Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Միացեալ Գործողութեան Աւարտը Յայտարարեց

Օգոստոս 3, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց հարաւային Սուրիոյ ազատագրման ռուս-սուրիական միացեալ զինուորական գործողութեան աւարտը:

Ռուսիոյ բանակի սպայակոյտը իր կարգին նշեց, որ սուրիական բանակը ռուսական օդուժին օժանդակութեամբ ազատագրած է Սուէյտա, Տարաա եւ Քնէյթրա նահանգները` ընդգծելով, որ գործողութիւնները միայն ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի դէմ էին, իսկ չափաւորական ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող Սուրիոյ հարաւ-արեւմուտքը գտնուող շրջաններուն մէջ հաշտութիւն տեղի կ՛ունենայ: Չափաւորական ընդդիմադիր խմբաւորումներու մեծամասնութիւնը միացած են հարաւային Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի դէմ պայքարին:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ Թանաֆ շրջանին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի անդամներու հետզհետէ աւելի չէզոքացնելու գործողութիւն գոյութիւն ունի` աւելցնելով. «Ամերիկեան ուժերը պէտք է հեռանան Թանաֆ շրջանէն եւ կազմաքանդեն այդտեղ գտնուող ռազմակայանը»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ պէտք է ձերբազատիլ Իտլիպի մէջ գտնուող ահաբեկիչներէն:

Ռուսիոյ բանակի սպայակոյտը մտահոգութիւն յայտնեց Իտլիպի լարուածութեան մեղմացման գօտիին մէջ կացութեան վատթարացման նկատմամբ` նշելով, որ Իտլիպէն Հալէպի եւ Համայի մէջ սուրիական ուժերու դիրքերուն եւ քաղաքայիններու տուներուն դէմ ռմբակոծումի պարագաները աւելցած են, եւ վերջին 10 օրերուն ընթացքին 84 այդպիսի պարագայ արձանագրուած է:

Լաւրով յայտնեց, որ Ուաշինկթըն վերապահ է սուրիացի գաղթականներու տունդարձի հարցին շուրջ գործակցութեան գաղափարին նկատմամբ, սակայն Մոսկուա գաղթականներու տունդարձի հարցին շուրջ կը բանակցի Թուրքիոյ եւ Յորդանանի հետ:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպըրման յայտնեց. «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի` իշխանութեան ամբողջապէս վերատիրանալէն ետք, սուրիական ճակատը հանդարտ պիտի ըլլայ»:

«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ ռուսական զինուորական ոստիկանութիւնը պիտի տեղակայուի Կոլանի մէջ:

 

Նախորդը

Թուրքիա Կը Խոստանայ Շուտով Հակադարձել Ամերիկեան Պատժամիջոցներուն

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
Ըստ «Փոլիթիքօ»-ի.  Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ուզէ Պատժել Օրպանը` Պոյքոթի Ենթարկելով Հունգարիոյ Արտաքին Քաղաքական Վեհաժողովը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ռիա Նովոսթի»-ի. Օրպան 7 Նոյեմբերին Հանդիպում Պիտի Ունենայ Թրամփի Հետ` Ռուս-Ամերիկեան Վեհաժողովի Պատրաստութեան Համար

Հոկտեմբեր 31, 2025
Քրեմլին. «ՀԱՊԿ»-ի Անդամակցութեան  Շարունակութիւնը Հայաստանի Շահերէն Կը Բխի»
Միջազգային

Քրեմլին. «Միացեալ Նահանգներու Հետ Երկխօսութիւնը Անելի Չէ Մատնուած»

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?