Միջազգային

«Միացեալ Նահանգներ Հոգեբանական Ճնշում Կը Գործադրեն Իրանեան Շուկաներուն Վրայ»   Կ՛ըսէ Զարիֆ

«Միացեալ Նահանգներ Հոգեբանական Ճնշում Կը Գործադրեն Իրանեան Շուկաներուն Վրայ» Կ՛ըսէ Զարիֆ

Միացեալ Նահանգներ հոգեբանական ճնշում կը գործադրեն Թեհրանի վրայ` նպատակ ունենալով ապակայունացնել իրանեան շուկաները: Այդ մասին երէկ յայտարարեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ: Այս մասին կը հաղորդէ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը: «Պէտք է զգօնութիւն ցուցաբերենք, որովհետեւ Ուաշինկթըն հոգեբանական ճնշում կը գործադրէ, որպէսզի ազդէ իրանեան շուկաներուն վրայ», ըսած է Զարիֆ: Ան նաեւ վստահութիւն յայտնած է, որ «Իրան պիտի յաջողի յաղթահարել...

Ձերբակալուած Է Իրանի Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչի Օգնականը

Ձերբակալուած Է Իրանի Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչի Օգնականը

Իրանեան արդարադատական իշխանութիւններու բանբեր Ղուլամ Հուսէյն Մուհսինի Աժայի յայտարարեց, թէ ձերբակալուած է Իրանի կեդրոնական դրամատան կառավարիչի օտար դրամանիշերու հարցերով օգնական Ահմատ Արաքժին: Աժայի յայտնեց, որ երկրին ելեւմտական ու դրամատնային կանոնները խախտողներու թղթածրարի հետապնդման ծիրին մէջ դատարանին փոխանցուած են թղթածրարները երեք անձերու: Անոնց թղթածրարները ամբողջացած են եւ ամբաստանագիրները` հրապարակուած, եւ անոնց դատը տեղի պիտի ունենայ  մօտ օրէն: Ան նաեւ նշեց, որ...

Պոլոնիայի Օդակայանին Մօտ Մեծ Պայթում

Պոլոնիայի Օդակայանին Մօտ Մեծ Պայթում

Պոլոնիայի օդակայանին մօտ բոցեր եւ ծուխեր երէկ սարսափի մատնեցին իտալացիները: Ըստ իտալական ոստիկանութեան, խուճապին պատճառը օդակայանին մօտ գտնուող մայրուղիի մը վրայ ինքնաշարժի արկած մըն էր: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք» լրատու գործակալութիւնը: Վառելանիւթ փոխադրող մեծ բեռնատար մը կրակ առաւ` հրկիզելով այլ ինքնաշարժներ, եւ մեծ պայթում յառաջացուց` նկատառելի վնաս պատճառելով մայրուղիին: Ըստ իտալական «Ռայնիուզ24»-ին,  արձանագրուած է զոհ մը եւ 55 վիրաւորներ:...

Ինտոնեզիոյ Մէջ Երկրաշարժի Պատճառով Զոհերուն Թիւը Հասած Է 98-ի

Ինտոնեզիոյ Մէջ Երկրաշարժի Պատճառով Զոհերուն Թիւը Հասած Է 98-ի

Ինտոնեզիոյ Պալի եւ Լոմպոք զբօսաշրջական կղզիներուն մէջ տեղի ունեցած 7 աստիճան ուժգնութեամբ երկարաշարժին պատճառով արձանագրուած զոհերուն թիւը հասած է 98-ի, իսկ վիրաւորներունը` աւելի քան 236-ի: Այս մասին կը հաղորդէ բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը: Աղէտներու հետեւանքներու ջնջման ազգային ծառայութեան մամլոյ բանբերը մանրամասնած է, որ զոհերու շարքին օտարերկրացիներ չկան: Զոհերուն մեծ մասը արձանագրուած է Լոմպոք կղզիին մէջ: Երկու մարդ զոհուած է Պալիի...

Հիրոշիմայի Մէջ Յարգած Են Հիւլէական Ռմբակոծութեան Զոհերու Յիշատակը

Հիրոշիմայի Մէջ Յարգած Են Հիւլէական Ռմբակոծութեան Զոհերու Յիշատակը

Ճափոնի մէջ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են Հիրոշիմայի հիւլէական ռմբակոծութեան զոհերու յիշատակը: Յիշատակի արարողութիւնը տեղի ունեցած է Հիրոշիմայի կեդրոնը` Խաղաղութեան զբօսայգիին մէջ: Լռութեան վայրկեանը, ըստ աւանդութեան, ամբողջ երկրին մէջ յայտարարուած է տեղական ժամանակացոյցով ժամ 8:15-ին` այն պահուն, երբ 6 օգոստոս 1945-ին Հիրոշիմայի մէջ պայթեցաւ հիւլէական ռումբը: «Մենք պէտք է հասնինք հիւլէական զէնքէ զերծ աշխարհի: Հիւլէական սպառազինութենէն հրաժարումը պէտք է դառնայ...

«Իրան Պէտք Է Բնական Երկրի Պէս Վարուի»    Կ՛ըսէ Փոմփէօ

«Իրան Պէտք Է Բնական Երկրի Պէս Վարուի» Կ՛ըսէ Փոմփէօ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն պահպանել Իրանի դէմ պատժամիջոցները,  մինչեւ որ Թեհրանը կտրուկ կերպով փոխէ իր քաղաքական գիծը: Այս մասին կը հաղորդէ «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը: Փոմփէոյի համաձայն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ պատրաստ է երկխօսութիւն կատարելու, սակայն Իրանի կողմէ անհրաժեշտ են «հսկայական փոփոխութիւններ»: Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը ընդգծած է, որ Իրան պէտք...

Վենեզուելայի Նախագահին Դէմ Մահափորձ

Վենեզուելայի Նախագահին Դէմ Մահափորձ

Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ Միացեալ Նահանգներն ու Քոլոմպիան ամբաստանեց Վենեզուելայի մէջ բռնարարքներ հրահրել ջանալու յանցանքով: Իր դէմ կատարուած ձախող մահափորձէն ետք Մատուրօ Քոլոմպիան ամբաստանեց անօդաչու թռչող եւ պայթուցիկ սարքերով զինուորական շքերթի մը ընթացքին իր դէմ կատարուած մահափորձին ետին կանգնելու յանցանքով: Յարձակումը տեղի ունեցաւ, մինչ ան խօսք կ՛արտասանէր, եւ իսկոյն պատկերասփիւռային ուղղակի սփռումը դադրեցաւ, Մատուրօ եւ պատուոյ բեմին վրայ գտնուող ուրիշներ...

«Միացեալ Նահանգներու Քաղաքականութիւնը Անկարելի Կը Դարձնէ Թեհրանի Եւ Ուաշինկթընի Բանակցութիւնները»   Կ՛ըսէ Քասեմի

«Թեհրան Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Իրանեան Շահերու Հետապնդման Գրասենեակ Կը Բանայ» Կ՛ըսէ Քասեմի

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Քասեմի յայտարարեց. «Անցնող երկու շաբթուան ընթացքին Թեհրանի եւ Ռիատի միջեւ բեկում մը յառաջացաւ` Սէուտական Արաբիոյ մէջ իրանեան շահերու հետապնդման գրասենեակ մը բանալու առումով»: «10 անձերէ բաղկացած իրանեան հիւպատոսական պատուիրակութիւն մը ուղարկուեցաւ սրբազան հողեր` հիւպատոսական քայլերը գործադրելու համար», ըսաւ ան: «Մենք կը փափաքէինք, որ պատուիրակութիւնը իր աշխատանքը տանի Ռիատի մէջ գտնուող մեր դեսպանատան շէնքին մէջ,...

