Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Կը Խոստանայ Շուտով Հակադարձել Ամերիկեան Պատժամիջոցներուն

Օգոստոս 3, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Բուռն կերպով կը դատապարտենք Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան կողմէ յայտարարուած պատժամիջոցները: Այս թշնամական կեցուածքը որեւէ շահի չի ծառայեր եւ պիտի արժանանայ համաչափ հակադարձութեան, առանց ուշացումի»:

Ըստ «Հիւրրիեթ Տէյլի Նիուզ»-ի, կը նախատեսուի, որ Անգարա պատժամիջոցներ հաստատէ Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր դատախազին եւ ներքին գործոց նախարարին դէմ:

«Մենք Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեան կոչ կ՛ուղղենք ետդարձ կատարելու այդ սխալ որոշումէն», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նախարարութիւնը աւելցուց, որ Ուաշինկթընի քայլերը չեն կրնար բացատրուիլ իրաւունքի եւ արդարութեան հասկացութիւններով, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներ անյարգալից կերպով կը միջամտեն Թուրքիոյ արդարադատական համակարգին, ինչ որ կը հակասէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու Էութեան:

Յիշեցնենք, որ Ուաշինկթըն չորեքշաբթի գիշեր պատժամիջոցներ հաստատեց Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Ապտուլհամիտ Կիւլի եւ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուի դէմ` ամերիկացի պատուելի Էնտրիւ Պրանսընի ձերբակալութեան մէջ անոնց ունեցած զգալի դերին համար:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց, որ ամերիկեան պատժամիջոցները պիտի չմնան անպատասխան:

«Մեր խնդիրները պիտի կարենանք լուծել, եթէ ամերիկեան վարչակազմը անդրադառնայ, որ իր անօրինական պահանջներուն չի կրնար այս ձեւով տիրանալ», ըսաւ ան:

Թրքական չորս կուսակցութիւններ` Արդարութիւն եւ բարգաւաճում, Հանրապետական ժողովուրդի, Ազգայնական շարժում եւ Լաւ կուսակցութիւնները միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով մերժեցին թուրք նախարարներուն դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցները:

Կուսակցութիւնները նշեցին, որ գործադիր մարմինին կամ նախագահութեան իրաւունքն է փոխադարձութեան միջազգային սկզբունքին հիմամբ հակադարձել Միացեալ Նահանգներուն:

Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Ապտիւլհամիթ Կիւլ, անդրադառնալով իր դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցներուն, ըսաւ. «Միացեալ Նահանգներու մէջ ոչ իսկ լումայ մը ունիմ»:

Իր կարգին, Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուատ Օքթայ յայտնեց. «Մենք մեծ պետութիւն ենք` մեր դրօշով, հայրենիքով եւ ժողովուրդով, եւ ատկէ մեկնելով ոչ իսկ պահ մը պիտի տատամսինք մեր նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ղեկավարութեամբ պէտք եղած քայլերը որդեգրելու»` աւելցնելով. «Վերջին զարգացումները անգամ մը եւս ցոյց տուին, որ պետութեան մը մեծ ըլլալը իր տնտեսական չափին, զինուորական ուժին եւ աշխարհագրական տարածութեան մեծութեան մէջ չէ»:

Նախորդը

Սուրիոյ Մէջ Ընթացք Առած Է Հալէպի Նահանգի Վերակառուցման Պետական Ծրագիրին Գործադրութիւնը

Յաջորդը

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Միացեալ Գործողութեան Աւարտը Յայտարարեց

RelatedPosts

Ըստ «Փոլիթիքօ»-ի.  Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ուզէ Պատժել Օրպանը` Պոյքոթի Ենթարկելով Հունգարիոյ Արտաքին Քաղաքական Վեհաժողովը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ռիա Նովոսթի»-ի. Օրպան 7 Նոյեմբերին Հանդիպում Պիտի Ունենայ Թրամփի Հետ` Ռուս-Ամերիկեան Վեհաժողովի Պատրաստութեան Համար

Հոկտեմբեր 31, 2025
Քրեմլին. «ՀԱՊԿ»-ի Անդամակցութեան  Շարունակութիւնը Հայաստանի Շահերէն Կը Բխի»
Միջազգային

Քրեմլին. «Միացեալ Նահանգներու Հետ Երկխօսութիւնը Անելի Չէ Մատնուած»

Հոկտեմբեր 31, 2025
«Քաթար Կրնայ Միացեալ Նահանգներու  Եւ Վենեզուելայի Միջեւ Ճգնաժամի Կարգաւորման  Հարցին Մէջ Միջնորդ Ըլլալ»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Միջազգային

«Քաթար Կրնայ Միացեալ Նահանգներու Եւ Վենեզուելայի Միջեւ Ճգնաժամի Կարգաւորման Հարցին Մէջ Միջնորդ Ըլլալ» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?