Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չինաստանը Մերժած Է Միացեալ Նահանգներու` Իրանէն Այլեւս Քարիւղ Չներածելու Պահանջը

August 4, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները չեն յաջողած համոզել Չինաստանը այլեւս Իրանէն քարիւղ չգնելու գծով: Այս մասին կը հաղորդէ «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութիւնը:

Միացեալ Նահանգներ մտադիր են տնտեսական մեկուսացման մէջ դնել Իրանը` աշխարհի մնացեալ երկիրներուն ստիպելով հրաժարիլ իրանեան քարիւղէն:

Չինաստան համաձայն չէ եղած հրաժարիլ իրանեան քարիւղէն, սակայն Միացեալ Նահանգներուն խօսք տուած է ատոր ծաւալը նուազեցնելու:

«Պլումպըրկ» կը նշէ, որ ամերիկացի պաշտօնատարներէ բաղկացած պատուիրակութիւններ այս օրերուն այցելած են տարբեր երկիրներու մայրաքաղաքներ, որպէսզի համաձայնութիւն գոյացնեն մինչեւ նոյեմբեր իրանեան քարիւղի ներածման ծաւալները կտրուկ նուազեցնելու հարցին շուրջ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմէն նախապէս յայտնած էին, որ Ուաշինկթըն մտադիր է մինչեւ 4 նոյեմբեր զերօ մակարդակին հասցնել իրանեան քարիւղի վաճառքը: Բայց եւ այնպէս, ոլորտի մասնագէտները կ՛ենթադրեն, որ ատիկա անիրագործելի նպատակ է:

Միացեալ Նահանգներ կը պատրաստուին պատժամիջոցներ հաստատելու այն երկիրներուն դէմ, որոնք պիտի անտեսեն Ուաշինկթընի պահանջը եւ պիտի շարունակեն Իրանի հետ համագործակցութիւնը:

Այս ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներ 180 օրուան պայմանաժամ ճշդած է Թուրքիոյ, որպէսզի թրքական ընկերութիւնները կամաց-կամաց կարենան կտրել Իրանի հետ իրենց կապերը:

Նախորդը

Հարաւային Օսեթիոյ Նախագահը Շքանշանով Պարգեւատրած Է Սուրիոյ Նախագահը

Յաջորդը

Ըստ Սքանտինաւիոյ Մեծագոյն Դրամատան. Թուրքիոյ Տնտեսական Ճգնաժամը Վերահսկողութենէ Դուրս Կու Գայ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.