Ըստ «Մաարիւ»-ի, Յառաջիկայ Ամիս Նախատեսուած Է Թրամփ-Ռուհանի Հանդիպում

Ըստ «Մաարիւ»-ի, Յառաջիկայ Ամիս Նախատեսուած Է Թրամփ-Ռուհանի Հանդիպում

«Միացեալ Նահանգներ-Իրան Բարձր Մակարդակի Բանակցութիւններու Կայացումը Կախեալ Է Թեհրանէն» Կ՛ըսէ Թրամփ Միացեալ Նահանգներ-Իրան բարձր մակարդակի բանակցութիւններու կայացման կարելիութիւնը կախեալ է Թեհրանէն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ գրած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ: Թրամփ մասնաւորաբար գրած է.«Իրանի եւ անոր տնտեսութեան վիճակը հետզհետէ արագ կշռոյթով կը վատթարանայ: Պիտի հանդիպիմ, թէ ոչ, կարեւոր չէ: Ամէն բան...

Էրտողան Կ՛Որոշէ Սառեցնել Միացեալ Նահանգներու Ներքին Գործոց Եւ Արդարադատութեան Նախարարներուն Հաշիւները

Էրտողան Կ՛Որոշէ Սառեցնել Միացեալ Նահանգներու Ներքին Գործոց Եւ Արդարադատութեան Նախարարներուն Հաշիւները

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շաբաթ օր հրապարակեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց եւ արդարադատութեան նախարարներուն հաշիւները սառեցնելու որոշում մը` հակադարձելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց եւ արդարադատութեան նախարարներուն դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցներուն: Էրտողան Անգարայի մէջ համակիրներուն առջեւ արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Պիտի չըլլանք այն երկիրներուն պէս, որոնք կը հետեւին Ամերիկային, որովհետեւ ինքնիր որոշումները տուող անկախ եւ ազատ պետութիւն մըն ենք... Թուրքիան երբեք...

Իրանի Մէջ Ցոյցերը Կը Շարունակուին

Իրանի Մէջ Ցոյցերը Կը Շարունակուին

Իրանի տարբեր քաղաքներուն մէջ ցոյցերը 5-րդ օրն ըլլալով կը շարունակուին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Ընկերային ցանցերու վրայ տեղադրուած տեսանիւթերու համաձայն, երկրի տարբեր քաղաքներուն մէջ, ներառեալ մայրաքաղաք Թեհրանի, Սպահանի, Քարաջի, Շիրազի Քոմի եւ այլ մեծ քաղաքներու մէջ հարիւրաւոր մարդիկ բողոքած են բարձր գնաճի դէմ, որուն պատճառներէն մէկը 7 օգոստոսին սպասուող ամերիկեան պատժամիջոցներու վերականգնման շուրջ մտավախութիւններու պատճառով իրանեան ռիալի...

Զուիցերիական Ալպեան Լեռներուն Վրայ Օդանաւի Ջախջախումը Պատճառեց 20 Զոհ

Զուիցերիական Ալպեան Լեռներուն Վրայ Օդանաւի Ջախջախումը Պատճառեց 20 Զոհ

Զուիցերիական Ալպեան լեռներուն վրայ ջախջախուած է օդանաւ մը, այդ պատճառով ալ զոհուած են բոլոր ճամբորդներն ու անձնակազմի անդամները: Զոհերուն թիւը 20 է: «Տը Կարտիըն», յղում կատարելով զուիցերիական ոստիկանութեան, կը հաղորդէ, որ Համաշխարհային Բ. պատերազմի ժամանակաշրջանէն մնացած օդանաւը Զուիցերիոյ հարաւէն թռիչք կը կատարէր դէպի Ցիւրիխ: Օդանաւին մէջ եղած են 17 ճամբորդ, 2 օդաչու եւ հիւրընկալուհի մը: Օդանաւին բեկորները յայտնաբերուած են ծովու...

