Բրիտանացիներուն գրեթէ կէսը զօրակցած է Եւրոպական Միութենէն Բրիտանիոյ դուրս գալուն վերջնական պայմաններուն շուրջ հանրաքուէ կատարելուն: Այս մասին կը հաղորդէ բրիտանական «Տը Թայմզ» օրաթերթը` վկայակոչելով հասարակական կարծիքի հետազօտութիւնը, որ կատարած է «ԵուԿավ» ընկերաբանական ծառայութիւնը:
Օրաթերթին տուեալներով` հարցախոյզին համաձայն, որուն մասնակցած են աւելի քան 1600 բրիտանացիներ, հարցախոյզի մասնակիցներուն 42 առ հարիւրը պաշտպանած է «Պրեքզիթ»-ի պայմաններուն շուրջ հանրաքուէի գաղափարը, 40 առ հարիւրը դէմ եղած է, իսկ 18 առ հարիւրը չէ կրցած կողմնորոշուիլ: Ինչպէս օրաթերթը կը նշէ, ասիկա առաջին անգամն է, որ այսպիսի քուէարկութեան կատարման գաղափարի կողմնակիցներուն թիւը գերազանցած է դէմ եղողներու թիւին:
Լոնտոնի եւ Պրիւքսելի միջեւ Բրիտանիոյ Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու պայմաններուն շուրջ պաշտօնական բանակցութիւնները սկսած են 19 յունիս 2017-ին: Բանակցութիւնները պէտք է աւարտին 18 նոյեմբեր 2018-ին, որմէ ետք ձեռք բերուած համաձայնութիւնը պէտք է վաւերացուի Եւրոպական խորհրդարանին եւ Բրիտանիոյ խորհրդարանին կողմէ:
«Պրեքզիթ»-ը պաշտօնապէս տեղի պիտի ունենայ 29 մարտ 2019-ի կէս գիշերին, որմէ ետք, ըստ ծրագիրի, պէտք է սկսի անցումային շրջանը, որ պիտի տեւէ մինչեւ 2020-ի վերջը: