Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ժամանակն Է, Որ Ֆրանսան Ու Իտալիան Շրջանցեն Իրենց Տարակարծութիւնները» Կ՛ըսէ Մաքրոն

Մարտ 5, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտնած է. «Ժամանակն է, որ Ֆրանսան ու Իտալիան շրջանցեն իրենց տարակարծութիւնները եւ միասնաբար աշխատին նոր Եւրոպայի մը համար»: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ն:

Մաքրոն նաեւ ըսած է, թէ մայիսին պիտի հիւրընկալէ իր իտալացի պաշտօնակիցը` նշելու համար իտալացի աշխարհահռչակ գեղանկարիչ Լէոնարտօ Տավինչիի մահուան 500-ամեակը:

Նշենք, որ վերջինս մահացած է Ֆրանսայի մէջ:

Վերջերս Իտալիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութիւն ստեղծուեցաւ, երբ երկու երկիրներու պաշտօնատարներուն միջեւ շարք մը հարցերու, ներառեալ լիպիական թղթածրարին, գաղթականներու հոսքին եւ Ֆրանսայի մէջ «Դեղին բաճկոններ» շարժումի ցոյցերուն վերաբերեալ սուր բանավէճեր տեղի ունեցան:

Ֆրանսա մինչեւ իսկ խորհրդակցութիւններու համար տուն կանչած էր Իտալիոյ մէջ իր դեսպանը: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը «անթոյլատրելի սադրանք» նկատած էր Իտալիոյ փոխվարչապետ եւ տնտեսական զարգացման, աշխատանքի եւ ընկերային քաղաքականութեան նախարար Լուիճի տի Մայոյի հանդիպումը ֆրանսական «Դեղին բաճկոններ» շարժումի ներկայացուցիչներուն հետ:

Նախարարութիւնը նաեւ տի Մայոյին կոչ ուղղած էր «ուշադիր ըլլալու, որ անոր բազմաթիւ միջամտութիւնները վնաս չհասցնեն» երկկողմանի յարաբերութիւններուն, որովհետեւ «ատիկա կը բխի թէ՛ Ֆրանսայի, թէ՛ Իտալիոյ շահերէն»:

22 յունուարին Իտալիոյ փոխվարչապետ Մաթէօ Սալվինի յայտնած էր. «Ֆրանսան չ՛ուզեր բռնարարքներէ տառապող Լիպիոյ մէջ կացութեան հանդարտեցումը, թերեւս որովհետեւ իր քարիւղային շահերը կը հակադրուին Իտալիոյ շահերուն»:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մէկ օր առաջ Իտալիոյ դեսպանը իր մօտ կանչած էր, երբ Իտալիոյ մէկ այլ փոխվարչապետը` Լուիճի տի Մայոն Ֆրանսան ամբաստանած էր Ափրիկէի մէջ աղքատութիւն տարածելու եւ մեծ թիւով գաղթականներ դէպի Եւրոպա մղելու յանցանքով:

 

 

Նախորդը

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի Այցելեց Ապպաս Իպրահիմի

Յաջորդը

Հնդկաստան Եւ Փաքիստան Քաշմիրի Մէջ Փոխադարձ Գնդակոծում Կատարած Են

RelatedPosts

Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը`  Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»
Միջազգային

Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը` Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»

Հոկտեմբեր 20, 2025
«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»
Միջազգային

«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?