Զարիֆ. «Իրանի Համբերութիւնը Սկսաւ Հատնիլ»
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ յայտնեց, որ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը բազմիցս հաստատած է, որ Իրան կը յարգէ հիւլէական համաձայնագիրը` զգուշացնելով, որ «Իրանի համբերութիւնը սկսաւ հատնիլ»: Ան ընկերային ցանցի վրայ գրառում մը կատարելով նշեց. «Հակառակ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ գործակիցներուն Իրանի շուրջ տարածած սուտերուն, Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը անգամ մը եւս եւ...




