Իրանի Մէջ Յայտնած Են Սուրիայէն Դուրս Գալու Պայմանները

Իրանի Մէջ Յայտնած Են Սուրիայէն Դուրս Գալու Պայմանները

Իրան պիտի նուազեցնէ Սուրիոյ մէջ իր ներկայութիւնը կամ ընդհանրապէս պիտի հեռանայ այնտեղէն, եթէ իրավիճակը կարգաւորուի, իսկ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը աւարտի: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Քասեմի: «Այնքան, ինչքան Սուրիոյ իշխանութիւնը ատիկա ուզէ, մենք պիտի ըլլանք այդ երկրին մէջ: Մեր կարեւոր խնդիրը, բացի Սուրիոյ իշխանութեան դիմումէն, եղած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարը:...

Ռուսիա Պատասխան Մաքսատուրքեր Կը Սահմանէ Ամերիկեան Ապրանքներու Ներածման Համար

Ռուսիա Պատասխան Մաքսատուրքեր Կը Սահմանէ Ամերիկեան Ապրանքներու Ներածման Համար

Ռուսիոյ իշխանութիւնները 5 օգոստոսէն սկսեալ նոր մաքսատուրքեր կը սահմանեն Միացեալ Նահանգներէն ներածուող շարք մը ապրանքներու համար, ինչ որ կը կատարուի նախապէս Ուաշինկթընի կողմէ ալիւմինիոմի եւ պողպատի ներածման համար մեծ մաքսատուրքերու սահմանման ի պատասխան: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Մոսկուա 25-40 առ հարիւրի մաքսատուրքեր կը սահմանէ ճանապարհաշինական մեքենաներու, ինքնաշարժներու, նաւթակազային սարքաւորումներու, մետաղներու մշակման գործիքներու, օփթիքական մանրաթելերու ներածման համար: Աղբիւրը կը նկատէ,...

Ուաշինկթըն Վերականգնած Է Իրանի Դէմ Պատժամիջոցներու Մէկ Մասը

Ուաշինկթըն Վերականգնած Է Իրանի Դէմ Պատժամիջոցներու Մէկ Մասը

Միացեալ Նահանգներ վերականգնած են Իրանի դէմ պատժամիջոցներու մէկ մասը, կը յայտնէ «Կազեթա» կայքը` մանրամասնելով, որ խօսքը կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմի օրերուն սահմանուած, ապա ջնջուած պատժամիջոցներուն: Պատժամիջոցները կը վերաբերին Իրանի կառավարութեան բարձրաստիճան անդամներուն, ինչպէս նաեւ իսլամական հանրապետութենէն շարք մը ապրանքներու արտածման ու ներածման: Ամերիկեան պատժամիջոցները կ՛արգիլեն ալիւմինիոմի, պողպատի, ածուխի, ծրագրային ապահովման ներածումը Իրան: Անոնք նաեւ կը...

Հիւսիսային Քորէան Յայտարարած Է Քորէական Թերակղզիին Մէջ Խաղաղութեան Պահպանման Պատրաստակամութեան Մասին

Հիւսիսային Քորէան Յայտարարած Է Քորէական Թերակղզիին Մէջ Խաղաղութեան Պահպանման Պատրաստակամութեան Մասին

Հիւսիսային Քորէայի արտաքին գործոց նախարար Լի Եոն Հոն յայտարարած է, թէ իրենք պատրաստ են պահպանելու Չինաստանի հետ կապն ու ապահովելու կայունութիւնը Քորէական թերակղզիին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Լայֆ» կայքը: Անոր համաձայն, հիւսիսային քորէական կողմը պատրաստ է հետագային ալ պահպանելու ռազմավարական կապը չինական կողմին հետ եւ միասին պաշտպանելու կայունութիւնն ու զարգացումը Քորէական թերակղզիին եւ առհասարակ շրջանին մէջ: Հիւսիսային Քորէայի...

