Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպիտակ Տունը Հաստատած Է Չինական Ապրանքներու Համար Սահմանուած Մաքսատուրքերը 25 Առ Հարիւրի Հասցնելու Ծրագիրը

Օգոստոս 3, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը մտադիր է 200 միլիառ տոլարի չինական ապրանքներու եւ ծառայութիւններու ներածման համար սահմանուած մաքսատուրքերը հասցնել 25 առ հարիւրի: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այդ մասին կ՛ըսուի Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի ներկայացուցիչ Ռապըրթ Լայթհայզըրի յայտարարութեան մէջ:

Միացեալ Նահանգներու վարչակազմի բարձրաստիճան պետական պաշտօնեաներէն մէկուն համաձայն, «տուեալ միջոցներու քննարկումը արդէն ընթացքի մէջ է»: «Այս հարցին շուրջ լսումները պիտի սկսին աւելի ուշ` այս ամսուան ընթացքին: Այժմ նախագահ Տանըլտ Թրամփ առեւտրական ներկայացուցիչին յանձնարարած է  մաքսատուրքերու մակարդակը` հասցնելով նախատեսուած 10 առ հարիւրէն մինչեւ 25 առ հարիւրի», ըսած է ան:

Պաշտօնատարին համաձայն, առեւտուրի ոլորտի ներկայացուցիչներու հետ այս միջոցներու քննարկումը յետաձգուած է մինչեւ 5 սեպտեմբեր: Ինչպէս կը բացատրէ պաշտօնատարը, իրենց այս որոշումին դրդապատճառը այն է, որ Չինաստանը անազնիւ առեւտուր կը կատարէ: «Մենք անոնց յաճախ ըսած ենք մեր մտահոգութեան մասին: Մենք անոնց կողմէ ընդառաջման քայլեր չենք տեսած, ուստի կը սահմանենք յաւելեալ մաքսատուրքեր անոնց ապրանքներուն համար, ինչ որ կ՛ենթադրենք անոնց պիտի ստիպէ աւելի ազնիւ ըլլալ միջազգային շուկային մէջ», ըսած է ան:

Պաշտօնատարը նաեւ նշած է, որ Ուաշինկթընի փաստարկները հաշուի առնելու եւ կեցուածքը փոխելու փոխարէն, Փեքին յաւելեալ մաքսատուրքեր սահմանած է Միացեալ Նահանգներէն ներածուող ապրանքներուն համար, որուն պատճառով ալ Լայթհայզըրին յանձնարարուած է վերատեսութեան ենթարկել չինական ապրանքներուն համար մաքսատուրքերու սահմանման ծրագիրները, որպէսզի «շուկային մէջ ամերիկեան արտադրանքին համար աւելի յարմարաւէտ կացութիւն ստեղծուի»:

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ 20 յուլիսին յայտարարած էր, որ անհրաժեշտութեան պարագային պատրաստ է մաքսատուրքեր սահմանելու ներածուող չինական բոլոր ապրանքներուն համար:

 

 

Նախորդը

Ըստ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի. Հիւսիսային Քորէա Նոր Հրթիռներ Կ՛արտադրէ

Յաջորդը

Սուրիոյ Մէջ Ընթացք Առած Է Հալէպի Նահանգի Վերակառուցման Պետական Ծրագիրին Գործադրութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու,  Եւ Համասը Միջին Արեւելքի  Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Իրաւունք Ունի Վրէժ Լուծելու, Եւ Համասը Միջին Արեւելքի Համաձայնութեան Մէջ Փոքր Բաժին Մըն Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ  Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում
Միջազգային

Այսօր Հարաւային Քորէայի Մէջ Թրամփ-Ճինփինկ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 30, 2025
Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական  Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց
Միջազգային

Թրամփ Հարաւային Քորէայի Հետ Առեւտրական Համաձայնութեան Գոյացումը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?