհակալութիւն յայտնած է Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ընին` ամերիկացի զինուորներուն աճիւնները հայրենիք վերադարձնելուն համար: Ամերիկացի զինուորները պատերազմի տարիներուն զոհուած են Քորէական թերակղզիին մէջ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Թրամփ համապատասխան գրառումը կատարած է «Թուիթըր»-ի վրայ:
«Ամերիկացի զինուորներու աճիւնները շուտով դուրս պիտի բերուին Հիւսիսային Քորէայէն եւ ուղարկուին Միացեալ Նահանգներ: Այդքան երկար տարիներէ ետք ատիկա մեծ իրադարձութիւն պիտի ըլլայ բազմաթիւ ընտանիքներու համար: Շնորհակալութիւն Քիմ Եոնկ Ընին», գրած է ան:
Սպիտակ տունը նախապէս յայտարարած էր, որ Հիւսիսային Քորէան ուրբաթ օր Միացեալ Նահանգներուն յանձնած է ամերիկացի զինուորներու աճիւնները:
Աճիւններու յանձնումին շուրջ համաձայնութիւնը գոյացած էր 12 յունիսին Սինկափուրի մէջ Թրամփի եւ Ընի միջեւ տեղի ունեցած վեհաժողովին ընթացքին:



