Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ իբրեւ դէտեր հրաւիրուած են 30-31 յուլիսին Սոչիի մէջ Ասթանայի հոլովոյթի երաշխաւոր երկիրներ Ռուսիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ ժողովին:
Նախարարութիւնը նաեւ նշեց. «Սուրիոյ հարաւը գտնուող ահաբեկիչներուն վնասազերծման գործողութիւնը աւարտելու սեմին է»: Նշենք, որ սուրիական բանակը երէկ բռնագրաւեալ Կոլանի հետ սահմանին վրայ` Քնէյթրայի անցման կէտին մէջ բարձրացուց Սուրիոյ դրօշը:
Միւս կողմէ` ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Վասիլի Նիփենծա իր կարգին յայտարարեց.«Ռուսիան մտադիր է սուրիացի գաղթականներու տունդարձի թղթածրարը ներկայացնել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին»: