Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարեց, որ իր երկրին բանակը լիովին պատրաստ է Սուրիոյ Մընպեժի շրջանին մէջ եւ Եփրատի արեւելեան ափին վրայ` վստահեցնելով, որ Թուրքիոյ նախագահին հրամանին կը սպասէ:
Աղրի նահանգին մէջ զինուորական շրջան այցելութեան ընթացքին Աքար յայտնեց. «Պիտի չարտօնենք մեր երկրին անվտանգութեան որեւէ ձեւով վտանգումը, եւ ոչ ոք պէտք է ատոր կասկածի»:
Ան յայտնեց, որ իր երկիրը «որեւէ ձեւով պիտի չհրաժարի իր գերիշխանութենէն եւ որեւէ անկախութենէն»:
«Պիտի չարտօնենք Սուրիոյ հիւսիսը` մեր երկրին հարաւը, ահաբեկչական միջանցքի մը յայտնուիլը», շեշտեց ան` աւելցնելով. «Ատիկա երբեք չենք արտօնած եւ երբեք ալ պիտի չարտօնենք»:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը յայտնեց.« Թուրքիան դրացի երկիրներուն, մասնաւորաբար Սուրիոյ եւ Իրաքի հողերուն նկատմամբ ախորժակներ չունի, այլ կը յարգէ անոնց միութիւնը»:
Ան յայտնեց, որ Թուրքիան «միայն ահաբեկիչները թիրախ կը դարձնէ եւ ոչ թէ իր քիւրտ եղբայրները, որոնցմէ ոմանք կը փորձեն գրգռել սադրանքներու եւ դաւադրութիւններու ճամբով»:
«Քիւրտերը մեր եղբայրներն են, եւ մենք հազարաւոր տարիներէ ի վեր անոնց հետ կ՛ապրինք, կը բաժնեկցինք նոյն շրջանն ու հացը», նշեց Աքար: