Միջազգային

ՄԱԿ-ի Խաղաղապահները Տարիներ Ետք Վերադարձան Կոլանի Բարձունքներ

ՄԱԿ-ի Խաղաղապահները Տարիներ Ետք Վերադարձան Կոլանի Բարձունքներ

ՄԱԿ-ի խաղաղապահները տարիներ ետք վերադարձած են Սուրիոյ վերահսկողութեան տակ գտնուող եւ Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած Կոլանի բարձունքի երկու հատուածներուն միջեւ գտնուող սահման եւ Ռուսիոյ զինուորական ոստիկանութեան հետ միացեալ պարեկային ծառայութիւն կը կատարեն: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը: «Նկատի ունենալով, որ վերջին ամիսներուն Ռուսիոյ աջակցութիւնը վայելող Սուրիոյ կառավարական ուժերը վերականգնած են իրենց վերահսկողութիւնը Իսրայէլին...

Իրան Յոյս Կը Յայտնէ, Որ Միացեալ Նահանգներ «Կը Սրբագրեն Իրենց Սխալները»

Իրան Յոյս Կը Յայտնէ, Որ Միացեալ Նահանգներ «Կը Սրբագրեն Իրենց Սխալները»

Իրան յոյսով է, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի ընդառաջեն միջազգային ընտանիքի կոչերուն եւ սրբագրեն իրենց սխալը` Գործողութիւններու համապարփակ եւ միացեալ համաձայնութենէն դուրս գալու որոշումը` աւելցնելով, որ Թեհրան այսուհետեւ ալ պիտի գործադրէ համաձայնութիւնը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտնած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ` Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարի Վան Իի հետ հանդիպումին ժամանակ, որ տեղի ունեցած է Սինկափուրի...

Դանիոյ Մէջ Արգիլուած Է Դէմքը Ծածկող Հագուստ Կամ Դիմակ Կրել

Դանիոյ Մէջ Արգիլուած Է Դէմքը Ծածկող Հագուստ Կամ Դիմակ Կրել

Օգոստոսի մէկէն Դանիոյ մէջ ուժի մէջ մտած է օրէնք մը, որ կ՛արգիլէ քաղաքացիներուն հանրային վայրերուն մէջ ծածկել դէմքը: Արգիլուած են ո՛չ միայն իսլամական հագուստը, այլ նաեւ տարատեսակ դիմակներն ու իրերը, որոնք կը ծածկեն դէմքը: Այս մասին կը հաղորդէ «Քորրեսփոնտենթ»-ը` յղում կատարելով Դանիոյ արդարադատութեան նախարարութեան: Դանիոյ խորհրդարանը օրէնքը որդեգրած էր մայիսին: Խախտումներու պարագային քաղաքացիները կը ստանան 134-էն 1340 եւրոյի չափով տուգանք:...

Ըստ Սքանտինաւիոյ Մեծագոյն Դրամատան.  Թուրքիոյ Տնտեսական Ճգնաժամը Վերահսկողութենէ Դուրս Կու Գայ

Ըստ Սքանտինաւիոյ Մեծագոյն Դրամատան. Թուրքիոյ Տնտեսական Ճգնաժամը Վերահսկողութենէ Դուրս Կու Գայ

Սքանտինաւեան երկիրներուն մէջ մեծագոյնը եղող «Նորտէա» դրամատան վարչական խորհուրդի նախագահ Թետ Ռոյսթ յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ տնտեսական կացութիւնը վերահսկողութենէ դուրս կու գայ: Ռոյսթ յայտնեց, որ թրքական թղթոսկին այս տարի ամերիկեան տոլարին դիմաց 25 առ հարիւրի արժեզրկում ունեցաւ` աւելցնելով, որ թրքական սակարանի գործունէութիւնը աշխարհի վրայ ամէնէն վատն է: Ան այս յայտարարութիւնը կատարեց, մինչ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կեդրոնական դրամատան եւ...

Չինաստանը Մերժած Է Միացեալ Նահանգներու` Իրանէն Այլեւս Քարիւղ Չներածելու Պահանջը

Չինաստանը Մերժած Է Միացեալ Նահանգներու` Իրանէն Այլեւս Քարիւղ Չներածելու Պահանջը

Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները չեն յաջողած համոզել Չինաստանը այլեւս Իրանէն քարիւղ չգնելու գծով: Այս մասին կը հաղորդէ «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութիւնը: Միացեալ Նահանգներ մտադիր են տնտեսական մեկուսացման մէջ դնել Իրանը` աշխարհի մնացեալ երկիրներուն ստիպելով հրաժարիլ իրանեան քարիւղէն: Չինաստան համաձայն չէ եղած հրաժարիլ իրանեան քարիւղէն, սակայն Միացեալ Նահանգներուն խօսք տուած է ատոր ծաւալը նուազեցնելու: «Պլումպըրկ» կը նշէ, որ ամերիկացի պաշտօնատարներէ բաղկացած պատուիրակութիւններ այս...

Հարաւային Օսեթիոյ Նախագահը Շքանշանով Պարգեւատրած Է Սուրիոյ Նախագահը

Հարաւային Օսեթիոյ Նախագահը Շքանշանով Պարգեւատրած Է Սուրիոյ Նախագահը

Հարաւային Օսեթիոյ նախագահ Անաթոլի Պիպիլով իր սուրիացի պաշտօնակից Պաշշար Ասատին յանձնած է հանրապետութեան գերագոյն պարգեւը` Ուացամոնկի շքանշանը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով Հարաւային Օսեթիոյ ղեկավարի մամլոյ ծառայութեան: «Արտօնեցէ՛ք ինծի յանձնել Հարաւային Օսեթիոյ ժողովուրդի երախտագիտութեան այս բարձր պարգեւը` մեր հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչնալու համար», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ: Հաղորդագրութիւնը կը յիշեցնէ, որ ժամանակին այսպիսի շքանշաններ յանձնուած են Վենեզուելայի եւ Նիքարակուայի...

Ըստ Սպիտակ Տունէն Պաշտօնատարի Մը.  Թրամփի Միջին Արեւելքի Խաղաղութեան Ծրագիրը Կը Ներառէ Պաղեստինեւիսրայէլեան Տագնապի Լուծման Տնտեսական Ծրագիր Մը

Միացեալ Նահանգներ Եւ Ուքրանիա Մերժած Են Տոնպասի Մէջ Հանրաքուէի Գաղափարը

Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները չեն քններ Տոնպասի մէջ ինքնահռչակ հանրապետութիւններու կարգավիճակի մասին հանրաքուէի աջակցութեան կարելիութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` վկայակոչելով Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհուրդի ներկայացուցիչ Կարեթ Մարքիսը: «Մինսքի համաձայնագիրները հոլովոյթ են Տոնպասի մէջ տագնապի լուծման համար, եւ այդ համաձայնագիրները չեն նախատեսեր հանրաքուէի համար տարբերակներ: Բացի ատկէ, Ուքրանիոյ մէկ հատուածին մէջ, որ կառավարութեան վերահսկողութեան տակ չէ, կազմակերպուելիք այսպէս...

ՏԱՀԵՇ Ստանձնած Է Տաճիկիստանի Մէջ Զբօսաշրջիկներու Խումբի Դէմ Յարձակման Պատասխանատուութիւնը

ՏԱՀԵՇ Ստանձնած Է Տաճիկիստանի Մէջ Զբօսաշրջիկներու Խումբի Դէմ Յարձակման Պատասխանատուութիւնը

ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումը ստանձնած է Տաճիկիստանի մէջ օտարերկրացի զբօսաշրջիկներու դէմ գործուած յարձակման պատասխանատուութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Տը Հիլ»-ը` յղում կատարելով ՍԱՅԹ կազմակերպութեան, որ կը զբաղի համացանցի մէջ ծայրայեղականներու գործունէութեան հետեւելով: Տաճիկիստանի ներքին գործոց նախարարութեան տուեալներով` Խաթլոնի շրջանին մէջ ինքնաշարժը, որուն մէջ եղած է չորս մարդ, վրայերթի ենթարկած է զբօսաշրջիկներու եօթը հոգինոց խումբը, որ կը տեղաշարժէր հեծանիւներով: Զբօսաշրջիկներէն երեքը տեղւոյն...

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Միացեալ Գործողութեան Աւարտը Յայտարարեց

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Միացեալ Գործողութեան Աւարտը Յայտարարեց

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց հարաւային Սուրիոյ ազատագրման ռուս-սուրիական միացեալ զինուորական գործողութեան աւարտը: Ռուսիոյ բանակի սպայակոյտը իր կարգին նշեց, որ սուրիական բանակը ռուսական օդուժին օժանդակութեամբ ազատագրած է Սուէյտա, Տարաա եւ Քնէյթրա նահանգները` ընդգծելով, որ գործողութիւնները միայն ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի դէմ էին, իսկ չափաւորական ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող Սուրիոյ հարաւ-արեւմուտքը գտնուող շրջաններուն մէջ հաշտութիւն տեղի կ՛ունենայ: Չափաւորական ընդդիմադիր խմբաւորումներու մեծամասնութիւնը...

Թուրքիա Կը Խոստանայ Շուտով Հակադարձել Ամերիկեան Պատժամիջոցներուն

Թուրքիա Կը Խոստանայ Շուտով Հակադարձել Ամերիկեան Պատժամիջոցներուն

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Բուռն կերպով կը դատապարտենք Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան կողմէ յայտարարուած պատժամիջոցները: Այս թշնամական կեցուածքը որեւէ շահի չի ծառայեր եւ պիտի արժանանայ համաչափ հակադարձութեան, առանց ուշացումի»: Ըստ «Հիւրրիեթ Տէյլի Նիուզ»-ի, կը նախատեսուի, որ Անգարա պատժամիջոցներ հաստատէ Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր դատախազին եւ ներքին գործոց նախարարին դէմ: «Մենք Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեան կոչ կ՛ուղղենք ետդարձ կատարելու...

Սուրիոյ Մէջ Ընթացք Առած Է Հալէպի Նահանգի Վերակառուցման Պետական Ծրագիրին Գործադրութիւնը

Սուրիոյ Մէջ Ընթացք Առած Է Հալէպի Նահանգի Վերակառուցման Պետական Ծրագիրին Գործադրութիւնը

Սուրիոյ իշխանութիւնները ձեռնարկած են զինեալներէն ազատագրուած Հալէպի նահանգի բնակավայրերու վերակառուցման պետական ծրագիրի գործադրութեան: «Արմէնփրես», յղում կատարելով ԹԱՍՍ-ին, կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Հալէպի փոխնահանգապետը: «Վերակառուցման պետական ծրագիրը կը բաղկանայ երեք փուլերէ: Նախ մենք պէտք է պատրաստենք ենթակառոյցը, որովհետեւ մարդիկ չեն կրնար ապրիլ առանց ջուրի եւ ելեկտրականութեան: Երկրորդ փուլը հասցէական օգնութիւնն է, մենք կը յստակացնենք իւրաքանչիւր ընտանիքի կարիքները: Երրորդը`...

Սպիտակ Տունը Հաստատած Է Չինական Ապրանքներու Համար Սահմանուած Մաքսատուրքերը 25 Առ Հարիւրի Հասցնելու Ծրագիրը

Սպիտակ Տունը Հաստատած Է Չինական Ապրանքներու Համար Սահմանուած Մաքսատուրքերը 25 Առ Հարիւրի Հասցնելու Ծրագիրը

Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը մտադիր է 200 միլիառ տոլարի չինական ապրանքներու եւ ծառայութիւններու ներածման համար սահմանուած մաքսատուրքերը հասցնել 25 առ հարիւրի: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այդ մասին կ՛ըսուի Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի ներկայացուցիչ Ռապըրթ Լայթհայզըրի յայտարարութեան մէջ: Միացեալ Նահանգներու վարչակազմի բարձրաստիճան պետական պաշտօնեաներէն մէկուն համաձայն, «տուեալ միջոցներու քննարկումը արդէն ընթացքի մէջ է»: «Այս հարցին շուրջ լսումները պիտի սկսին աւելի ուշ` այս...

Ըստ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի.  Հիւսիսային Քորէա Նոր Հրթիռներ Կ՛արտադրէ

Ըստ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի. Հիւսիսային Քորէա Նոր Հրթիռներ Կ՛արտադրէ

Միացեալ Նահանգներու հետախուզական ծառայութիւնները նշմարած են նշաններ, որ Հիւսիսային Քորէան նոր հրթիռներ կը նախագծէ այն արտադրական հարթակին վրայ, ուր նախապէս կը պատրաստուէին այդ երկրին մէջ առաջին միջցամաքամասային թեւաւոր հրթիռները: 30 յուլիսին այս մասին հաղորդած է «Տը Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը` վկայակոչելով ամերիկեան հետախուզական աղբիւրներ: Խօսքը կրնայ վերաբերիլ հեղուկ վառելանիւթով երկու նոր միջցամաքամասային թեւաւոր հրթիռներու պատրաստութեան` Փիոնկիանկէն ոչ հեռու գտնուող արտադրական համալիրին...

15 Տարուան Մէջ Մեծագոյն Տարեկան Յաւելումով.  Միացեալ Նահանգներու 2019-ի Պաշտպանութեան Պիւտճէն 717 Միլիառ Տոլար Է

15 Տարուան Մէջ Մեծագոյն Տարեկան Յաւելումով. Միացեալ Նահանգներու 2019-ի Պաշտպանութեան Պիւտճէն 717 Միլիառ Տոլար Է

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը որդեգրեց 2019-ի ելեւմտական տարուան համար 717 միլիառ տոլարի պաշտպանութեան մարզի պիւտճէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Տը Ուաշինկթըն Էքզամինըր»: Այժմ պիւտճէի նախագիծը պէտք է ներկայացուի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին, որուն կողմէ ստորագրուելէ ետք կը մտնէ ուժի մէջ: «Միացեալ Նահանգներու ազգային պաշտպանութեան մասին օրէնքը կը հիմնուի այն յառաջընթացին վրայ, որուն մենք այս տարի նախապէս հասած ենք պիւտճէի վերաբերեալ...

Ոսկիի Միջազգային Խորհուրդը Կը Նշէ.  Թուրքիոյ Ոսկիի Պահեստը Անոր Հաստատածէն 39,5 Առ Հարիւրով Փոքր Է

Ոսկիի Միջազգային Խորհուրդը Կը Նշէ. Թուրքիոյ Ոսկիի Պահեստը Անոր Հաստատածէն 39,5 Առ Հարիւրով Փոքր Է

Ոսկիի միջազգային խորհուրդը յայտնեց, որ թրքական կեդրոնական դրամատան մօտ Թուրքիոյ ոսկիի պահեստը միայն 238,3 թոն է եւ ոչ թէ 602,3 թոն, ինչպէս յայտարարած է Թուրքիան: Այլ խօսքով` անիկա 39,5 առ հարիւրով փոքր է թրքական կողմի յայտարարածէն: Խորհուրդը իր հրապարակած զեկուցումին մէջ նշեց, որ Թուրքիոյ կեդրոնական դրամատան մօտ արձանագրուածը չի համապատասխաներ թրքական դրամատուներու յայտարարածին եւ անոնց միջեւ տարբերութիւնը 364 թոն է:

Եւրոպական Միութիւնը Պատժամիջոցներ Հաստատած Է Խրիմի Կամուրջի Կառուցման Մասնակցած Ռուսական 6 Ընկերութիւններու Դէմ

Եւրոպական Միութիւնը Պատժամիջոցներ Հաստատած Է Խրիմի Կամուրջի Կառուցման Մասնակցած Ռուսական 6 Ընկերութիւններու Դէմ

Եւրոպական Միութեան խորհուրդը պատժամիջոցներու ցանկին վրայ ներառած է ռուսական վեց ընկերութիւններ, որոնք մասնակցած են Խրիմի կամուրջի կառուցման աշխատանքներուն: Համապատասխան որոշումը հրապարակուած է Եւրոպական Միութեան պաշտօնական ամսագիրին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Խրիմի եւ Սեւասթոփոլի անօրինական բռնակցումը չճանչնալու միջոցներու ծիրին մէջ,  Եւրոպական խորհուրդը Քերչի կամուրջի կառուցումը կը գնահատէ իբրեւ Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը, գերիշխանութիւնը եւ անկախութիւնը խախտող գործողութիւն»,...

Միացեալ Նահանգներ Կարգավիճակ Տրամադրած Են Հնդկաստանին Ռազմավարական Արտադրանքի Դիւրացուած Ձեռքբերման Համար

Միացեալ Նահանգներ Կարգավիճակ Տրամադրած Են Հնդկաստանին Ռազմավարական Արտադրանքի Դիւրացուած Ձեռքբերման Համար

Հնդկաստան ներառուած է առաջնային դասակարգին մէջ ռազմավարական ապրանքներու առեւտուրի գծով Միացեալ Նահանգներու գործընկեր երկիրներուն շարքին, որոնց կը տրամադրուի «ՍԹԱ-1» (Ռազմավարական առեւտուրի արտօնութիւն-1) կարգավիճակը, ինչ որ Նիւ Տելհիի համար ամերիկեան բարձր ճարտարագիտական արտադրութեան, ներառեալ ռազմական նշանակութեան, դիւրացուած ձեռքբերման կարելիութիւն կ՛ընձեռէ 31 յուլիսին այս մասին հաղորդած է «Էն.Տի.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը` վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի նախարար Ուիլպըր Ռոսը: «Մենք Հնդկաստանին տրամադրեցինք ՍԹԱ-1 կարգավիճակ»,...

Թրամփ Կը Յանձնարարէ Պատժամիջոցներ Հաստատել Թուրքիոյ Արդարադատութեան Եւ Ներքին Գործոց Նախարարներուն Դէմ

Թրամփ Կը Յանձնարարէ Պատժամիջոցներ Հաստատել Թուրքիոյ Արդարադատութեան Եւ Ներքին Գործոց Նախարարներուն Դէմ

«Ուաշինկթընի Սպառնական Ոճը Ոչ Ոքի Օգուտ Պիտի Բերէ» Կ՛ըսէ Էրտողան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտնեց, որ Թուրքիան «կարեւորութիւն պիտի չտայ (Միացեալ Նահանգներու) սպառնական ոճին»: «Մեզի սպառնական խօսքերով դիմելը ոչ ոքի օգուտ պիտի բերէ: ՕԹԱՆ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու նկատմամբ լաւագոյն միասնականութիւնը ցուցաբերեցինք: Անոնց հետ էինք Քորէայի (պատերազմին) մէջ: Թուրքիոյ համար անյարմար է, որ սպառնական այսպիսի ոճ օգտագործուի, երբ ՕԹԱՆ-ի...

Առայժմ Իտլիպի Դէմ Լայնածաւալ Յարձակումի Ծրագիր Չկայ

Առայժմ Իտլիպի Դէմ Լայնածաւալ Յարձակումի Ծրագիր Չկայ

«Իրան Ռուսական Հովանաւորութեամբ 85 Քմ Նահանջեց Հարաւային Սուրիոյ Մէջ` Չնեղացնելու Համար Իսրայէլի Ղեկավարները»  Ըսաւ Լաւրենթիեւ Ռուսիոյ նախագահի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Ալեքսանտր Լաւրենթիեւ յայտարարեց. «Իրանեան ուժերը Ռուսիոյ հովանաւորութեամբ 85 քիլոմեթր նահանջեցին հարաւային Սուրիոյ մէջ իրենց դիրքերէն` չնեղացնելու համար Իսրայէլի ղեկավարները»: Ան այս յայտարարութիւնը կատարեց Սոչիի մէջ Սուրիոյ շուրջ բանակցութիւններու աւարտին ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին: «Այս...

Թրամփ. «Ունիմ Այն Զգացումը, Թէ Իրանցի Ղեկավարները Մօտ Օրէն Պիտի Խօսին Ամերիկայի Հետ»

Թրամփ. «Ունիմ Այն Զգացումը, Թէ Իրանցի Ղեկավարները Մօտ Օրէն Պիտի Խօսին Ամերիկայի Հետ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ֆլորիտայի մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց, թէ ունի այն զգացումը, թէ իրանցի ղեկավարները «մօտ օրէն պիտի խօսին Միացեալ Նահանգներու հետ»: Ան յոյս յայտնեց, որ Իրանի հետ հարցերը լաւ ընթացք մը կ՛ունենան` նշելով. «Անոնք ներկայիս բազմաթիւ խնդիրներ ունին, եւ ունիմ այն զգացումը, որ մօտ օրէն մեզի հետ պիտի խօսին... կամ թերեւս ոչ, այդ մէկն ալ...

Page 593 of 884 1 … 592 593 594 … 884

Արխիւներ