«Հրաժարականս Միայն Միջազգային Յարաբերութիւններուն Մէջ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Դիրքը Պաշտպանելու Համար Է» Կ՛ըսէ Զարիֆ
Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ ԱՐԻԱ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնէն «հրաժարականս միայն պաշտպանելու համար է արտաքին գործոց նախարարութեան դիրքը միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ, որոնք, կարծիքովս, այլ կառոյցներու կողքին ճակատագրական են Իրանի ազգային անվտանգութեան համար»: «Ես անձնապէս ոչ ոքէ նեղուած եմ, եւ կարիքը չունիմ, որ մէկը զիս հանգստացնէ, սակայն իբրեւ արտաքին գործոց նախարար պէտք էր հակազդեցութիւն ցուցաբերէի,...



















