Փաքիստանի վարչապետ Իմրան Խան Հնդկաստանի հետ յառաջացած լարուածութիւնը նուազեցնելու համար հեռաձայնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Սապահ» օրաթերթի կայքը:
Հնդկաստանի հետ յառաջացած լարուածութեան հարցով փաքիստանեան խորհրդարանին մէջ կայացած նիստի ընթացքին Խան յայտնած է. «Մեր բարեկամներու հետ պիտի խորհրդակցինք եւ պիտի խնդրենք լարուածութեան նուազեցման հարցին մէջ դերակատարութիւն ունենալ: Այդ պատճառով իսկ Թուրքիոյ նախագահին հեռաձայնած եմ»:
«Սփութնիք»-ի թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան, Այնթապէն ընտրուած երեսփոխան Ալի Շահին եւ Պուրհան Քայաթուրք խորհրդարանին մէջ յայտարարած են, որ Թուրքիան պատրաստ է միջնորդի դեր ստանձնել Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի միջեւ:
Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, սակայն, երէկ յայտարարեց, որ Փաքիստանի հետ ճգնաժամին լուծման համար միջնորդներու կարիք չկայ:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու` մեկնաբանելով Քաշմիրի մէջ տեղի ունեցած բախումները, կողմերուն կոչ ուղղած էր` ողջախոհութիւն եւ զսպուածութիւն ցուցաբերելու:
Ծանօթ է, որ Չաւուշօղլուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած էր փաքիստանցի իր գործընկերոջ հետ, որ զինք տեղեակ պահած էր վերջին զարգացումներէն:



