Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առայժմ Իտլիպի Դէմ Լայնածաւալ Յարձակումի Ծրագիր Չկայ

August 2, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
«Իրան Ռուսական Հովանաւորութեամբ 85 Քմ Նահանջեց Հարաւային Սուրիոյ Մէջ` Չնեղացնելու Համար Իսրայէլի Ղեկավարները»
 Ըսաւ Լաւրենթիեւ

Ռուսիոյ նախագահի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Ալեքսանտր Լաւրենթիեւ յայտարարեց. «Իրանեան ուժերը Ռուսիոյ հովանաւորութեամբ 85 քիլոմեթր նահանջեցին հարաւային Սուրիոյ մէջ իրենց դիրքերէն` չնեղացնելու համար Իսրայէլի ղեկավարները»: Ան այս յայտարարութիւնը կատարեց Սոչիի մէջ Սուրիոյ շուրջ բանակցութիւններու աւարտին ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին:

«Այս համաձայնութիւնը տակաւին գործադրութեան ընթացքի մէջ է, եւ իրողապէս իրանեան ուժերը այդ շրջանէն հեռացուեցան` չնեղացնելու համար իսրայէլեան ղեկավարութիւնը, որ սկսաւ հետզհետէ աւելի դիմել ուժի կիրարկման` օդային հարուածներ հասցնելով իրանեան անջատ այն դիրքերուն դէմ, որոնք գոյութիւն ունէին այդ հողերուն վրայ»:

«Մեր օժանդակութեամբ իրանեան ուժերը այդ շրջանէն հեռացուեցան 85 քիլոմեթրով, եւ այդ համաձայնութիւնը տակաւին ի զօրու է», նշեց ան:

«Կը նախատեսուի, որ Սուրիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ ապազինեալ շրջանին մէջ ատկէ ետք ընթացք տրուի ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերու` ՈՒՏՈՖ-ի ամբողջական աշխատանքին», ըսաւ Լաւրենթիեւ` նշելով. «Ռուսական կողմը այս ծրագիրը համակարգեց իսրայէլեան կողմին հետ»:

Ռուսիոյ նախագահի յատուկ պատուիրակը յայտնեց, որ ներկայիս Իտլիպի դէմ մեծ յարձակումի հարց գոյութիւն չունի, «տակաւին կը յուսանք, որ չափաւորական ընդդիմութիւնը եւ մեր թուրք գործընկերները, որոնք այդ շրջանը կայունացնելու պատասխանատուութիւնը ստանձնեցին, պիտի յաջողին ատիկա կատարել»:

«Այս գօտիէն եկող վտանգը տակաւին նկատառելի է», ըսաւ ան:

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ անցեալ շաբաթ յայտարարած էր, որ Իտլիպի վերատիրացումը սուրիական բանակի առաջնահերթութիւններէն է:

Նախորդը

Թրամփ. «Ունիմ Այն Զգացումը, Թէ Իրանցի Ղեկավարները Մօտ Օրէն Պիտի Խօսին Ամերիկայի Հետ»

Յաջորդը

Թրամփ Կը Յանձնարարէ Պատժամիջոցներ Հաստատել Թուրքիոյ Արդարադատութեան Եւ Ներքին Գործոց Նախարարներուն Դէմ

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.