Իրանի Նախագահը Կ՛այցելէ Իրաք
Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի երէկ «պատմական» այցելութեամբ մը հասաւ Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատ: Ան 2013-ին նախագահ ընտրուելէ ետք առաջին անգամ ըլլալով կ՛այցելէ Իրաք: Իրանի նախագահին կ՛ընկերակցի բարձրաստիճան տնտեսական ու քաղաքական պատուիրակութիւն մը: Նախքան Իրաք մեկնիլը ան յայտնեց, թէ իր երկիրը մտադիր է ամրապնդել Իրաքի հետ իր եղբայրական յարաբերութիւնները` աւելցնելով, որ Պաղտատ այցելութեան ընթացքին պիտի քննարկուին կարեւոր ծրագիրներ: «Իրան կրնայ Իրաքի շարք...
