«Մոնթենեկրոն Կրնայ Համաշխարհային Գ. Պատերազմի Պատճառ Դառնալ»  Կ՛ըսէ Թրամփ

«Մոնթենեկրոն Կրնայ Համաշխարհային Գ. Պատերազմի Պատճառ Դառնալ» Կ՛ըսէ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Ֆոքս Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած էր, որ Մոնթենեկրոյի փոքրիկ հանրապետութիւնը կրնայ Համաշխարհային Գ. պատերազմ սկսելու պատճառ դառնալ: Ան ընդգծած է, որ Մոնթենեկրոյի ժողովուրդը շատ յարձակողական է: «Մոնթենեկրոն շատ փոքր երկիր է` շատ ուժեղ ժողովուրդով: Անոնք չափազանց յարձակողական են: Կրնայ պատահիլ, որ անոնք բարկանան, ու շնորհաւորանքներս` Համաշխարհային Գ. պատերազմը կը սկսի», նշած է Թրամփ:...

Դանիոյ Մէջ Կին Մը Առաջին Անգամ Ըլլալով Տուգանքի Ենթարկուած Է Նիքապ Կրելուն Համար

Դանիոյ Մէջ Կին Մը Առաջին Անգամ Ըլլալով Տուգանքի Ենթարկուած Է Նիքապ Կրելուն Համար

Հիորսհոլմ քաղաքի 28 տարեկան կին բնակիչը առաջինն է, որ Դանիոյ մէջ տուգանքի ենթարկուած է հանրային վայրի մէջ դէմքը ծածկող իսլամական հագուստ կրելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Տէօչէ Վելլէ»ևն: Դանիական «Ռիցաու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ոստիկանութիւնը կինը նկատած է առեւտուրի կեդրոններէն մէկուն մէջ, իսկ 1000 քրոնի (134 եւրօ) չափով տուգանքի մասին ծանուցումը ան պիտի ստանայ ելեկտրոնային փոստով: Կը հաղորդուի,...

Ըստ «Ախպար»-ի.  Կազան Միջազգային Հոգատարութեան Տակ Դնելու Առումով Միջազգային Ու Արաբական Ծոցի Երկիրներու Մօտ Փափաք Մը Գոյութիւն Ունի

Ըստ «Ախպար»-ի. Կազան Միջազգային Հոգատարութեան Տակ Դնելու Առումով Միջազգային Ու Արաբական Ծոցի Երկիրներու Մօտ Փափաք Մը Գոյութիւն Ունի

Լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթը իր աղբիւրներէն տեղեկացած է, որ ՄԱԿ-ի «Խաղաղութեան հոլովոյթ»-ի յատուկ համակարգող Նիքոլայ Մալտինովի Կազայի համար հաւաքել փորձած գումարը շուրջ մէկ միլիառ տոլար է եւ պիտի յատկացուի զարգացման եւ տնտեսական ծրագիրներու, ներառեալ եգիպտական հողերու վրայ Կազայի համար առեւտրական շրջանի եւ ելեկտրակայանի հաստատման: Ինչ կը վերաբերի նոր պատկերացումին, աղբիւրները նշած են, որ ատիկա պիտի ըլլայ հետեւեալ կարգով. նախ եւ առաջ...

Փոմփէօ. «Թուրք Նախարարներուն Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները Պրանսընի Հարցին Մէջ Մեր Շատ Լուրջ Ըլլալը Ցոյց Կու Տան»

Փոմփէօ. «Թուրք Նախարարներուն Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները Պրանսընի Հարցին Մէջ Մեր Շատ Լուրջ Ըլլալը Ցոյց Կու Տան»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ երէկ Սինկափուրի մէջ ԱՍԵԱՆ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու վեհաժողովի ծիրին մէջ իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ ունեցաւ հանդիպում մը: Առաւօտեան ժամը 7:30-էն 8:10 երկարած հանդիպումի աւարտին Փոմփէօ յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ ներքին գործոց եւ արդարադատութեան նախարարներուն դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցները ցոյց կու տան, թէ Միացեալ Նահանգներ «շատ լուրջ են» պատուելի Էնտրիւ Պրանսընի...

Page 592 of 884 1 … 591 592 593 … 884

Արխիւներ