Սպիտակ տունէն պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմի Միջին Արեւելքի մէջ երկար սպասուած խաղաղութեան ծրագիրը կը ներառէ, Սպիտակ տան համաձայն, տնտեսական ուժեղ ծրագիր մը` պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի լուծման նպաստելու համար:
Պաշտօնատարը նշեց, որ Թրամփի պատուիրակները նաեւ կ՛աշխատին համապարփակ ծրագիրին մինչեւ հիմա առաւել մանրամասն եղող առաջարկներու շարքի մը վրայ:
Թրամփի պատուիրակները շրջանի ղեկավարներուն կոչ ուղղած են ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացնելու տարակարծութեան նիւթ եղող իւրաքանչիւր հարցի վերաբերեալ այն արդիւնքները, որոնք կրնան իրենց համար ընդունելի ըլլալ, եւ զանոնք կրնայ ընդունիլ նաեւ հակառակորդ կողմը:
Նշենք, որ մինչեւ հիմա ծրագիրի յայտարարութեան թուական չէ ճշդուած:
Թրամփ կը յուսար զայն յայտարարել, սակայն Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալն ու իր երկրին դեսպանատունը այդտեղ փոխադրելու որոշումը շրջանին մէջ լարուածութիւն ստեղծեց:



