Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց. «Երուսաղէմի պատմական եւ իրաւական կարգավիճակի պահպանումը մեր արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն մէկն է, եւ ատիկա մեզի համար սրբազան դատ մըն է: Մեր առաւելագոյն ջանքը ի գործ պիտի դնենք միջազգային ընտանիքին ուշադրութիւնը Երուսաղէմի մէջ անիրաւութեան վրայ հրաւիրելու համար»:
Թրքական դիւանագիտութեան պետը Եւրոպայի մէջ Պաղեստինի դեսպաններու խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց. «Այնքան ատեն որ Իսրայէլ իր անօրինական գործունէութեան թափ կու տայ` պիտի շարունակենք միջազգային մակարդակի վրայ պաղեստինեան դատին հարցով խաղաղութեան եւ արդարութեան համար յաւելեալ ջանք թափել»:
«Գոյութիւն ունին բազմաթիւ ուժեր, որոնք թիրախ կը դարձնեն պաղեստինեան դատը եւ կը խախտեն միջազգային օրէնքը», ըսաւ Չաւուշօղլու: