Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ Եւ Ուքրանիա Մերժած Են Տոնպասի Մէջ Հանրաքուէի Գաղափարը

August 4, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները չեն քններ Տոնպասի մէջ ինքնահռչակ հանրապետութիւններու կարգավիճակի մասին հանրաքուէի աջակցութեան կարելիութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` վկայակոչելով Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհուրդի ներկայացուցիչ Կարեթ Մարքիսը:

«Մինսքի համաձայնագիրները հոլովոյթ են Տոնպասի մէջ տագնապի լուծման համար, եւ այդ համաձայնագիրները չեն նախատեսեր հանրաքուէի համար տարբերակներ: Բացի ատկէ, Ուքրանիոյ մէկ հատուածին մէջ, որ կառավարութեան վերահսկողութեան տակ չէ, կազմակերպուելիք այսպէս կոչուած հանրաքուէն օրինական պիտի չըլլար», բացատրած է ան:

Տոնպասի մէջ հանրաքուէ կատարելու գաղափարը մերժած են նաեւ Քիեւի մէջ: Գերագոյն ռատայի փոխնախագահ Իրինա Կերաշենքօ Դիմատետրի վրայ գրած է, որ Ուքրանիոյ իշխանութիւններուն վերահսկողութեան տակ չգտնուող տարածքներուն մէջ ոչ մէկ հանրաքուէ պիտի ըլլայ:

Երկրի արտաքին գործոց նախարար Փաւել Քլիմքին յայտարարած է, թէ հանրաքուէն պիտի նշանակէ «Ուքրանիոյ կազմաքանդման փորձ»:

«Պլումպըրկ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած էր, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Հելսինքիի մէջ հանդիպումի մը ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին առաջարկած է հանրաքուէ կատարել Տոնպասի մէջ` ճգնաժամի լուծման համար:

Գործակալութեան աղբիւրները, որոնք ներկայ եղած են Ռուսիոյ դեսպաններու հետ Փութինի խորհրդակցութեան, յայտնած են, որ խօսքը միջազգային կազմակերպութիւններու հովանիին տակ հանրաքուէի մասին է, որուն ժամանակ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի բնակիչները պիտի որոշեն տարածքներու կարգավիճակը:

 

Նախորդը

ՏԱՀԵՇ Ստանձնած Է Տաճիկիստանի Մէջ Զբօսաշրջիկներու Խումբի Դէմ Յարձակման Պատասխանատուութիւնը

Յաջորդը

Հարաւային Օսեթիոյ Նախագահը Շքանշանով Պարգեւատրած Է Սուրիոյ Նախագահը

RelatedPosts

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու  Վերահսկողութեան Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսը Ամբողջովին Դեմոկրատականներու Վերահսկողութեան Տակ

November 5, 2026
Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն  Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն  Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Միացեալ Նահանգներուն Իրանի Օրինական Իրաւունքներուն Եւ Պահանջներուն Արձագանգը Համոզիչ Չէր»

November 5, 2026
Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ  Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք  Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»
Միջազգային

Այզենքոթ. «Նեթանիահուն Գործող Վարչապետ Դարձաւ, Եւ Աշխատանք Կը Տանինք Նոր Ընտրութիւններէ Խուսափելու»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.