Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ. «Ունիմ Այն Զգացումը, Թէ Իրանցի Ղեկավարները Մօտ Օրէն Պիտի Խօսին Ամերիկայի Հետ»

August 2, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ֆլորիտայի մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց, թէ ունի այն զգացումը, թէ իրանցի ղեկավարները «մօտ օրէն պիտի խօսին Միացեալ Նահանգներու հետ»:

Ան յոյս յայտնեց, որ Իրանի հետ հարցերը լաւ ընթացք մը կ՛ունենան` նշելով. «Անոնք ներկայիս բազմաթիւ խնդիրներ ունին, եւ ունիմ այն զգացումը, որ մօտ օրէն մեզի հետ պիտի խօսին… կամ թերեւս ոչ, այդ մէկն ալ բնական պիտի ըլլայ»:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ քանի մը օր առաջ յայտարարեց, թէ պատրաստ է «որեւէ տեղ, որեւէ ժամանակ եւ առանց նախապայմաններու» հանդիպում ունենալու իր իրանցի պաշտօնակից Հասան Ռուհանիի հետ:

Թրամփ Իտալիոյ վարչապետ Ճոզեփփէ Քոնթիի հետ Սպիտակ տան մէջ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին աւելցուց. «Ես երկխօսութեան եւ ուրիշներու հետ հաղորդակցութեան կողմնակիցներէն եմ, ինչպէս ատիկա փաստեցի Հիւսիսային Քորէայի եւ Ռուսիոյ հետ»:

Բայց եւ այնպէս, Թրամփ բոլոր երկիրներուն կոչ ուղղեց «Իրանի վրայ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի ամբողջութեամբ դադրեցնէ իր վնասակար գործունէութիւնը»:

Իրանի քաղաքական խորհրդատուն մեկնաբանելով Թրամփի յայտարարութիւնը ըսաւ, թէ երկխօսութեան հաւատացողը պէտք է յարգէ իրանցի ժողովուրդը եւ վերադառնայ հիւլէական թղթածրարին շուրջ գոյացած համաձայնութեան:

«Ան որ երկխօսութեան կը հաւատայ, պէտք է հեռանայ Թեհրանի նկատմամբ թշնամական հռետորաբանութենէն», նշեց ան:

Իրանի ներքին գործոց նախարար Ապտելռիտա Ռահմանի Ֆատելի, անդրադառնալով Թրամփի առաջարկին, ըսաւ. «Միացեալ Նահանգներ վստահելի չեն: Երբ այդ ամբարտաւան երկիրը միակողմանի կերպով կը հեռանայ հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնագիրէն` ինչպէ՞ս կրնանք անոր վստահիլ»:

Նախորդը

Ազրպէյճան Հետաքրքրուած Է Ուքրանական «Ան-178» Օդանաւի Ձեռքբերումով

Յաջորդը

Առայժմ Իտլիպի Դէմ Լայնածաւալ Յարձակումի Ծրագիր Չկայ

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.