ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումը ստանձնած է Տաճիկիստանի մէջ օտարերկրացի զբօսաշրջիկներու դէմ գործուած յարձակման պատասխանատուութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Տը Հիլ»-ը` յղում կատարելով ՍԱՅԹ կազմակերպութեան, որ կը զբաղի համացանցի մէջ ծայրայեղականներու գործունէութեան հետեւելով:
Տաճիկիստանի ներքին գործոց նախարարութեան տուեալներով` Խաթլոնի շրջանին մէջ ինքնաշարժը, որուն մէջ եղած է չորս մարդ, վրայերթի ենթարկած է զբօսաշրջիկներու եօթը հոգինոց խումբը, որ կը տեղաշարժէր հեծանիւներով:
Զբօսաշրջիկներէն երեքը տեղւոյն վրայ մահացած են, եւս մէկը մահացած է հիւանդանոցին մէջ: Զոհերու շարքին եղած են Միացեալ Նահանգներու, Զուիցերիոյ եւ Հոլանտայի քաղաքացիներ:
Տաճիկիստանի իրաւապահ մարմիններուն փոխանցումով, չի բացառուիր, որ կատարուածը ահաբեկչութիւն է:
Կը հաղորդուի, որ վրայերթին մասնակցած բոլոր անձերը վնասազերծուած են: