Միացեալ Նահանգներ յայտարարեցին, որ Երուսաղէմի մէջ իրենց հիւպատոսարանը, որ կ՛աշխատի Պաղեստինեան իշխանութեան հետ, միաձուլած են քաղաքին մէջ գործող իրենց դեսպանատան հետ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Երուսաղէմի մէջ հիւպատոսարանն ու դեսպանատունը միաձուլելու որոշումը Երուսաղէմի, Այսրյորդանանի կամ Կազայի վերաբերեալ Ուաշինկթընի քաղաքականութեան փոփոխութեան ցուցանիշ չէ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռապըրթ Փալատինօ այդ առնչութեամբ իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց. «Ինչպէս (Միացեալ Նահանգներու) նախագահը յայտնեց, Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն վերջնական կարգավիճակի, ներառեալ սահմանագծումներու կամ սահմաններու վերաբերեալ կեցուածք չորդեգրել: Երուսաղէմի մէջ իսրայէլեան գերիշխանութեան յատուկ սահմանները ենթակայ են կողմերուն միջեւ վերջնական կարգավիճակի բանակցութիւններուն: Վարչակազմը կը շարունակէ ամբողջովին յանձնառու մնալ ջանքերուն` գոյացնելու համար մնայուն եւ համապարփակ խաղաղութիւն մը, որ Իսրայէլին ու պաղեստինցիներուն աւելի պայծառ ապագայ կը պարգեւէ»:
Փալատինօ յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի` Երուսաղէմի մէջ հիւպատոսարանն ու դեսպանատունը միաձուլելու առնչութեամբ հոկտեմբեր 2018-ին տուած որոշումին նպատակը աշխատանքը բարելաւելն է եւ «ամերիկեան դիւանագիտական աշխատանքներու եւ հիւպատոսական ծառայութիւններու ամբողջական շարունակման» երաշխաւորումը: