«Ուաշինկթընի Սպառնական Ոճը Ոչ Ոքի Օգուտ Պիտի Բերէ» Կ՛ըսէ Էրտողան
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտնեց, որ Թուրքիան «կարեւորութիւն պիտի չտայ (Միացեալ Նահանգներու) սպառնական ոճին»:
«Մեզի սպառնական խօսքերով դիմելը ոչ ոքի օգուտ պիտի բերէ: ՕԹԱՆ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու նկատմամբ լաւագոյն միասնականութիւնը ցուցաբերեցինք: Անոնց հետ էինք Քորէայի (պատերազմին) մէջ: Թուրքիոյ համար անյարմար է, որ սպառնական այսպիսի ոճ օգտագործուի, երբ ՕԹԱՆ-ի մէջ միասնականութեան բարձրագոյն մակարդակը կը ցուցաբերէ: Եւ կը ներէք ինծի, սակայն այդպիսի սպառնական ոճին կարեւորութիւն պիտի չտանք»:
Միւս կողմէ, թրքական «Կազեթէտուվար» կայքը հաղորդեց, թէ Էրտողանի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտարարած է. «Թուրքիան որեւէ սպառնալիքի դիմաց տեղի պիտի չտայ, այդպիսի արտայայտութիւններու ընդունումը անկարելի է»:
«Բոլորը պէտք է յարգեն պատուելի Պրանսընի առնչուած դատական գործի ընթացքը, թրքական արդարադատութեան վրայ ճնշում գործադրելու մասին խօսք չի կրնար ըլլալ», ըսած է Էրտողանի բանբերը:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ 26 յուլիսին սպառնացած էր տնտեսական պատժամիջոցներ հաստատել Թուրքիոյ դէմ` կալանաւորուած ամերիկացի հոգեւորական Էնտրիւ Պրանսընը անմիջապէս ազատ չարձակելու պարագային:
Երէկ աւելի ուշ Սպիտակ տունը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր երկրին ելեւմուտքի նախարարութեան յանձնարարած է պատժամիջոցներ հաստատել Թուրքիոյ արդարադատութեան եւ ներքին գործոց նախարարներուն դէմ` նշելով, որ պատժամիջոցները կը հաստատուին Թուրքիոյ մէջ արգելափակուած ամերիկացի պատուելիին հարցով Ուաշինկթընի եւ Անգարայի միջեւ լարուածութեան լոյսին տակ: